Նոր Կառավարութեան Մէջ՝ 2 Դաշնակցական Նախարար


“Երկիր”,-  ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան կը յայտնէ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նոր ձեւաւորուած կառավարութեան մէջ երկու նախարար պիտի ունենայ։  

Անոր խօսքով` ՀՀ բնապահպանութեան նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան պիտի նշանակուի ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար, իսկ Շիրակի նախկին մարզպետ Արթուր Խաչատրեան պիտի զբաղեցնէ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը: