Նշում՝ Թումանեանի Եւ Կոմիտասի Ծննդեան 150ամեակներու


Ջու­թա­կա­հար­ներ` Marcus Scholtes, Adam Diderrich եւ Anthony Rapoport եւ թաւ ջու­թա­կա­հար Andras Weber, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ մա­յեստ­րօ Նուր­հան Ար­մա­նի:

Պէթ­թի Փա­նո­սեան


Ըն­թա­ցիկ տա­րին յատ­կան­շա­կան էր Հայ­րե­նի­քի եւ Սփիւռ­քի մէջ Հայ ժո­ղո­վուր­դի գրա­կա­նու­թեան եւ ե­րաժշ­տու­թեան մե­ծա­նուն եր­կու տի­տան­ներ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի եւ Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տի ծննդեան 150ա­մեակ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քով, ո­րոնց նշու­մը ար­տա­ցո­լումն էր աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դի սի­րոյն եւ գնա­հա­տան­քին, հան­դէպ՝ յո­բե­լեար­նե­րուն ե­զա­կի տա­ղան­դին։

Թո­րոն­թո­հա­յու­թիւ­նը եւս իր բա­ժի­նը բե­րաւ յի­շա­տա­կե­լու ա­նոնց մեծ վաս­տա­կը։  Ար­դա­րեւ, 22 Յու­նիս 2019ին Գա­նա­տա­հայ Հա­մայն­քի Ծա­ռա­յու­թեան «Բա­րեւ» կեդ­րո­նի, ինչ­պէս նաեւ Ա­րա եւ Ռո­զա Տէր Յա­րու­թիւ­նեան­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նար­կը դեռ եր­կար ժա­մա­նակ վառ պի­տի մնայ թո­րոն­թո­հայ գա­ղու­թի մտա­պատ­կե­րին մէջ։ Ձեռ­նար­կի իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը ա­ռա­ւել կը շեշ­տո­ւէր մաս­նա­կից ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու այ­լա­զա­նու­թեամբ։

Տպա­ւո­րիչ էր Ս. Եր­րոր­դու­թիւն Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նի կա­մա­րին ներ­քոյ տե­ղադ­րո­ւած եր­կու յո­բե­լեար­նե­րու մե­ծա­դիր պատ­կեր­նե­րը։ Թու­մա­նեա­նը, որ գրա­կա­նու­թեան կող­քին ե­ղած է ազ­գա­յին գոր­ծիչ եւ կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն նաեւ որ­բախ­նամ հայր՝ ջար­դէն ա­զա­տած եւ Էջ­միած­նի մէջ ա­պաս­տան գտած հա­յոր­դի­նե­րուն,  եւ Կո­մի­տա­սը՝ ո­րուն կեան­քի հանգ­րո­ւան­նե­րը եր­բեմն զի­րար հա­կա­սե­լով զայն հաս­ցու­ցած են մին­չեւ հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չում եւ ա­պա մին­չեւ ա­նոր տխուր ու ան­շուք մա­հը Փա­րի­զի մէջ։

Ռո­զա Սա­ֆա­րեան-Տէր Յա­րու­թիւ­նեա­նի եւ ՙԲա­րեւ՚ կեդ­րո­նի ա­տե­նա­պետ Ար­մի­նէ Պո­յա­ճեա­նի բաց­ման խօս­քե­րէն ետք, ներ­կա­նե­րը ունկնդ­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մէջ սի­րո­ւած ա­րո­ւես­տա­գէտ Նու­նե Ա­վե­տիս­յա­նի տպա­ւո­րիչ  աս­մուն­քի շար­քը Թու­մա­նեա­նէն եւ այլ հե­ղի­նակ­նե­րէ։ Ա­րո­ւես­տա­գի­տու­հին ամ­բողջ ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին իր գե­ղե­ցիկ կա­տա­րո­ղու­թեամբ մէջ ընդ մէջ բեմ բարձ­րա­ցաւ, ներշն­չե­լով եւ տպա­ւո­րե­լով  հան­դի­սա­տե­սը։ Թո­րոն­թո­հայ սոփ­րա­նօ Լին Ա­նոյշ Իշ­նա­րի եւ դաշ­նա­կա­հար Ար­թուն Միսքչ­յա­նի ե­րաժշ­տա­կան հիաս­քանչ կա­տա­րում­նե­րով հան­դի­սա­տե­սը միա­ձու­լո­ւե­ցաւ օ­րո­ւայ խոր­հուր­դին, վա­յե­լե­լով եր­կու ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու  ան­թե­րի ու գե­ղե­ցիկ կա­տա­րում­նե­րը։ Ա­նոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին Կո­մի­տա­սէն ե­րաժշ­տա­կան չորս կտոր­ներ, եւ Ար­մէն Տիգ­րա­նեա­նի ՙԱ­նոյշ՚ օ­փե­րա­յէն եր­կու ա­րիա­ներ՝ ար­ժա­նա­նա­լով ներ­կա­նե­րու ջերմ գնա­հա­տան­քին։

Հպար­տան­քի եւ ո­գե­ւո­րու­թեան պա­հեր ապ­րե­ցաւ հան­դի­սա­տե­սը, ի տես Թո­րոն­թո­յի Սիմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բի քա­ռեա­կի հրա­շա­լի կա­տա­րում­նե­րուն։ Ջու­թա­կա­հար­ներ` Marcus Scholtes, Adam Diderrich եւ  Anthony Rapoport եւ թաւ ջու­թա­կա­հար Andras Weber, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ մա­յեստ­րօ Նուր­հան Ար­մա­նի, ա­րո­ւես­տի բարձր կա­տա­րո­ղու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին Կո­մի­տա­սէն ի­նը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։ Իս­կա­պէս դժո­ւար էր ըն­կա­լել, որ մաս­նակց­նե­րը մեծ մա­սամբ ազ­գու­թեամբ հայ չէին։ Հա­մաշ­խար­հա­յին մէկ ու միակ լե­զուն՝ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, զա­նոնք միա­ձու­լած էր Կո­մի­տա­սի ան­զու­գա­կան ա­րո­ւես­տին հետ, ա­ռիթ ըն­ծա­յե­լով, որ ա­նոնք  հա­րա­զա­տօ­րէն եւ ան­կաշ­կանդ զգան ներ­կա­յա­ցո­ւած կտո­րը, ապ­րին ա­նոր իւ­րա­քան­չիւր ե­լե­ւէջն ու ի­մաս­տը եւ զայն փո­խան­ցեն հան­դի­սա­տե­սին։ Ներ­կա­նե­րը յոտն­կայս, եր­կար ժա­մա­նակ ծա­փա­հա­րե­ցին ե­րա­ժիշտ­նե­րուն, ի գնա­հա­տանք Կո­մի­տա­սեան ե­րաժշ­տու­թեան նկատ­մամբ ա­նոնց ցու­ցա­բե­րած բծախն­դիր եւ բարձր մա­կար­դա­կի կա­տա­րո­ղու­թեան։ 

Ա­ւար­տին, Հայց. Ա­ռաք. Ե­կե­ղեց­ւոյ գա­նա­տա­հա­յոց թե­մի փոխա­ռաջ­նորդ եւ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն հայց. Ա­ռաք. Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զա­րեհ Ա. Քհնյ. Զար­գա­րեան, բարձր գնա­հա­տեց ներ­կա­յա­ցո­ւած ձեռ­նար­կը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց մաս­նա­կից ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցած հրա­շա­լի կա­տա­րում­նե­րուն հա­մար, ինչ­պէս նաեւ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն՝ այս ան­նա­խըն­թաց ե­լոյ­թի մտայ­ղա­ցու­մին առ­թիւ։ ՙՊահ­պա­նիչ՚ով վերջ գտաւ ձեռ­նար­կը։

Սոփրանօ՝ Լին Անոյշ Իշնարի եւ դաշնակահար Արթուն Միսքչյան:

Ասմունքող Նունե Ավետիսյան: