«Շատ Մի՛ Պրպտեր. Հրանդը Յիշէ՛»


Հրակ Փափազեան


Օգոստոս 2014. նոր հասած էի Պոլիս:

Կորսնցնելու ժամանակ չունէի. պէտք էր անմիջապէս նետուիլ հետազօտական դաշտ, որպէսզի 28 օրուան ընթացքին հաւաքէի տեղեկութիւններ այնքան, որքան պէտք էր պոլսահայոց մասին համալսարանական աշխատութիւնս հիմնաւորելու համար:

Պոլսահայ բարեկամներս շատ քիչ էին տակաւին, ընդամէնը՝ երեք հոգի: Կարճ ժամանակի մէջ ծանօթութիւնս ընդարձակելու համար ստիպուած էի անձնապէս նետուելու միջավայրէ միջավայր, երբեմն նոյնիսկ խպնոտութենէ, ամչկոտութենէ զիջելու գնով: Պիտի երթայի հոն, ուր պոլսահայեր կային. իսկ ո՞ւր երթալ Կիրակի օրով, եթէ ոչ ժամ՝ եկեղեցի:

Ընկերոջ մը խրատին ականջ տալով՝ ուղղուեցայ դէպի Ս. Սանդուխտ եկեղեցի, որուն անուանակոչութեան տօնն էր այդ օր:

Շուրջ երեք քառորդ ժամ տեւած ուղեւորութեամբ մը հանրակառքով հասայ Ռումելի Հիսար: Պոլսոյ մէջ մինչ այդ տեսած ամենագեղեցիկ թաղամասերէս մէկն էր անիկա, անկասկած: Քանի մը վայրկեան Վոսփորի ափին քալելէ ետք, թեքուեցայ ձախ ու սկսայ բարձրանալու ոլորապտոյտ եւ նեղ փողոցով, ետիս թողելով կապոյտը Պոլսոյ: Քանի մը վայրկեան ալ այդպէս՝ հասայ Ս. Սանդուխտ, 18րդ դարու վերջերուն կառուցուած այդ սիրուն եկեղեցին:

Մօտեցայ յաւարտ պատարագի ընդունելութիւնը կազմակերպող տիկիններուն, ներկայացուցի ինքզինքս, Պոլիս գալու շարժառիթս եւ նիւթս: «Յարու՛թ աղբարիկին հետ խօսէ, լաւ հայերէն գիտէ, ուզած նիւթերուդ մասին քեզի լաւ մը կը պատմէ», ըսին՝ մատնացոյց ընելով յաղթանդամ տղամարդ մը, որուն տարիքը յիսունի շուրջ ըլլալու էր: Յարութ աղբարիկին հետ խօսեցանք պոլսահայոց ներկայ վիճակէն. ցաւով պատմեց հայախօսութեան անկումին մասին, երիտասարդութեան համայնքային կեանքէն հետզհետէ հեռացման մասին, յիշեց իր հօրմէն լսած պատմութիւնները՝ ջարդէն մինչեւ հանրապետական տարիներու հալածանքներ եւ դժուարութիւններ: «Նախնիներուս գերեզմաններուն տե՛ղը անգամ չեմ գիտեր կոր», ըսաւ խեղդուած ձայնով, արցունքները զսպելով: «Մեր յոյսը դուք էք, երիտասարդները», ամփոփեց իր խօսքը, շեշտը դնելով լեզուի եւ յիշողութեան պահպանման կարեւորութեան վրայ:

Բաժնուեցայ աղբարիկէն, շուտով հանդիպելու համար ծայրաստիճան տարբեր մօտեցում ունեցող ուրիշ մէկուն: Աւելի ծեր էր՝ քան Յարութ աղբարիկը: Աթոռի մը նստած էր մինակ, երբ մօտեցայ, նստայ կողքը, ու հայերէնով բարեւեցի: Զգոյշ կերպով նայեցաւ, չպատասխանեց եւ աչքերը փախցուց: Շուարած՝ հարցուցի. «Հայ չէ՞ք», ու կեցութեանս ընթացքին տեղի ունեցած թերեւս ամենախորհրդաւոր զրոյցը սկսաւ, երբ «թուրք եմ», պատասխանեց… հայերէնով:

– Բայց հայերէն կը խօսիք, հայկական եկեղեցի եկած էք, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ…

– Թուրք եմ: Հոս բոլորը, որ կը տեսնես, թուրք են… ասոնք ամէնն ալ թուրք են:

Ո՛չ «հայ եմ», ո՛չ ալ «հայ չեմ» ըսող ծերունին, ընդգծուած զգուշաւորութեամբ՝ հազիւ կը պատասխանէր հարցումներուս, անընդհատ շեշտելով Թուրքիոյ ու թրքութեան հանդէպ իր ու նաեւ միւս բոլոր ներկաներուն պատկանելիութիւնը, պնդելով՝ «փասափորթս թրքական է, թուրք եմ»: Քաղաքացիական եւ ազգային պակտանելիութիւններու տարբերութեան մասին նշումներս ապարդիւն անցան անշուշտ, եւ շուտով հասկցայ, որ մարդուն կատարած պնդումներուն մեկնակէտը անծանօթ սփիւռքահայ երիտասարդիս հանդէպ զգուշաւորութիւնն էր, ինքնապաշտպանութեան բնազդը, աւելի՝ քան գաղափարական համոզումները կամ ինքնութենական ընկալումները: Երբ յոյսս կտրած՝ հրաժեշտս կու տայի, ծերունին տուաւ իր բանալի պատասխանը. «Շատ մի՛ պրպտեր. Հրանդը յիշէ՛… տե՛ս անոր վերջը ինչ եղաւ…»:

Պարզ էր, որ անմոռանալի այդ յորդորին պիտի չհետեւէի. պրպտելու համար եկած էի ի վերջոյ: Յետագայ օրերու պր-տպտումներուս ընթացքին պիտի շարունակէի հանդիպիլ պոլսահայու տարբեր ու հակասական կերպարներու: Ոմանք՝ հայկականութեան հանդէպ անհոգ, ուրացման ընդունակ ըլլալու աստիճան զգոյշ, ինչպէս այդ խորհրդաւոր ծերունին: Ուրիշներ՝ երբեմն «անխոհեմ» ըլլալու աստիճան հայկականութեամբ հետաքրքրուող, ցաւող ու ապրող, ինչպէս նոյն Ս. Սանդուխտի բակին մէջ գտնուող տաքարիւն Յարութ աղբարիկը:

Իրերամերժ բայց համակեցող այս երկու երեւոյթներուն տարբեր դրսեւորումներուն դեռ կ՛անդրադառնանք այս սիւնակով: