«Նայիրի» Քոնեաքը Արժանացած Է Միջազգային Բարձրագոյն Մրցանակի


Մոսկուայի մէջ կայացած «Գինիի եւ թունդ ալքոլային խմիչքներու միջազգային մասնագիտացած մրցում»ին, Երեւանի քոնեաքի գործարանի «Արարատ» «Նայիրի» 20 տարուան հնութիւն ունեցող քոնեաքը արժանացած է բարձրագոյն մրցանակի եւ ոսկի մետալի:

Մրցումին, որ կը կայանայ «Խաղողի եւ գինիի միջազգային կազմակերպութեան» (International Organisation of Vine and Wine) հովանաւորութեամբ, կը մասնակցին աւելի քան 299 անուն գինի եւ թունդ ոգելից ըմպելիներ՝ ներկայացուած աշխարհի 16 երկիրներէ, որոնց կարգին՝ Փորթուգալէն, Սպանիայէն, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ուքրանիայէն եւ Ֆրանսայէն։

Մրցանակները պիտի ցուցադրուին «Արարատ» թանգարանին մէջ:

«Արարատ» «Նայիրի» քոնեաքը կ՛արտադրուի Երեւանի քոնեաքի գործարանին կողմէ 1967էն ի վեր: Անիկա արժանացած է քանի մը տասնեակ ոսկի մետալներու: