Նորա Արմանիի «Back on the Couch with Nora Armani» Ելոյթը Թորոնթոյի Մէջ


Դերասանուհի Նորա Արմանի ելոյթի ընթացքին

Արշօ Զաքարեան

Մեր Հայաստան աշխարհին մէջ, մինչեւ 500 տարիներ առաջ, հրաբուխներ կային եւ դրացի երկիրները զայն կը կոչէին՝ Նարի, Նուրի, Նայրիի եւ Նորայի երկիր։ Արդարեւ, Նորա Արմանին ալ կրակի եւ լոյսի երկրի դուստրն է․․․ արդէն իր կենսագրութենէն տեղեակ ենք, որ ան աշխարհի չորս ծագերուն մէջ ելոյթներ ունեցած է։ Ֆիլմի եւ թատերական աշխարհէն ներս ունի բազմապիսի նուաճումներ եւ մրցանակներ։ Իր դերասանութեամբ եւ թատրոնով իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւէ Նիւ Եորքի, Հոլիվուտի եւ Լոնտոնի մէջ։

Համավարակի պատճառով աւելի քան երկու տարիներու թատերական լռութենէն վերջ, կեանքի կոչուեցաւ Նորա Արմանիի ներկայացումը: Հարիւր արուեստասէրներու ներկայութեան, Նորա Արմանին ներկայացուց՝ «Back on the Couch with Nora Armani» մենախօսութիւնը։ Ձեռնարկը կազմակերպած էր Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը։ Նախաբանը, իր տպաւորիչ ձայնով և յատուկ ամփոփումով, պատրաստած էր Վարագ Պապեան։ Ելոյթը տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, Ապրիլ 30-ի երեկոյեան, ժամը 8։00-ին։

Արուեստագիտուհին՝ ընկերային իրաւունքներու և արդարութեան ֆիլմերու «SR Socially Relevant Film Festival NY» փառատօնին հիմնադիր տնօրէնուհին է Նիւ Եորքի մէջ։ Ան ծնած է Եգիպտոս, սերած է վերապրող հայ ծնողներէ, հայկական դպրոցի եւ միջավայրի մէջ մեծցած, ապա՝ ուսումը շարունակած է Լոնտոն։

Նորա Արմանի, անծանօթ եւ շատ ծանօթ ուղեւորութիւններով, մեզի տարաւ հոն, ուր իւրաքանչիւրս պայքարած ենք մեր անհատականութեան եւ պատկանելիութեան ուղին փնտռելու։ Այդ ուղիները երբեմն մեզի նոր ճամբաներ բացած են եւ ուրիշ առիթներով մեզի խրած են դէպի մեր արմատները։

75 վայրկեան տեւողութեամբ մենակատարութեան ընթացքին Արմանին համեմած էր իր ելոյթը երաժշտութեամբ, երգով եւ պարով։ Ելոյթին ամենէն տպաւորիչ մասերէն էին աղջիկ տեսի արարողութիւնը, մեծմօր թրքերէնով աղօթքը, որ հայութիւն կը ծորէր եւ նախատինքը թուրքին հանդէպ։

Արմանին արձագանգն էր բոլոր անոնց, որոնք իրենց ծննդավայրերը ձգեցին եւ եկան այս ափերը լուսաւոր «ապագայ»ի մը երազանքով եւ յոյսերով։ Սակայն այդ ծննդավայրերու յիշատակները, ընկերային ամուր կապերը եւ դաստիարակութիւնը կը մնայ իւրաքանչիւրին յիշողութեան, սրտին և արարքներուն մէջ։

Կը շնորհաւորենք Արմանիի քաջութիւնը, որ այս բոլոր զգացումներուն, յիշատակներուն եւ ուղիներուն կեանք տուաւ իր ներկայացումով։

Համազգայինի վարչութիւնը աւանդութիւն դարձած ծաղկեփունջին փոխարէն, արուեստագիտուհին գնահատեց անոր նուիրելով Էլիա Գահվէճեանի գիրքը, որ իր որդին՝ Յարութը թարգմանած եւ խմբագրած է Անգլերէնի՝ «From the Red Desert to Jerusalem» խորագիրով, նաեւ Հայաստանի մէջ պատրաստուած յուշանուէր- զարդասեղ մը՝ յաւերժութեան եւ նուռի խորհրդանշաններով։

Ելոյթի աւարտին, ներկաները շարունակեցին իրենց յիշողութեան ուղիները գինիի, պանիրի եւ պտուղներու հիւրասիրութեան ընթացքին։ Մեր ուշադրութենէն չվրիպեցաւ յարդարուած սեղանին գեղեցկութիւնը եւ ուտեստեղէններու անոյշ համը։

Երեկոն հասաւ իր աւարտին հանդիսատեսներուն պարգեւելով թանկագին պահերու քաղցր յուշեր։

3 Մայիս 2022

Դերասանուհի եւ մենակատար Նորա Արմանիի ելոյթէն պատկերներ