Նիկոլայ Ազնաւուր Կոչ Ըրաւ Գալու Հայաստան ու Երկիրը Դարձնելու Աւելի Բարգաւաճ


Նիկոլայ Ազնաւուր իր տիկնոջ հետ Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք կը մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, 24 Ապրրիլ 2019։

“Արմենփրես”,- Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցին մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը յարգելու նպատակով Ապրիլ 24ին Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էր նաեւ ֆրանսահայ երջանկայիշատակ երգիչ  Շառլ Ազնաւուրի որդին` Նիկոլայ Ազնաւուրը:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ այստեղ եկած է իր ողջ ընտանիքին անունէն: «Ես կոչ կ՛ընեմ բոլորին գալու եւ  այստեղ ըլլալու ոչ միայն Ցեղասպանութեան օրը: Կոչ կ՛նեմ Հայաստանի մէջ սկիզբ դնելու նոր նախագիծերու, օգնելու` դարձնել երկիրը աւելի բարգաւաճ»,- ըսաւ Նիկոլան:

Հարցումին, թէ ինչ զգաց երբ անմար կրակին մօտեցաւ` ան նշեց.  «Զգացի այն, ինչ զգացած եմ հօրս կողքին ըլլալով: Ես զգացի, որ այսօր ան մեզի հետ է` ճիշդ այնպէս, ինչպէս միւս բոլոր այն մարդիկ, որոնք եկած են յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Կը կարծեմ` անոր ցանկութիւնը պիտի ըլլար, որ այսօր ես իմ ողջ ընտանիքիս անունէն այստեղ ըլլամ»: