Նիկոլ Փաշինեան Կ՛այցելէ Լիբանան


Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցով ժամանած է Լիբանան:

Դիմաւորման արարողութենէն ետք Հայկական պատուիրակութիւնը ուղեւորուած է Լիբանանի նախագահի նստավայր, ուր տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի եւ Լիբանանի նախագահի հանդիպումը:

շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանի նախագահ Միշել Աունին ջերմ ընդունելութեան համար` նշելով, որ ուրախ է այցելելով եղբայրական երկիր` Լիբանան: «Շնորհակալ եմ ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեաան գագաթնաժողովին Ձեր մասնակցութեան եւ շատ բովանդակային ելոյթով հանդէս գալու համար․․․ 1991ին Հայաստանի անկախացումէն ետք մեր երկիրներու յարաբերութիւնները, մեր ժողովուրդներու դարաւոր առնչութիւնները ձեռք բերած են նոր որակ, ինչ որ բնորոշ է երկու բարեկամ պետութիւններուն եւ եղբայր ժողովուրդներուն: Ատիկա պէտք է լաւագոյնս ծառայեցնենք մեր գործընկերութեան ամրապնդման, մեր ընդհանուր նպատակներու իրականացման», ըսած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը:

Միշել Աուն ողջունած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի այցը Լիբանան` ընդգծելով, որ անիկա պիտի նպաստէ երկու երկիրներու աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման ու ամրապնդման:

Զրուցակիցները ընդգծած են, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ առկայ է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն, որ պայմանաւորուած է պատմական բարեկամական կապերով եւ լիբանանահայ կենսունակ համայնքի դերակատարութեամբ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ հայ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը յիշէ Լիբանանի ժողովուրդի սրտաբաց վերաբերմունքը Ցեղասպանութիւն վերապրած մեր հայրենակիցներու նկատմամբ. «Լիբանանը միակ երկիրն է տարածաշրջանին մէջ, որ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ ատիկա կարեւոր է ոչ միայն պատմական յիշողութեան պահպանման, այլեւ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար»: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը առանձնայատուկ վերաբերմունք կը տածեն բարեկամ Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ, որու խօսուն վկայութիւնն այն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան գոյութիւնը Լիբանանի մէջ:

Իր հերթին Լիբանանի նախագահը բարձր գնահատած լիբանանահայ համայնքի դերը երկրի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ մարզական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան սերտացման եւ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման հնարաւորութիւններուն եւ կարեւոր համարած այդ ուղղութեամբ աշխոյժ աշխատանքը: «Պէտք է այնպէս ընենք, որպէսզի երկկողմ տնտեսական կապերը համապատասխանեցնենք մեր երկիրներու միջեւ քաղաքական եւ մարդկային յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին», նշած է Փաշինեան: Ան ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումները կաշառակերութեան դէմ պայքարի, հարկային եւ մաքսային ընթացակարգերու պարզեցման, նպաստաւոր ներդրումային միջավայրի ձեւաւորման ուղղութեամբ: Լիբանանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու երկու երկիրներու կառավարութիւններուն համատեղ ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու իրականացման գործին:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնած Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարին` Լիբանանի հարաւը ՄԱԿ-ի ԻՒՆԻՖԻԼ խաղաղապահ առաքելութեան Հայաստանի մասնակցութեան համար:

Հանդիպման աւարտին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան գրած է Պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ: