«Նայիրի» Համացանցային Բառարաններու Կայքը Թողարկած է Հայերէն Ուղղագրիչ-Ստեղնաշար Ծրագիրը (App)


«Նայիրի» համացանցային բառարաններու կայքի խմբագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ թողարկած է Nayiriboard (կամ «Նայիրի-Ստեղն») հայերէն ուղղագրիչ-ստեղնաշարը (keyboard), զոր կարելի է օգտագործել iPhone և iPad-ներուն համար։

««Nayiriboard-ի միջոցաւ կրնաք որեւէ ծրագրի (App-ի) մէջ հայերէն գրել և զուգահեռաբար ստուգել ձեր ուղղագրութիւնը։ Օրինակի համար՝ Messages-ով, Messenger-ով կամ WhatsApp-ով նամակ մը գրելու ատեն, Facebook-ով կարգավիճակ մը խմբագրելու ընթացքին, կամ Notes-ի մէջ գրառում մը շարադրելու ժամանակ», կը տեղեկացնէ nayiri.com-ը՝ իր ֆէյսպուքեան էջին միջոցով։

Թողարկուած տարբերակը աւանդական ուղղագրութեամբ կը գործէ՝ հաւասարապէս ընդգրկելով արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի ձեւաբանական կանոնները, ընդգրկելով աւելի քան 150,000 բառոյթ (lexeme) եւ հինգ միլիոն բառաձեւ։

Ներկայիս տարբերակը միտուած է դէպի արեւմտահայերէնին՝ ունենալով արեւմտահայերէնի համապատասխան ստեղնաշար, իսկ յառաջիկային պիտի ունենայ նաեւ արեւելահայերէն «արդի» ուղղագրութեան ընտրանք եւ զանազան ստեղնաշարեր ընտրելու հնարաւորութիւն։

NayiriBoard-ը անվճար է, կը գործէ iOS հեռախօսային համակարգէն ներս եւ կարելի է զայն անվճար ձեռք բերել Apple ընկերութեան App Store-էն՝ հետեւեալ յղումը սեղմելով ― https://apps.apple.com/us/app/nayiriboard/id1515398679

Ծրագիրը հովանաւորած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը։