Շարլ Ազնաւուր. Անոր Կատարումով «La mamma»ն Ամենասիրուածն է Աշխարհի Մէջ


Նայիրա Հայրապետեան․ «Հետք»


«Կը տեսնեմ մայրս` լամփի լոյսին առջեւ նստած, «Սինճըր»ի ոտնակը անվերջ կը պտտցնէ` շտապելով յաջորդ օրուան յանձնելիք գործը աւարտին հասցնելու եւ ստանալու արդիւնքը անքուն գիշերուան` իր սիրասուն ընտանիքի գոյութեան համար այդքան անհրաժեշտ ֆրանքը: Հիւանդ, թէ առողջ, յոգնած, թէ ոչ` մայրիկը կը լծուէր աշխատանքի… Հազուագիւտ պահերուն մայրս դաշնամուր կը նուագէր կամ կը գրէր…:

Երբ մայրս հիւանդ կ՛ըլլար, ինծի չէին յայտներ, որպէսզի չընդհատեմ իմ աշխատանքը: Անոնք գիտէին, որ ես հազարաւոր մղոններ պիտի կտրեմ, թէկուզ մէկ գիշեր անոր կողքը ըլլալու համար»,  տարիներ անց, իր յուշերուն մէջ կը գրէ դարու մեծագոյն արուեստագէնտներէն մէկը` Շարլ Ազնաւուրը:

1962ին Շարլ Ազնաւուրի կատարմամբ ձայնագրուեցաւ «La mamma» երգը` նոյն թուականին թողարկման պատրաստուող փոքրիկ ալպոմի համար (EP- Extended play): Այս տարբերակը կը նախապատրաստուէր մէկ տարի անց թողարկուելիք  համանուն` «La mamma»  11րդ արհեստանոցի (studio) մէջ ձայնագրուած ալպոմին համար: Երգի հեղինակներն են Ռապերթ Կալը եւ Շարլ Ազնաւուրը: Երգը Ազնաւուրէն բացի, միաժամանակ սկսան կատարելու տարբեր երգիչներ: Առաջին ձայնագրութիւնը  լոյս տեսաւ 1963ի վերջը, ֆրանսական  «Les Compagnons de la chanson»  խումբի կատարումով: Անիկա ֆրանսական երաժշտական դասակարգումով գրաւեց ընդամէնը 80րդ տեղը: 1964ի Փետրուարին թողարկուեցաւ Ազնաւուրի «La mamma»ն, որ սկսաւ հնչելու ամէնուր: Երգը  առաջին տեղի վրայ էր ֆրանսական լաւագոյն երգերու շարքին: Նոյն թուականէն երգը ամենալսուողն էր Հոլանտայի, Պելճիքայի մէջ, ճանաչման աշխարհագրութիւնը ընդլայնեցաւ դէպի Իտալիա: «La mamma»ն դարձաւ Ազնաւուրի առաջին երգը, որուն վաճառքը հատեց միլիոնի սահմանը: 

«Իրեն վստահուած առաքելութիւնը այս երգին մէջ Ազնաւուրը այնքան արուեստագիտական վարպետութեամբ կայացրեց, որ զայն գերազանցել այդպէս ալ չյաջողեցաւ ոչ մէկ այլ ֆրանսացի երգիչ», գրած է «All Music»ը :

Երգը թարգմանուեցաւ նաեւ անգլերէնի եւ ձայնագրուեցաւ շարք մը երգիչներու կատարումով: Այնուհետեւ հնչեցին այլ թարգմանութիւններ` հոլանտերէն, խորուաթերեն, գերմաներէն, իտալերէն, փորթուկալերէն, սպաներէն եւայլն:

Ազնաւուրի նշանաւոր կենսագիրներէն մէկը` արուեստաբան Իվ Սալկը, այսպէս բնորոշած է Ազնաւուրը. «Վիրաւոր թռչունի խուլ ու տանջալից ձայն, որ բեմի վրայ իր փետուրներուն հետ մէկտեղ կը նետէ սիրոյ չքնաղ երգեր: Այդ հոգեվարք ապրող stradivariusը, այդ ձայնը, որ կարծես յանգած հրաբուխ ըլլայ, բառեր կ՛ըսէ աւելի շատ սրտին, քան լսողութեան, կը հնչէ ամբողջ աշխարհով մէկ»: Կ՛ըսեն, որ դերասան Սեմ Իվնիոր, որ ձայնով եւ կատարման արհեսատավարժութեամբ վարպետօրէն կը նմանակէր այնպիսի մեծութիւնները, ինչպիսիք են Լուի Արմսթրոնգը, Մորիս Շեւալիէն, Ռեյ Չարլզը եւ ուրիշներ, հրաժարած է Ազնաւուրի կատարումը նմանակելէ: « Ազնաւուրի երգերը անոր արտաքին կերպարներն են,- ըսած է ան,- անոր անձի անսքօղ անկեղծութիւնը կը բացառէ նմանակումը: Մահացու թռիչքի պատրաստ այդ տխուր կատակերգուին (comedian) մարմնին մէջ իրականութեան մէջ ողբերգակ թաքնուած է: Եթէ փորձեմ նմանակել Ազնաւուրը, հանդիսատեսը ինծի չի հաւատար»:

«La mamma»ն  հնչած է բազմաթիւ յայտնի եւ անյայտ երգիչներու կատարումով, անոնց մէջ կ՛ապրին անուններ, որոնք անկասկած աստղ կոչուելու իրաւունքը վաստակած են, սակայն երգը ամենաճանչցուածն է  եւ ամենասիրուածը նոյն Ազնաւուրի կատարումով: Շատերը նոյնիսկ երգի գոյութիւնը կը կապեն միմիայն մեծագոյն երգիչի անուան հետ։

Այնքան յուշեր եւ այնքան սէր

Այսօր քու շուրջը կայ, մամա…

Cover կատարումներու մէջ, սակայն, կայ մէկը, որ կ՛առանձնանայ իր կատարման առանձնայատկութեամբ, զգացմունքային մեծութեամբ. ատիկա կը պատկանի այտնի երգիչ Ռէյ Չարլզին: Վերջերս, համացանցի մէջ աշխոյժօրէն եւ բացայայտ ակնածանքով կը քննարկուէր Ազնաւուրի զրոյցը, ուր, ի դէպ, արուեստագէտը նշեց, որ 20րդ դարու լաւագոյն արուեստագէտ կը համարէ Ռեյ Չարլզը, որուն հետ կ’ուզէր զուգերգ ունենալ: