Շուտով Վանաձորի Մէջ Պիտի Արտադրուին Հայ-Իրանական Ինքնաշարժներ


“Առաւօտ”,- Դեկտեմբեր 22ին Վանաձորի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ բաղադրեալ կազէ գլաններու (composite gas cylinders) արտադրութեան առաջին հոսքագիծը: Արտադրութիւնը հիմնած է «Ռադ Սանէ Վաշմիր գրուպ» ընկերութիւնը: Արտադրամասը աշխարհի մէջ 4րդն է, միւս 3ը կը գործեն` Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ Իրանի մէջ. «Օրական մէկ հերթափոխ աշխատելով կրնանք արտադրել 100 գլան, իսկ եթէ  հոսքագիծերը աւելցնենք, կը նախատեսենք օրական հասցնել մօտ 800 հատի ․․ մեր արտադրած կազի գլանները անվտանգ են, թեթեւ եւ մատչելի», ըսած է ընկերութեան բաժնետէր Արայիկ Ասրեան։ 

Վանաձորի մէջ գլաններու արտադրութեան բացման ներկայ էր նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան: Ան հետեւեցաւ արտադրութեան ընթացքին, ապա տեղեկացուց, որ եթէ ընկերութեան հետ քննարկած ծրագիրները իսկապէս կեանքի կոչուին, Վանաձորը կրկին կը դառնայ արդիւնաբերական քաղաք։

Բացի այդ, կը նախատեսուի յառաջիկային Վանաձորի մէջ արտադրել նաեւ հայ-իրանական Sayna Armenina մեքենայ. «․․․Եթէ հասցնենք, Մարտ ամիսէն մեր հայկական մեքենաները կը մտնեն գոնէ հայկական շուկայ: Մեքենան միաժամանակ պիտի ըլլայ նաեւ կազէ գլանով, որպէսզի աշխատի կազ, պենզին համակցութեամբ: Գինը հիմա դեռ չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ պայմանաւորուեցանք տնտեսութեան նախարարին հետ հանդիպենք քննարկենք, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ընենք, որպէսզի դառնայ մատչելի, որպէսզի Հայաստան հին մեքենաներու ներածումը դադրեցուի եւ ունենանք նմանատիպ մեքենաներ», ըսած է ընկերութեան բաժնետէրը: