Ուխտի Գացինք Ճեմարան


ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ


Սուրիական պատերազմի նախորդ հինգ տարիներուն, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, մարդակերտումի այս դարբնոցը, Սփիւռքին մշտապէս նոր արիւն ու աւիւն ներարկող ազգային մեր տունը, կորսնցուց իր երբեմնի շէնութիւնը: Մնաց հաստատուն, բայց ամայացաւ: Ճեմարանի հայաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ առած ու տարիներ շարունակ զայն շնչած ճեմարանականները պատերազմի դառն պատահարներուն իբրեւ հետեւանք թէեւ հեռացան հայապահպանումի այս փարոսէն, սակայն տարիներ շարունակ լուսաւորուեցան անոր անմար ճառագայթներով ու ապրեցան իրենց վարժարանին անխառն պաշտամունքով:

Ճեմարանականներուն մթնոլորտը ճառագայթող մնաց ամէնուրեք: Հարիւրաւոր հրթիռներն ու պայթուցիկ կազի տակառները թէեւ ժամանակաւորապէս ամայացուցին այս անսասան տաճարը, սակայն չյաջողեցան ոչնչացնել անոր ճառագայթող էութիւնը: Ճեմարանականները ֆիզիքապէս հեռացան իրենց դպրոցէն, բայց ընդմիշտ Ճեմարանով ու Ճեմարան վերադառնալու յոյսով ապրեցան:

Ճեմարանի ողջ ընտանիքը (աշակերտներ, ուսուցիչներ, տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, շրջանաւարտից միութիւն) դժուար պայմաններու տակ շարունակեց իր առաքելութիւնը: Եւ հայակերտ այս կառոյցին երթը շարունակուեցաւ:

Անխափան այս երթին շաղախը յուսատու հաւատքն էր, իսկ զայն ամրապնդողը՝ գաղափարը: Հրաչ Փափազեաններու, Զարեհ Փայասլեաններու եւ մերօրեայ նուիրեալներու գաղափարական հենքին վրայ հաստատօրէն կանգնած Ճեմարանը հինգ տարիներու տագնապալի առօրեայէն ետք անկիւնադարձային հանգրուան թեւակոխեց:

Հալէպի ու յատկապէս Նոր Գիւղի խաղաղութեան վերահաստատումով վարժարանը իր դռները լայն բացած, սիրով ու կարօտով դիմաւորեց ճեմարանականներն ու հալէպահայութիւնը՝ թօթափելու պատերազմի ծանր լուծը եւ վերականգնումի նոր էջ բանալու Ճեմարանի պատմութեան մէջ:

Ու մենք մոմերով ուխտի գացինք Ճեմարան՝ մեր արմատներուն միանալու, Ճեմարանի, Նոր Գիւղի ու հայկական թաղերու պաշտպանութեան նուիրեալ նահատակներուն մատուռը լուսաւորելու, անոնց Ճեմարանի վերականգնումը աւետելու ու ազգային, համայնքային մեր ժառանգութեան պահպանման յանձնառութիւնը վերահաստատելու:

Ուխտի գացինք Ճեմարան՝ հաւատարիմ մնալու անոր ջամբած հայեցի դաստիարակութեան եւ անխախտ պահելու մեր հաւատքը հանդէպ Ճեմարանին ու անոր վսեմ առաքելութեան:

Ուխտի գացինք մոմերով՝ աղօթելու խաղաղութեան համար:

Ուխտի գացինք՝ միասնաբար վերակառուցելու մեր գիտութեան հնոցն ու օտարութեան դաժան մրրիկներուն դէմ մեզ անսասան պահող բերդը:

Ուխտի գացինք ու գօտեպնդուեցանք, լիցքաւորուեցանք Ճեմարանի հզօր ներուժով: