«Ո՛չ Մէկ Թիզ Հող Հակառակորդին»-ը Միայն Լոզունգ Չէ


Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ խորհրդային ժամանակաշրջանի ԼՂԻՄ-ի քարտէս

Սարգիս Տաղտէվիրեան


Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին յաջորդող օրերուն թէ՛ հայ բանակի զինուորականները, թէ՛ կամաւորները «Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին» եզրը լոզունգի նման գործածեցին տպագիր եւ եթերային մամուլի թղթակիցներուն. միւս կողմէ, մեր քաղաքական-դիւանագիտական վերնախաւը ընդունելէ ետք ազրպէյճանական կողմէն եկած զինադուլի առաջարկը, սկսաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդներուն կողմէ խմբագրուած Մատրիտի (յուլիս 2007) եւ ապա Քազանի (յունիս 2011), գրեթէ համաձայնեցուած, բայց ձախողած հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան ծրագիրներուն մասին կրկին անգամ խօսիլ:

Մինչեւ այս վերջին արտայայտութիւնները` վերոյիշեալ քաղաքներուն անունով կոչուած ծրագիրներուն մասին շատ բան չէր ըսուած հանրութեան: Ի վերջոյ յայտնի դարձաւ, որ անոնք կը պարունակէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ուժերու ազատամարտիկներուն ազատագրած պատմական Հայաստանի 7 տարածքները աստիճանաբար Ազրպէյճանին վերադարձնելու եւ փոխարէնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բնակչութեան ինքնորոշումի հանրաքուէի մը խոստումին գլխաւոր կէտերը:

Այս աշխատանքը պիտի ջանայ ցոյց տալ, թէ «Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին»-ը սոսկ լոզունգ չէ, այլ կը բխի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ, հետեւաբար, ամբողջ հայ ժողովուրդին անվտանգութեան պահանջէն: Առաւել, այս աշխատանքին մէջ յիշուածները նոր գիւտարարութիւններ չեն, նախապէս յիշուած են քաղաքական, զինուորական, կուսակցական, պատմական եւ մշակութային գործիչներու կողմէ, պարզապէս հարկ է, այս օրերուն վտանգաւոր առոգանութեամբ հոլովուող տարածքներու վերադարձուելուն դէմ, հաստատ կերպով, անգամ մը եւս շեշտել իրաւատէր հայ ժողովուրդին կեցուածքը:

Նաեւ, այս աշխատանքը պիտի չմանրամասնէ կարգ մը բացարձակ իրականութիւններ, որոնք անվիճելի են, գոնէ` պահանջատէր հայուն համար.

– Թէ` ազատագրուած այդ 7 տարածքներուն համար հայութիւնը եւ մանաւանդ արցախահայութիւնը վճարած է շատ սուղ` իր լաւագոյն զաւակներուն` ազատամարտիկներուն (ազատութեան մարտիկներուն) կեանքը, անհաշիւ զինական ու նիւթական միջոցներ եւ անչափելի տառապանք:

– Թէ` այդ տարածքները հայութեան ծագումին առաջին օրէն իսկ մաս կազմած են Հայաստանի թագաւորութիւններուն, իշխանական տոհմերուն կամ մելիքութիւններուն:

– Թէ` արիւնով ազատագրուածը թուղթով չի վերադարձուիր: Յաղթանակով աւարտած պատերազմը դիւանագիտութեան քուլիսներուն մէջ պարտութեան կարելի չէ վերածել, ինչ ալ ըլլայ ճնշումներու տարողութիւնը. իսկ եթէ որեւէ միաւոր կը փորձէ ատիկա ընել, կ՛արժանանայ իր ժողովուրդին կողմէ զգետնումի:

– Թէ` Ազրպէյճանը Հայաստանէն բազմապատիկ անգամ աւելի կը ծախսէ եւ գոնէ ցարդ միջոցներն ու կապերն ալ ունի իր բանակը ուժեղացնելու, զինանոցը բազմացնելու եւ արդիականացնելու:

– Թէ` Թուրքիան, Օսմանեան կայսրութեան օրերէն, ծրագրած եւ մինչեւ այսօր փորձած է յաջողցնել փանթուրքիզմը` նախ միանալով Ազրպէյճանին, հասնելու Կեդրոնական Ասիոյ իր ցեղակիցներուն, այդպիսով կտրելու ռուսական ծաւալողական ձգտումները դէպի հարաւ: Հայ ժողովուրդն ալ, որպէս առաջին արգելք այս նպատակին, հարկաւոր կը դառնայ վերացնել, Արեւմտահայաստանի մէջ ըլլայ ան (Հայոց ցեղասպանութիւն), Արեւելահայաստանի (կասեցուած` Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով ու Ղարաքիլիսայով), թէ Արցախի (կասեցուած` 1988-1994 շարժումով ու գոյամարտով). հայութենէն ետք վերացնելու հերթը այդ ճամբուն վրայ բնիկ միւս ժողովուրդներուն եղած է, եւ է ներկայիս ալ` յոյներ, ասորիներ եւ քիւրտեր:

Վերլուծութիւնը հարկ է կատարել հարցին հետ առնչութիւն ունեցող բազմազան երեսներով, որոնք կրնան նաեւ ամբողջական չըլլալ, բայց հարկ է զանոնք մեկնարկել:

Ռազմագիտական

Արցախը, Խորհրդային Միութեան օրերուն` ճանչցուած որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ (ԼՂԻՄ), 1988-էն մինչեւ 1991 քանիցս կը փորձէ սահմանադրական ճանապարհներով միանալ Հայաստանին` դիմելով Խորհրդային Միութեան կեդրոնական իշխանութիւններուն, սակայն միշտ ալ կը մերժուի անոնց կողմէն: 1991-ին Արցախը կը յայտարարէ իր անկախութիւնը, եւ կը ստեղծուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Հետագայ տարիներուն ազրպէյճանցիք պատերազմի ուժով կը փորձեն ճնշել արցախահայութեան ազատատենչութիւնը, ու կը սկսի Արցախի գոյամարտը, որ արիւնալի, երկարատեւ ճակատումներէ եւ հազարաւոր զոհերէ ետք, 1994-ին կը յանգի զինադադարի` հայկական կողմի յաղթանակներէն, 7 տարածքներուն ազատագրումէն, սակայն նաեւ կարգ մը հողատարածքներու կորուստէն ետք (ԼՂԻՄ-ի Շահումեանը, հատուածներ Մարտակերտէն ու Մարտունիէն եւ Հայաստանին նախապէս պատկանող Արծուաշէնը):

Այժմ` Թիւերու Մասին

Խորհրդային Միութեան օրերուն Հայաստանի հետ ցամաքային ոչ մէկ կապ ունեցած ԼՂԻՄ-ի` Խորհրդային Ազրպէյճանի հետ սահմաններու երկարութիւնը մօտ 650 քմ եղած է, ներառեալ` վերոյիշեալ կորուսեալ տարածքները (Շահումեան եւ հատուածներ Մարտակերտի ու Մարտունիի շրջաններէն): 1994-ի զինադադարէն ետք, Քարվաճառ-Քաշաթաղ (Քելբաջար-Լաչին) միջնատարածքով Հայաստանի հետ հողային միացումով, Ազրպէյճանի հետ շփման գիծի երկարութիւնը կը վերածուի մօտ 220 քմ-ի:

220 քմ` փոխան 650-ի, գրեթէ 3 անգամով աւելի կարճ:

Նոյն ատեն, Հայաստանի սահմաններու երկարութիւնը Խորհրդային Ազրպէյճանին հետ մօտ 800 քմ եղած է, ներառեալ` Արծուաշէնը եւ Նախիջեւանը: 1994-ի զինադադարէն ետք սահմաններու երկայնքը երկու անկախ երկիրներուն միջեւ կը վերածուի մօտ 480 քմ-ի` Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ միացումով ու Արծուաշէնի կորուստով:

480 քմ` փոխան 800-ի, 40 առ հարիւրով աւելի կարճ:

ԼՂՀ-ի եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի հետ նախկին սահմաններու երկարութիւնը, միասնաբար, մօտ 1450 քմ, 7 տարածքներու վերադարձուելուն պարագային, փոխան ներկայի 700 քմ-ի, պիտի պահանջէ կրկնապատիկ թիւով զինուորներ (ու կամաւորներ) եւ միջոցներ` թէ՛ խաղաղութեան, թէ՛ պատերազմի պարագային:

Այլ խօսքով, եթէ հայոց ցամաքային բանակը, Հայաստանի ու Արցախի միասնաբար, կը հաշուէ մօտ 70 հազար զինուոր (ըստ International Institute for Strategic Studies կազմակերպութեան «The Military Balance 2013» պարբերական տեղեկագիրին) եւ ենթադրելով, թէ ամբողջ այս բանակը տեղակայուած է միայն Ազրպէյճանի դէմ հայկական սահմանները պաշտպանելու, առանց զինուոր տրամադրելու ա՛լ աւելի վտանգաւոր Թուրքիոյ ու յարաբերաբար բարեկամական Վրաստանի ու Իրանի սահմաններուն, ներկայի 700 քմ-ի համար ունինք մօտ 100 տրամադրելի զինուոր ու սպայ` իւրաքանչիւր քմ-ին կամ 1 զինուոր` իւրաքանչիւր 10 մեթրին համար, ամէն վայրկեան, ցերեկ-գիշեր, առանց փոխարինողի: Ազատագրուած 7 տարածքներուն վերադարձուելուն պարագային, իւրաքանչիւր քմ-ի համար կ՛ունենանք միայն 49 տրամադրելի զինուոր ու սպայ` կամ 1 զինուոր` իւրաքանչիւր 20 մեթրի համար, ամէն վայրկեան, ցերեկ-գիշեր, առանց փոխարինողի: Քառօրեայ պատերազմէն ետք փորձեցէք գործնականի խոշորացոյցով դիտել վերոյիշեալը եւ պիտի տեսնէք անվտանգութեան ցնդումը:

Ճիշդ այս պատճառով է նաեւ, որ ճնշում կը բանեցուի հայկական կողմին վրայ հողատարածքներու վերադարձով, միջազգային խաղաղապահներ տեղադրել ընդունիլը, որովհետեւ Ազրպէյճանը (ի մասնաւորի) գիտէ, թէ հայկական կողմը առանձինն, դժուարութիւն պիտի ունենայ այդքան երկար սահմաններ պահելը. առաւել, միջազգային խաղաղապահներ տեղադրելը կամ չտեղադրելը նոյնն է, որովհետեւ անոնք աշխարհի վրայ ուր որ ալ գործուղուած են, խորհրդանշական ներկայութիւն միայն եղած են, նոյնիսկ` զոհեր տուած, բայց ո՛չ մէկ տեղ միջամուխ եղած են զինուորական գործողութիւններու, հետեւաբար ցեղասպան Ազրպէյճանի սպառնալիքը միշտ առկայ պիտի մնայ:

Աշխարհագրական

Ազատագրուած տարածքներուն բարձրադիր լեռներէն կը բխի Արցախի Թարթառ գետը, որ հանրապետութեան հիւսիսի, Մռավի լեռնաշղթային կիրճերէն ու ձորերէն հոսելով` կը կազմէ Սարսանգի ջրամբարը, որ ջուր կը հայթայթէ Մարտակերտ քաղաքին եւ կ՛ոռոգէ ամբողջ Մարտակերտի մարզին արօտավայրերը:

Սարսանգի ջրամբարը այնքան կարեւոր է, նոյնիսկ Ազրպէյճանի համար, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի խաղաղարար համանախագահները անոր նիւթը ըրին հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն ընթացքին, որպէսզի հակառակորդները համատեղ ու միասնաբար օգտուին անոր ջուրերէն:

Նման է պարագան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Խաչենագետին, որ նոյնպէս կը բխի ազատագրուած տարածքներէն:

Վտանգաւորը, ազատագրուած տարածքներու յանձնումով, Թարթառի ու Խաչենագետի ակունքները եւ ընդհանրապէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ջրային մատակարարման 85 առ հարիւրը կ՛անցնին ազրպէյճանցիներու հսկողութեան տակ, եւ ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեանը բազմիցս յայտարարած է (տե՛ս «Ապառաժ» 15 յուլիս 2015), անոնք կը դառնան թունաւորման անգամ մը եւս ենթակայ, ինչպէս 1990-ականներու սկիզբները ազրպէյճանցիք նախընթացը արդէն ստեղծած են, մինչեւ այդ տարածքներու ազատագրումը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ազատամարտիկներուն կողմէն:

Վտանգը առկայ է նաեւ Հայաստանի Որոտան եւ Արփա գետերուն պարագային, որոնք նոյնպէս կը բխին ազատագրուած Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքի լեռներէն ու կը հոսին Սիւնիքի լեռներուն կիրճերուն մէջ:

Երկրորդ ազդակ է Արցախի լեռնաշղթաներուն ընձեռած բնական պաշտպանութիւնը:

Հայաստանի եւ ԼՂՀ-ի լեռնաշղթաներու քարտէս

Հայաստանի եւ ԼՂՀ-ի լեռնաշղթաներու քարտէս

Հիւսիսի Մռաւի լեռնաշղթան, որուն արեւմտեան մասը կը գտնուի ազատագրուած տարածքներուն մէջ, անոնց յանձնուելուն պարագային, կը կորսուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիւսիսային անանցանելի պարիսպը:

Արցախ լեռնաշղթան (նախկին Ղարաբաղ լեռնաշղթայ) կ՛երկարի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիւսիսէն հարաւ: Անոր արեւմտեան լանջերը կը գտնուին Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքին մէջ, որուն յանձնուելուն պարագային, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արեւմտեան լեռնաշղթայ-պարիսպին արեւմտեան լանջերը կը կորսուին հայոց համար:

Նոյն միջնատարածքին կորուստով Հայաստանի ալ արեւելեան սահմանային բարձունքներուն (արեւելեան Սեւանի, Վարդենիսի եւ Սիւնիքի լեռնաշղթաներ) ապահովութիւնը կը կորսուի եւ սահմանամերձ մարզերը կը դառնան թիրախ` ազրպէյճանական ամէնէն սովորական զինանոցին:

Երրորդ ազդակ մը` ազատագրուած Աղդամը Ասկերանէն հազիւ 15 քմ եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն 25 քմ հեռու է: Աղդամի վերադարձուելուն պարագային, գրեթէ դաշտային ճանապարհով, վերջինները կը դառնան գրաւիչ պատառ ազրպէյճանական նոյնիսկ ցամաքային արշաւանքներու, ինչպէս նպատակն էր ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին ձախողեցուած մէկ փորձին:

Մշակութային

Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքին մէջ, այլ յուշարձաններու շարքին, կը գտնուին հայ մշակոյթի հոգեւոր բազմաթիւ կոթողներ` Դադիվանքի համալիրը, Ծիծեռնավանքը, Ծառայ Ս. Աստուածածինը, Զօրախաչ Ս. Աստուածածինը, Ամուտեղը եւ Ձորավանքը:

Կ՛արժէ երկու խօսք աւելի ըսել ասոնցմէ երկուքին մասին.

Դադիվանքը հիմնուած է Ա. դարուն, ըստ աւանդութեան, Յիսուսի աշակերտներէն Հայաստան գործուղուած Ս. Թադէոս առաքեալի սաներէն Ս. Դադիի մասունքներուն վրայ: Ներկայ համալիրը սկսած է կառուցուիլ ԺԲ. դարուն: Բազմիցս քանդուած է արշաւող բանակներու կողմէն, սակայն ամէն անգամ վերակառուցուած է աւելի շքեղ եւ որպէս աւելի կարեւոր կեդրոն հայ մատենագիտութեան, արուեստի ու հոգեւորականութեան:

Դադիվանքի համալիր

Դադիվանքի համալիր

Ծիծեռնավանքն ալ (հիմնուած` Դ.-Ե. դարերուն) վերջին ազատագրումին յաջորդած, 1994-ի զինադադարէն ետք, վերստացած է ուխտատեղի ըլլալու իր հանգամանքը, եւ հոն տեղի կ՛ունենան տարեկան փառատօն եւ հանդէսներ:

Իսկ Աղդամի մօտերը, ազատագրուած տարածքներուն մէջ կը գտնուի Արցախի Տիգրանակերտը (Տիգրան Մեծի կողմէն կառուցուած, ՔԱ Ա. դարուն), ուր 2006-ին պեղումներ սկսած են եւ յայտնաբերուած հնութիւններուն համար աւելի ուշ բացուած է թանգարան:
Կը բաւէ յիշեցնել Նախիջեւանի, քանի մը տարի առաջ մեծ աղմուկ հանած, խաչքարերուն քանդումին պարագան, Պաքուի ու ազրպէյճանական, նախապէս հայաշատ միւս քաղաքներուն հայկական եկեղեցիներուն եւ յուշակոթողներուն աւերումին օրինակները (առանց տակաւին խորանալու Արեւմտահայաստանի մեր հոգեւոր, մշակութային ու պատմական հազարաւոր կոթողներուն բռնի աւերակուած իրավիճակին), եզրակացնելու համար ազատագրուած տարածքներուն պատմական գանձերուն սպասող ճակատագիրը` վերադարձուելու պարագային:

Քաղաքական-Ռազմավարական

Ազատագրուած տարածքներուն մաս կը կազմեն Կովսական (նախկին Զանգելան), Մեխակաւան (նախկին Ջեբրայիլ), Քաշունիք (նախկին Ղուբաթլի) եւ Վարանդա (նախկին Ֆիզուլի) քաղաքները իրենց շրջաններով, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը միացուցին հարաւ-արեւմուտքէն Հայաստանին ու հարաւէն` Իրանին, այդպիսով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքները հասան մինչեւ Արաքս գետ եւ Իրանի սահման ու վերացուցին Հայաստանի հարաւին` Մեղրիի շրջանին սպառնացող Ազրպէյճան-Նախիջեւան անցք բանալու եւ Հայաստանը Իրանէն կտրելու վտանգը, որ յաճախ քրքրուած է միջազգային քաղաքականութեան եւ մամուլին մէջ:

Մատրիտի եւ Քազանի առաջարկութիւններուն մէջ, տարածքներուն վերադարձին կողքին, կը խօսուի նաեւ Ազրպէյճանին դէպի Նախիջեւան Հայաստանի հարաւէն ազատ անցք տալու մասին:

Թուրքիան ու Ազրպէյճանը, Արցախի գոյամարտի առաջին օրերէն ի վեր, փակեցին Հայաստանի հետ իրենց սահմանները: Հայաստանի հիւսիսային դրացիի` Վրաստանի սահմանները բանուկ են, սակայն` միշտ վտանգի ենթակայ, ըլլա՛յ Վրաստանի Ռուսիոյ հետ ունեցած իւրաքանչիւր տագնապին ժամանակ, ըլլա՛յ հայկական Ջաւախքը Վրաստանի կողմէ ճնշելու նուազագոյն առիթին: Հետեւաբար եւ դժբախտաբար, Հայաստանին ապահով առեւտուրի համար կը մնայ միայն Իրանի ցամաքային սահմանագիծը, որ ռազմավարական առումով որքան երկարութեամբ պահուի, այնքան աւելի բարենպաստ արդիւնք կրնայ ունենալ:

Ազատագրուած տարածքներուն վերադարձին պարագային, ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը կտրուի Իրանէն, այլ կը վերակենդանանայ Հայաստանին սպառնացող վերոյիշեալ ճակատագրական վտանգը:

* * *

Հոս տեղին է նշել քանի մը մէջբերումներ Արցախ աշխարհի ընդհանրապէս հայութեան համար կարեւորութեան մասին.

«Պատմութիւնը մեզ շատ փաստերով ցոյց է տալիս, որ նուաճող ազգերի ահաւոր յորձանքները գալիս ընդհարւում էին Ղարաբաղի լեռնաստանին, փշրւում էին ու ետ դառնում: … Առանց Ղարաբաղի լեռնաստանի` անհնարին է երեւակայել Հայաստանի սրտի` այն է` Արարատեան երկրի պաշտպանութիւնը հիւսիսային եւ արեւելեան տափաստաններից»:

ԼԷՕ (1860-1932), պատմաբան, «Երկերի ժողովածու», հատոր 3:

«Երբե՛ք առանց Սիւնիքի եւ Արցախի: Առանց Հայաստանի աշխարհագրական այդ ուժեղ ողնաշարին մեր ամբողջական հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չէ կարող»:

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ (1886-1955), զօրավար, «Ազատ Սիւնիք» (Իմ պատուիրանները):

«Մեր դէմ սկսուած պատերազմի վերջնական արդիւնքի մասին ես գիտեմ մէկ ճշմարտութիւն. ունենալու ենք ազատ Ղարաբաղ: Ազգովին պարտադրուած ենք յաղթելու, որովհետեւ դրուած է Արցախի հայութեան լինել-չլինելու հարցը: Մեր ողջ պատմութեան ընթացքում հայոց գոյապայքարի առջեւից ընթացող արցախահայութիւնը պարտուելու տարբերակ չունի, որովհետեւ պարտութիւնը` դա վերջն է…»:

ԲԵԿՈՐ – ԱՇՈՏ ՂՈՒԼԵԱՆ (1959-1992), ազատամարտիկ, հրամանատար, («Բեկորը ինչպէս որ կար», հեղինակ` Արմէն Դանիէլեան):

* * *

Բոլոր վերոյիշեալները նկատի առած` արցախահայութեան ու բնականաբար ամբողջ հայութեան անվտանգութիւնը սակարկութեան նիւթի կարելի չէ վերածել. առեւտուրի եւ «փոխ»-զիջումի առարկայ կրնան դառնալ միայն հաւասար արժէք ներկայացնող հարցեր, երեւոյթներ կամ առարկաներ: Իսկ յաղթող կողմի պարագային կշիռքը ծանրօրէն կը թեքի իր կողմը:

Հայկական քաղաքական-դիւանագիտական վերնախաւը, մանաւանդ` սահմանագիծի մեր բանակայիններուն կողմէ ազրպէյճանցիներուն կայծակնային յարձակումները թաղող սխրագործութիւններէն ետք, հայ ժողովուրդին կողմէ իրեն տրուած իրաւունքը ունի, անզիջող «Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին» պայմանը դնելու բանակցութիւններու սեղանին եւ իր կարգին, իր դիրքերը պահելու, թէկուզ իր բաժանմունքի զոհերուն գնով, մեր ցանկացած Միացեալ Հայաստանի արեւելեան նահանգները ամրագրելու: