«Ոսկէ Ծիրան»ը Դարձաւ Մշակութային Կեանքի Կարեւոր Իրադարձութիւններէն Մէկը. Աթոմ Էկոյեան


Աթոմ Էկոյեան եւ Արսինէ Խանճեան «Ոսկէ Ծիրան» 13-րդ Միջազգային Փառատօնին, Երեւան, 15 Յուլիս 2013

«Արմենփրես»,- Աշխարհահռչակ գանատահայ բեմադրիչ, Երեւանի «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնի պատուաւոր խորհուրդի անդամ Աթոմ Էկոյան կը մասնակցի փառատօնային GAIFF PRO հարթակի աշխատանքներուն: Էկոյեան իր փորձը պիտի բաժնեկցի Յուլիս 13-16 տեղի ունեցող GAIFF PRO-ի մասնակիցներու հետ։

Յուլիս 14-ին նախատեսուած է համեմատական քննարկում Աթոմ Էկոյեանի «Օրացոյց»  եւ Եկատէրինէ Չելիձէի «Մեռած Հոգիներու Արձակուրդը» ֆիլմերու շուրջ, որուն պիտի մասնակցին երկու բեմադրիչները:

«Դեռ սկիզբէն, երբ կը ստեղծուէր «Ոսկէ Ծիրան»ը, մենք կը մտածէինք մշակոյթներու խաչմէրուկ ծրագրին մասին: Հայաստան այն երկիրն է, ուր խաչաձեւուած են բազում մշակոյթներ, եւ մենք միշտ հաւատացած ենք, որ մեր երկիրը հիանալի վայր է փառատօնի իրականացման համար», կ՛ըսէ Էկոյեան:

Անոր խօսքով` ի սկզբանէ պարզ դարձաւ, որ փառատօնի ծիրէն ներս Հայաստան այցելած բեմադրիչները կախարդական, իւրայատուկ զգացումներ կ՛ունենան: Ան կը փաստէ, որ «Ոսկէ Ծիրան»ի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան աննկարագրելի հմայք ունի, իւրայատուկ անձնաւորութիւն է, եւ մարդիկ կը սիրեն անոր շուրջը ըլլալ:

«Սկիզբէն մենք յոյս ունէինք, որ փառատօնը պիտի դառնայ Հայաստանի վաճառանիշը, եւ բոլորովին զարմանալի չէ, որ անիկա դարձաւ մշակոյթի ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը: Մենք այնքա՜ն բան ունինք առաջարկելու աշխարհին, սա շատ ոգեշնչող փառատօն է: Իմ ճանչցած բոլոր բեմադրիչները, որոնք եկած, մասնակցած են փառատօնին, հիասքանչ փորձառութիւն ունեցած են եւ շատ կը խօսին այն մասին, թէ որքան սքանչելի էր փառատօնը: Ահա թէ ինչու շատ բեմադրիչներ կը ցանկան գալ այստեղ», կը նշէ Էկոյեան:

Անոր խօսքով` բեմադրիչները շատ կը տպաւորուին յատկապէս անով, որ Հայաստանի մէջ կը մեծարեն արուեստի գործիչները: Օրինակ` մեր երկրին մէջ կան Փարաջանովի, Կոմիտասի, Սարեանի եւ այլ գործիչներու գործունէութիւնը ներկայացնող թանգարաններ, որոնք կը հիացնեն արտերկրէն մեր երկիր ժամանողները: Ան կը շեշտէ` մեզի համար այս ամէնը կրնայ սովորական թուալ, քանի որ մենք կ՛ապրինք Հայաստանի մէջ, սակայն այն, որ երկիրը կը յարգէ իր արուեստագէտները, կ՛ապշեցնէ եւ կը հիացնէ արտերկրի արուեստագէտները: Երկիրը այդ կերպով կարեւոր կը համարէ մշակոյթը: 

Ան առանձնայատուկ կ’ընդգծէ` շատ կը հպարտանայ փառատօնով: Կ՛ըսէ` «Ոսկէ Ծիրան»ը հնագոյն մշակոյթ ունեցող երկրի եւ երիտասարդ փառատօնի իւրատեսակ համադրութիւն է, այս համադրութեան արդիւնքով իւրայատուկ բան մը կը ստեղծուի:

Ան կը տխրի, որ այս օրերուն համաճարակի պատճառով փառատօնը տեղի չ՛ունենար, սակայն յուսով է, որ շատ շուտով կը վերադառնանք բնականոն կեանքին: Այս օրերուն հետաքրքրութեամբ կարդացած է C2C առցանց շուկայի նախագիծերը, հետաքրքիր սենարներ գտած է եւ կը խոստանայ իր փորձը կիսել մասնակիցներուն հետ` ամէն կերպով օժանդակելով անոնց նախագիծը աւելի լաւը դառնալու գործին մէջ: Կ՛ըսէ, որ երիտասարդ բեմադրիչները պէտք է ամուր մաշկ ունենան, հասկնան, որ զիրենք յաճախ պիտի մերժեն, պէտք է պատրաստ ըլլան ատոր, ամբողջ ընթացքին պայքարին: Պէտք է շարունակեն փորձել, ոգեշնչուած ըլլան եւ իրենց կիրքով վարակեն այլ մարդոց: Ըստ անոր` ներկայացուած ֆիլմերէն շատերը կրնան յաջողիլ, կը մնայ լաւագոյն ձեւով աշխատիլ, օգտագործել մեր ունեցած ներուժը` ֆիլմերը ալ աւելի կատարելագործելու համար:

Ան կը նշէ, որ նման ձեւաչափի առցանց փառատօնի միջոցով շարժանկարի ոլորտի մարդիկ միաւորուած ըլլալու զգացողութիւն կ’ունենան, կը զգան, որ ընտանիքի անդամ են: Էկոյեանի խօսքով` պէտք է յարմարիլ ժամանակներուն, օգտագործել գիտարուեստը այնքանով, որքանով հնարաւոր է:

«Ի տարբերութիւն շատերու` ես առաւել յաջողակ եղած եմ, որովհետեւ մեր վերջին ֆիլմը` «Պատուաւոր հիւրը», ցուցադրուած է Վենետիկի, Թորոնթոյի, Լոնտոնի շարժնկարի փառատօններուն, մենք պիտի ըլլայինք Սոֆիա, այնուհետեւ ի յայտ եկաւ «քորոնա» ժահրը, եւ ամէն ինչ կանգ առաւ: Երջանիկ եմ, որ ֆիլմը որոշ փառատօնային կեանք ունեցաւ, բայց տխուր եմ, որ բազում շարժնկար ստեղծողներ` յատկապէս երիտասարդները, սպասման մէջ են: Միեւնոյն ժամանակ` մենք պիտի հասկնանք, որ որեւէ ազդեցութիւն չունինք այս ամէնուն վրայ: Մարդկային բազում սերունդներ բախում ունեցած են նմանատիպ խնդիրներու, եւ մենք պիտի յաղթահարենք ամէն ինչ: Ամէն ինչ շատ առեղծուածային է, որովհետեւ մենք ոչինչ կը հասկնանք: Մենք ամէն օր նոր բան կը բացայայտենք այս ժահրի մասին», կը նշէ բեմադրիչը: Էկոյեան յոյս ունի, որ «Պատուաւոր հիւրը» շատ շուտով պիտի ցուցադրի նաեւ Հայաստանի մէջ:

Էկոյեան ուրախ է, որ բեմադրիչ Նորա Մարտիրոսեանի «Երբ Որ Քամին Հանդարտուի» ֆիլմը ընդգրկուած է Քաննի փառատօնի մրցութային ծրագրին մէջ: Ի դէպ, օրեր առաջ «Ոսկէ Ծիրան»ի շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում ֆիլմին հեղինակներուն հետ:

«Ասիկա հրաշալի ձեռքբերում է Հայաստանի համար, որովհետեւ «Բարեւ, Ես Եմ»էն ետք առաջին անգամ Քաննի մրցութային ծրագրին մէջ հայկական ֆիլմ մը կ՛ընտրուի: Ափսոս, Նորան այս տարի չի կրնար անձամբ Քաննի փառատօնին երթալ, բայց սա մեր շարժանկարի արտադրութեան համար իսկական յաղթանակ է», կը նշէ ան:

Այս օրերուն Աթոմ Էկոյեան շատ կը կարդայ, կ՛ընթերցէ գիրքեր, որոնց անդրադառնալու ժամանակ չէ ունեցած, կը շարունակէ գրել, ստեղծագործել: