Շարլ Ազնաւուրին Յանձնուեցաւ Իր Տուն-Թանգարանի Բանալին


ԵՐԵՒԱՆ․- Կասկադի մէջ, Յունիս 1ին կայացաւ «Ազնաւուր» հիմնադրամին հիմնելիք «Ազնաւուրի Տուն-Թանգարան»ի բանալիներու յանձնման արարողութիւնը:

Տօնական այս արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, աշխարհահռչակ երգիչ-երգահան եւ ՀՀ ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրը եւ պաշտօնական անձիք։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, հիւրերուն ներկայութեամբ, Շարլ Ազնաւուրին յանձնեց թանգարանի շէնքի խորհրդանշական բանալին: Այս առիթով, նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ, որ այսօր կը գտնուիմ այստեղ, այս լաւ, ջերմ միջավայրին՝ Շարլ Ազնաւուրի Տուն-թանգարանին մէջ, որուն առկայութիւնը Երեւանի մէջ պատիւ կը բերէ ոչ միայն Երեւանին, այլեւ մեր ամբողջ հասարակութեան»:

Սերժ Սարգսեանի խօսքով՝ Ազնաւուր կը պատկանի ո՛չ միայն Ֆրանսային ու Հայաստանին, այլեւ համա՛յն մարդկութեան:

Շարլ Ազնաւուր, իր կարգին, այս առիթով ըսաւ, թէ իրեն համար պատիւ եւ ուրախութիւն է գտնուիլ հոս եւ ստանալ Տուն-թանգարանին բանալիները:

«Վստահութամբ եւ մեծ հանգստութեամբ կայացուցած եմ այս որոշումը, եւ որդիիս՝ Նիքոլա Ազնաւուրի հետ, հիմնած եմ «Ազնաւուր» հիմնադրամը, որ պէտք է շարունակէ 1988ին մեկնարկած իմ բարեգործական գործունէութիւնը: «Ազնաւուր» հիմնադրամին առաջին նախագիծը պիտի ըլլայ այս թանգարանին հիմնումը, որ պիտի ըլլայ ոչ միայն ներգործող թանգարան, այլեւ երիտասարդական կեդրոն եւ զբօսաշրջային կարեւոր վայր: Մե՛ծ վստահութեամբ կայացուցած եմ այս որոշումը, քանի որ տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս վերջին տարիներուն, Հայաստանի մէջ իրերայաջորդ կերպով կեանքի կը կոչուին կրթական, պատմամշակութային շատ կարեւոր, յառաջընթաց ապահովող ծրագիրներ:

Այո՛, Շարլ Ազնաւուր անունը հանրաճանաչ է, մեծ ճանաչում ունի ամբողջ աշխարհի մէջ, սակայն այդ անուան պարունակած մշակո՛յթը եւս պէտք է գայ Հայաստան: Ոչ միայն Ազնաւուրին, այլ աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութեան բոլոր գործերը պէտք է թարգմանուին, ըլլան այստե՛ղ: Կարեւոր է, անպայմա՛ն, որ մենք մշակոյթը թարգմանենք, բերենք Հայաստան, որպէսզի Սփիւռք-Հայաստանը կապուին նաեւ այդ կերպով», ըսաւ արուեստագէտը:

«Այս նախաձեռնութիւնը Հայաստանի ապագային հանդէպ իմ նուիրուածութեան վկայութիւնն է, եւ յոյսով եմ, որ անիկա կը խրախուսէ Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը եւ կը հետաքրքրէ այցելուները՝ աշխարհի բոլոր կողմերէն», աւելցուց Ազնաւուր:

Մեծ երգիչը նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերը պէտք է միաւորեն իրենց ջանքերը՝ ստեղծելու համար այնպիսի նախագիծեր ու կենսակայուն ծրագիրներ՝ Հայաստանի մէջ, որ հայ երիտասարդները հնարաւորութիւն ունենան իրենց երազանքները իրագործել Հայաստանի՛ մէջ, շրջապատուած հարազատներով:

Շարլ Ազնաւուրին Որդին Մկրտուեցաւ Տաթեւի Վանքին Մէջ

Մայիս 31ին Հայաստան գտնուող աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր այցելեց Տաթեւի վանական համալիր։ Երգահանին կ՛ուղեկցէին իր որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրը, նաեւ ընկերներն ու գործընկերները:

Վանքի Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Նիքոլա Ազնաւուրի մկրտութեան արարողութիւնը։

«Ես շատ հպարտ եմ, որ որդիս՝ Նիքոլան, որոշեց մկրտուիլ Հայաստանի մէջ: Ծնողներս այնքա՛ն երջանիկ պիտի ըլլային՝ իմանալով, որ երկու որդիներս՝ Միշան եւ Նիքոլան, մկրտուած են այստեղ՝ Հայաստան, հաւատարիմ մնալով իրենց արմատներուն», ըսած է Ազնաւուր:

«Ես ծնած եմ Ֆրանսա, ուսած եմ Զուիցերիա եւ Գանատա, բայց որքա՛ն կը մեծնամ, այնքա՛ն ուժգնօրէն կը կապուիմ հայկական արմատներուս: Զրուցելով հօրս, հօրաքրոջս հետ եւ լսելով անոնց պատմութիւնները՝ ես վերադարձայ ընտանիքիս արմատներուն: Սկսած եմ նոյնիսկ հայերէն սորվելու: Այս բոլորէն ետք զգացի, որ կը ցանկանամ մկրտուիլ Հայաստանի մէջ», իր կարգին ըսած է Նիքոլա Ազնաւուր: Ան խոստովանած է, որ Տաթեւի վանքին մէջ մկրտուիլը իր կեանքի անմոռանալի պահերէն մէկն է: