Շիֆ Կոչ Կ՛ընէ Յաւելեալ Օժանդակութիւն Տրամադրելու Հայաստանին Եւ Արցախին


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Մարտ 16ին կոչ ըրած է Քոնկրեսի յատկացումներու յանձնախումբերու ազդու անդամներուն, որ պետական յաջորդ ամավարկին մէջ յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրեն Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն։

«Կոչ կ՛ընեմ առաջնահերթութիւն համարելու Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութիւնն ու զարգացումը երաշխաւորելու քայլերը, յատկապէս այս ժամանակաշրջանին, երբ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կողմէ անմիջական սպառնալիքի տակ է», նշած է Շիֆ, որ նաեւ փոխատենապետն է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին։

Շիֆ շեշտած է, թէ Քոնկրեսը պէտք է աջակցի շփման գօտիի երկայնքին հսկող սարքեր հաստատելու ջանքերուն, «որ կրնայ օգնել՝ կանխելու համար ատրպէյճանական սադրանքները, որոնք կրնան դիւրութեամբ վերածուիլ աւելի լայն հակամարտութեանց»:

Քոնկրեսականը կոչ ըրած է նաեւ շարունակելու Արցախի մէջ ամերիկեան մարդասիրական գործունէութիւնը, մասնաւորապէս՝ ականազերծման գծով, որ արդէն իսկ կ՛իրականացուի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան աջակցութեամբ:

Հայաստանի համար առնուազն 40 միլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութիւն առաջարկելով՝ Շիֆ կոչ ըրած է աջակցելու անոր տնտեսական զարգացման, յատկապէս որովհետեւ Հայաստան «մեզի համար կարեւոր գործընկեր է տարածաշրջանին մէջ ու խաղաղապահ առաքելութիւններ կ՛իրականացնէ աշխարհի տարածքին՝ միաժամանակ գաղթականներ ընդունելով Սուրիայէն եւ Իրաքէն»: