Ոչ Եւս Է Լիբանանահայ Հանրայայտ Գեղանկարիչ Զոհրապ


«Ազդակ»․- Փետրուար 5ին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանեան եւ լիբանանահայ արուեստի մարզին մէջ իր դերն ու դրոշմը ունեցած գեղանկարիչ Զոհրապ (Քէշիշեան)` հիւանդութեան հետ ծանր պայքար մղելէ ետք:

Լոյսի, գոյնի, յոյսի եւ գեղեցիկի նկարիչը հանդիսացող Զոհրապ ծնած է Հալէպ, 1943ին, արուեստի իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի յունական արուեստի հիմնարկին մէջ, որմէ վկայուած է 1961ին, ապա եկած է Լիբանան, ուր բարձրագոյն ուսումը ամբողջացուցած է իտալական «Ժուլիանօ» արուեստանոցին մէջ, 1970ին, անկէ ետք արուեստի բարձրագոյն վկայականի տիրացած է Քասլիքի արուեստի հիմնարկէն:

1972 թուականէն սկսած է աշխատելու իբրեւ արհեստավարժ գեղանկարիչ եւ դասախօս: Նկարած է լիբանանեան եւ օտար քաղաքական գործիչներու, նախագահներու եւ հոգեւորականներու դիմանկարներ:

1972էն 2016 տուած է աւելի քան 40 անհատական ցուցահանդէսներ` Լիբանանի, Սուրիոյ, Քուէյթի, Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Կիպրոսի մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է մեծաթիւ հաւաքական ցուցահանդէսներու: Անոր գործերը տարածուած են աշխարհով մէկ` Իտալիա, Զուիցերիա, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, Քուէյթ, Սուրիա, Կիպրոս եւ այլն:

Զոհրապի գործերուն մէջ կը հանդիպինք զանազան կերպարներու, ինչպէս` կինը, հողը, բնութիւնը, մանուկը, կարօտը, սէրը եւ այլն…

Անոր գործերը կարելի է դասել իբրեւ տպաւորապաշտ, խորհրդապաշտ, վիպապաշտ, գերիրապաշտ դասական  դպրոցներու պատկանող գործեր:

Տիրացած է բազմաթիւ մրցանակներու: