Նիւ Եորքի Մեթրոբոլիթըն Ցուցահանդէսի–Հայաստան -Այց Շրջապտոյտը


«Բարեւ» կեդրոնի վարչութեան կազմակերպած METի շրջապտոյտին մասնակցողները՝ Թանգարանին առջեւ, Յունուար 12, Նիւ Եորք։

Մատաթ Բ. Մամուրեան


Քանի մը տարիէ ի վեր ծրագրուած ու սպասուած Նիւ Եորքի Մեթրոբոլիթըն արուեստի թանգարանին (MET) մէջ  «Հայաստան» ցուցահանդէսին բացումը մեծ շուքով կատարուեցաւ 24 Սեպտեմբեր 2018ին, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի, Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, թանգարանի պատասխանատու անձնակազմին, բարերարներու եւ զանազան յարանուանութեանց ներկայացուցիչներու ու արուեստասէր հասարակութեան։ Բարձրորակ սոյն ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 140է աւելի ցուցանմոյշներ, որոնք յատկապէս բերուած էին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու թանգարաններէն։

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ «Բարեւ» Կեդրոնի վարչութիւնը օգտուելով պատեհ սոյն առիթէն, 11-13 Յունուար 2019ին, կազմակերպած էր եռօրեայ շրջապտոյտ մը դէպի Նիւ Եորք՝ 43 հոգիներու մասնակցութեամբ։

Յունուար 12ի առաւօտեան, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյս հովիւ Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, յետ հաւաքաբար արտասանուած աղօթքի, խումբը ճամբայ ելաւ դէպի թանգարան վայելելու «Հայաստան» ցուցահանդէսը եւ հոն ներկայացուած մեր ազգային ժառանգութեան հարուստ ցուցանմոյշները՝ մանրանկարներ, զարդանկարներ, ձեռագրեր, խաչքարեր, եկեղեցական արժէքաւոր զգեստներ եւ այլք։

Աւելի քան մէկ ժամ տեւող եւ սրտի անհուն գոհունակութիւն առթող սոյն շրջագայութիւնը հասաւ իր աւարտին, ապա խումբի անդամները, ըստ իրենց հետաքրքրութեանց խումբ առ խումբ սկսան Նիւ Եորք քաղաքը վայելելու իրենց յայտագիրներուն։

Յունուար 13ին, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Առաջնորդանիստ տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցանեց Ուաշինկթընի Ս. Մարիամ Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Յովսէփ Քհնյ. Կարապետեան, իսկ օրուայ պատշաճ քարոզը տուաւ Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան։ Հոգեպարար սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյէն եւ Ուաշինկթընէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը։ Ապա, անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ շրջեցան Ս. Վարդան հսկայ ու գեղեցիկ համալիրի զանազան մասերը։

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք խումբը օդի ճամբով վերադարձաւ Թորոնթօ՝ հաճելի ու յիշատակելի շաբաթավերջ մը անցուցած ըլլալու գոհունակութեամբ։