Նիկոլ Փաշինեան Նշանակուեցաւ ՀՀ Վարչապետ


ԵՐԵՒԱՆ,- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Դեկտեմբեր 14ին հրամանագիր ստորագրեց Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ նշանակելու մասին: 

«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149րդ յօդուածի 1ին մասը, Նիկոլ Փաշինեանը  նշանակել վարչապետ»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագրին մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ վարչապետի պաշտօնը կը զբաղեցնէ 2018ի Մայիս 8էն: 2018ի Հոկտեմբեր 16ին Փաշինեան հրաժարական տուաւ, ապա խորհրդարանին կողմէ երկու անգամ վարչապետ չընտրելու հիմքով Դեկտեմբեր 9ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Անոնց արդիւնքներով Ազգային Ժողովի մեծամասնութիւն կազեց «Իմ քայլը» դաշինքը` 88 պատգամաւորով, որ իր հերթին առաջադրեց Փաշինեանի թեկնածութիւնը գործադիր իշխանութեան ղեկավարի պաշտօնին:

ՀՀ Սահմանադրութեան 149 յօդուածի (Վարչապետի ընտրութիւնը եւ նշանակումը) առաջին կէտը կը սահմանէ. «Հանրապետութեան նախագահը նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսուելէն ետք անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ Սահմանադրութեան 89րդ յօդուածով սահմանուած կարգով ձեւաւորուած խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուն»: