Շնորհահանդէս՝ Նուիրուած Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի «Հիւսիս-Արեւելեան Միջերկրականի Հայ Գաղութներ. Մուսա Տաղ, Տէօրթ-Եօլ Եւ Քեսապ» Գիրքին


«Ասպարէզ»․- Յունուար 27ին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-շնորհահանդէս՝ փրոֆ. Հայոց եւ Միջին Արեւելքի պատմութեանց Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հեղինակած «Հիւսիս-արեւելեան Միջերկրականի Հայ Գաղութներ. Մուսա Տաղ, Տէօրթ-Եօլ Եւ Քեսապ» պատմագիրքին։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայկական ամպիոնին եւ Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղին համագործակցութեամբ, համալսարանի «Ալիս Փիթըրզ» դասասրահին մէջ, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը:

Հայագիտական ամպիոնի վարիչ-տնօրէն փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, բարի գալստեան եւ շնորհակալական խօսքերէ ետք ներկայացուց օրուան հիւրը՝ յիշատակելով անոր բազմավաստակ գործունէութիւնը եւ աշխարհածաւալ համբաւը՝ Հայոց եւ Միջին Արեւելքի պատմութեանց մարզերուն մէջ։

Պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեան լուսապատկերներու միջոցաւ ներկայացուց օրուան իր պատգամը՝ զայն բաժնելով երեք գլխաւոր շրջաններու՝ Մուսա Տաղ, Տէօրթ-Եօլ եւ Քեսապ։ Ան անդրադարձաւ այս շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան վերաբերող տնտեսութեան, աւանդութեանց, գրական եւ կրօնական մշակոյթին եւ քաղաքական իրավիճակին։

Տոքթ. Յովհաննէսեան յիշատակեց շրջաններու հայութեան զանգուածային տեղափոխութիւնները, իբրեւ հետեւանք օսմանեան անհանդուրժողական քաղաքականութեան՝ հանդէպ քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութեանց, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային պատերազմին, երբ իւրաքանչիւր պետութիւն նախ կը հետապնդէր ի՛ր իսկ երկրի շահերը։

Իր նկարագրութեանց մէջ բանախօսը իւրաքանչիւր շրջանի համար իր խօսքերը մասնաւորեց հետեւեալ ձեւով.

– Մուսա լերան հերոսամարտը, որ տեւած է 48 օր, բայց դէպքին աւելի կրօնական երանգ մը տալու միտումով՝ փոխուած է 40ի։ Հերոսամարտը պատճառ դարձած է, որ մեծ թիւով մուսատաղցիներ ազատին ջարդէն։

– Տէօրթ-Եօլի շրջանը կը վայելէր գիւղատնտեսական հարստութիւն, շնորհիւ իր պտղատու մրգաստաններուն։

– Քեսապի բնակչութեան երիտասարդները շատ աւելի ուսեալ էին, որովհետեւ անոնք կ՛ուղարկուէին ուրիշ կրթական կեդրոններ՝ ստանալու բարձրագոյն ուսում եւ մասնագիտութիւն։ Սակայն, անոնք չէին վերադառնար, որովհետեւ փոքրաթիւ գաղութը կարողութիւնը չ՛ունէր զանոնք տնտեսապէս վարձատրելու։

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցան հեղինակի գիրքերուն վաճառք եւ հիւրասիրութիւն։

author-avatar

This author has not supplied a bio yet.