Նիկոլ Փաշինեան Ողջունած է Գանատայի Վարչապետը


Նիւ Եորք գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր հանդիպած է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի հետ:

Վարչապետի մամուլի խօսնակ Արման Եղոյեան լուսանկար հրապարակած է ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ ու գրած. «Անակնկալ հանդիպում Նելսըն Մանտելային նուիրուած խաղաղութեան գագաթնաժողովի բացումին»:

Ասիկա երկու վարչապետներուն երկրորդ նման հանդիպումն է:

Յիշենենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Յուլիս 12-ին ոչ պաշտօնական, աշխատանքային հանդիպումներ ունեցած է շարք մը երկիրներու առաջնորդներուն , որոնց շարքին նաեւ Գանատայի վարչապետին հետ