Նիկոլ Փաշինեան Առաջադրուեցաւ Վարչապետի Թեկնածու


«Ազատութիւն»․- 41 պատգամաւորի ստորագրութեամբ Նիկոլ Փաշինեան առաջադրուեցաւ վարչապետի թեկնածու:

Ազգային ժողովը հաղորդագրութիւն տարածեց` տեղեկացնելով, որ այսօր` ժամը 16:00ի դրութեամբ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 1ի յատուկ նիստի ընթացքին վարչապետի միակ թեկնածուն, Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հանրապետական կուսակցութեան յետագայ իշխանավարման դէմ պայքարը գլխաւորող ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան չստացաւ բաւարար թիւով ձայներ․ անոր թեր քուէարկեց 45, դէմ` 56 պատգամաւոր։

Ըստ ՀՀ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» ՀՀ սահմանադրական օրէնքի համաձայն` վարչապետ չընտրուելու պարագային քուէարկութենէն եօթ օր ետք տեղի կ՛ունենայ վարչապետի նոր ընտրութիւն, որուն մասնակցելու իրաւունք ունին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները:

Հայաստանի վարչապետի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 8ին ժամը 12:00ին իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին: