«Ուրիշ Ձեւի Կեանք Ու Ջերմութիւն Կայ Հայաստանի Մէջ․ Կապ, Որ Անբացատրելի Է», կ՛ըսէ Հայրենադարձ Լոռի Նաճարեան


Լոռի Նաճարեան Արագածի գագաթին

Թորոնթոյի  Համազգայինի «Էրէբունի» Պարախումբի երկար տարիներու պարուսոյց Լոռի Նաճարեան 2016-ին Հայաստան եկաւ  ուսանելու պարարուեստի ճիւղին մէջ։ Հայրենիքի հանդէպ իր մեծ սէրն ու կապուածութիւնը զինք մղեց մնալու, ստեղծագործելու եւ արարելու հայրենի հողին վրայ՝ իր  նպաստը բերելով Հայրենիքի շէնացման գործին։

«Թորոնթոհայ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լոռի Նաճարեանի հետ մօտէն ծանօթանալու անորՀայաստան հաստատուելու փորձառութեան մասին։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Սալբ Սաղտըճեան

 

Հարցում- Ինչո՞ւ որոշեցիք Հայաստան Հաստատուիլ։

Պատասխան- Հաստատուիլը այստեղ հետարքրական բառ է, որովհետեւ սկիզբէն հաստատուելու համար չէի եկած։ Հինգ տարի առաջ եկայ, որպէսզի Մագիստրատուրաս շարունակեմ պարարուեստի մէջ։ Երկու տարի ուսանելէն ետք, աշխատանքի առաջարկ ստացայ ու որոշեցի մնալ։ Թէեւ այդ ժամանակէն ի վեր արդէն քանի մը աշխատանք փոխած եմ։ Տարիէ տարի կը զգամ այստեղ ըլլալու կարեւորութիւնը եւ ամէն ետ երթալուս Գանատա, կը հասկնամ, որ Հայաստանը աւելի հարազատ է ինծի համար։ Երեւի թէ ամենէն կարեւորը այս վերջին պատերազմն էր, որ լրիւ անկիւնադարձային եղաւ իմ որոշմանս վրայ, թէ իսկապէս պէտք է այստեղ մնամ։

 

Հ․- Գանատայի մէջ, որպէս պարուսոյց երկար տարիներ ղեկավարած էք պարախումբեր։ Հոս ինչո՞վ կը զբաղիք։

Պ․- Այո, Գանատայի մէջ վեց տարի ղեկավարեցի Համազգայինի «Էրէբունի» պարախումբը եւ պարի ուսումնարանը, բայց ատկէ առաջ ես արդէն վստահ էի, որ պարարուեստը պէտք է կեանքիս մէջ մնայուն ըլլայ։ Երբ եկայ Հայաստան Մագիստրատուրան շարունակելու պարարուեստի ճիւղին մէջ, վստահ էի, որ անով ալ պիտի շարունակեմ։ Այն ատենուընէ HayArt Production-ի Մասիսի մասնաճիւղին մէջ Հայկական պար եւ ճազի պարի ոճերուն մէջ դաս կու տամ մինչեւ այսօր․ շաբաթը քանի մը անգամ հոն կ’երթամ։ HayArt Production-ը տարբեր մասնաճիւղեր ունի Հայաստանի մէջ՝ Երեւան, Հրազան, Աշտարակ․․․ ես Մասիսի մասնաճիւղին մէջ դաս կու տամ։ Անշուշտ ատիկա բաւարար չէ ապրելու համար․ ատոր հետ միասին անցեալին աշխատած եմ Շիրակացի ճեմարանին մէջ։ Իրենց International Baccalaureate մակարդակի պարարուեստի ծրագիրի հաստատման վրայ աշխատեցայ մէկ տարի։ Իսկ հիմա PicsArt-ի մէջ կ’աշխատիմ, որպէս Copy Writer, Creative and Branding խումբին մաս կը կազմեմ։ Կեանքիս մէջ չէի կարծեր, որ IT-ի ոլորտին մէջ կրնամ աշխատիլ, բայց իրանակութեան մէջ շատ հետաքրքրական է եւ աւելի ստեղծագործական՝ քան կը կարծէի։

 

Հ․- Հայաստան ապրիլը քեզի ի՞նչ կու տայ։

Պ․- Միշտ մարդիկ կը հարցնեն՝ ինչո՛ւ Հայաստան։ Ամէն անգամ պատասխանս «կեանք» բառը կ՛ըլլայ ։ Բառերով շատ դժուար է բացատրել․ ուրիշ ձեւի կեանք ու ջերմութիւն կայ այստեղ, կապ, որ անբացատրելի է։ Օրինակ անցեալ ամառ առիթ ունեցայ բաւական տարբեր շրջաններ պտըտելու Հայաստանի մէջ։ Covid-ը գոնէ այդ առիթը տուաւ։ Ամէն երթալուս այնքան աւելի սիրահարուեցայ Հայաստանին։ Դեռ ինչե՜ր կայ բացայայտելու այս երկրին մէջ եւ մեծ սիրով եւ ուրախութեամբ կ’ուզեմ շարունակել մնալ։

Մէկ այլ բան ալ կրնամ ըսել, որ երեւի ես չհասկցայ՝ ես ով եմ, մինչեւ Հայաստան ապրիլս։ Երբ դուրս կ’ապրիս, թէ՛ հայութիւնդ կը պահես, թէ՛ այդ երկրի սովորութիւնները, մօտեցումները կ’որդեգրես, չես կողմնորոշուիր, թէ ով ես եւ ինչին կը հաւատաս։ Երբ ես Հայաստան եկայ աւելի կայուն զգացի ես ինծի։ Երբ դուրսը կ’ապրիս, կը զգաս որ արտաքին ուժ մը կայ, որ քեզի կը թելադրէ դուն ինչպէս պէտք է վարուիս, հագուիս, խօսիս, շարժիս կամ ինչ ընես, բայց երբ դուն քու հայրենիքիդ մէջ ես, արդէն դուն քեզի համար կ’որոշես, թէ ինչին կը հաւատաս, ով ես, որուն հետ կ’ուզես  շփուիլ։ Այդ ամէն ինչը քեզի կը դարձնեն աւելի ինքնավստահ եւ կայուն մարդ:

 

Հ․- Որպէս սփիւռքահայ, որ ծնած մեծցած էք Հայաստանէն դուրս, այստեղ ապրիլը ի՞նչ դժուարութիւններ ունի։

Պ․- 2008- 2010-ը ուսանած եմ պարարուեստի ուսումնարանին մէջ, այն ժամանակ ձեւով մը փորձը ունէի Հայաստան ապրելու, բայց երբ 2016-ին եկայ ուսանելու եւ մնացի աւելի նկատեցի դժուարութիւնները եւ ամէն օր, գրեթէ երկու տարի, ես ինծի այդ հարցը տուի, թէ արդեօք ճի՞շդ որոշում կայացուցած եմ։ Ինծի համար դժուարութիւնները այս պահուն կրթութեան համակարգէն ներս է՝ ուղղակի շատ տարբեր մօտեցումներ կան կրթութեան մէջ։

 

Հ․- Իսկ առօրեայ ի՞նչ խնդիրներ կան։

Պ․- Լեզուի հարց, շփման ձեւերու տարբերութիւն։ Որպէս սփիւռքահայեր շատ հեշտ է միանգամայն հրաժարիլ, երբ դժուարութիւններու կը հանդիպինք։ Երեւի կարեւոր մէկ պատճառը, որ ես մնացի, այն է, որ ես երախտապարտ եմ ծնողքիս, որ փոքր տարիքէս իմ մէջ սերմանեցին հայրենասիրութիւնը, հայկական մշակոյթի հանդէպ սէրը, ազգայինի  կարեւորութիւնը։ Ատոնք ժամանակին չեմ անդրադարձած, թէ որքան կարեւոր են, մինչեւ տարիներ անցան։ Երեւի վերջին քանի մը տարիներուն է, որ ես իրականէն կը բացայայտեմ, թէ ինչքան արժէքներ փոխանցած են ինծի։  Որպէս սփիւռքահայ, երեւի թէ այս դժուարութիւնները անցնելու համար, պէտք է ունենաս ազգային զգացողութիւնը, որովհետեւ առանց այդ զգացողութեան շատ դիւրին է հրաժարիլ հայրենիքէն կամ որեւէ այլ բանէ։ Այդ արժէքներն են, որոնք մեզի կու տան պատճառ՝ պայքարելու եւ հայ ապրելու։

 

Հ․- Որպէս զբօսաշրջիկ Հայաստանի մասին այլ պատկերացում կ’ունենաս, քան որպէս  մշտական բնակիչ։

Պ․- Այո, շատ տարբեր է։ Որպէս զբօսաշրջիկ շատ հաճելի եւ լաւ կրնայ թուիլ այստեղ ապրիլը, բայց երբ կը սկսիս ապրիլ, կեանքի բոլոր կողմերը կը տեսնես եւ փորձառութիւնը կ’ունենաս։ Իմ կոչս է, որ սփիւռքահայերը գոնէ մէկ անգամ գան եւ ոչ միայն այցելեն, այլ փորձեն որեւէ կազմակերպութեան մէջ աշխատիլ։ Մանաւանդ այս դժուարին օրերուն մարդիկ հասկնան, թէ ինչ խնդիրներ ունի Հայաստանը եւ ինչ ձեւով կրնան օգտակար դառնալ։ Եւ այնքան ոչ-կառավարական (non-government) կազմակերպութիւններ կան, որոնք գնահատելի Internship ծրագիրներ սկսած են, կարելի է մասնակցիլ, առնուազն այդ ձեւով կապ ունենալ Հայաստանի իրական պատկերին հետ։

 

Հ․- Ըսիք, որ վերջին պատերազմը անկիւնադարձային եղաւ Հայաստան մնալու որոշումիդ վրայ։ Այս պատերազմը ի՞նչ փոխեց ձեր մէջ։

Պ․- Այս պատերազմը շատ բան փոխեց։ Նախ ըսեմ, երեւի մինչեւ այդ պահը չէի կարծեր, որ Հայաստանը այդ աստիճանի վտանգի մէջ է, եւ, դժբախտաբար, այդ աստիճանի՝ տկար։ Բայց նաեւ պիտի փորձենք ինչ որ ձեւով լաւատես ըլլալ։ Այս շատ ծանր վիճակէն դուրս գալու համար պէտք է ալ աւելի շատ սփիւռքի եւ Հայաստանի կապը հզօրանայ, ամրանայ։ Ոչ միայն նիւթական, այլ այստեղ ըլլալով։ Նիւթականը այո, շատ-շատ կարեւոր է եւ պէտք է, բայց այստեղ ըլլալով, իրական գետնի վրայ կը տեսնես խնդիրները։ Ամէն օր կենցաղային խնդիրները քու մաշկիդ վրայ զգալով՝ կրնայ ըլլալ ուրիշ ձեւով մտածես օգտակար դառնալու մասին եւ աւելի արդիւնաւէտ ըլլան անոնք։

 

Հ․- Սփիւռքի մասնագէտներու կարիքը կայ այստեղ:

Պ․- Այո, շատ-շատ մեծ ներդրում կրնան ունենալ հոս։ Տարբեր տարիքի, տարբեր մասնագիտութիւններու կարիքը կայ։ Գիտեմ Սփիւռքի մէջ կը տատամսին, եւ գիտեմ, որ դժուար է ամէն ինչ ձգել եւ գալ Հայաստան, բայց իրականութեան մէջ այնքան դժուար չէ, ինչքան կը կարծեն։

Դժբախտաբար, պատերազմը նաեւ մարդոց յարաբերութիւնները փոխեց․ Պատերազմի ատեն այնքան մեծ հպարտութիւն կար մեր մէջ։ Մէկ ամսուան մէջ այնքան մեծ աշխատանք կրցանք ընել, իսկ Նոյեմբեր 9-էն ետք, կարծես ամէն ինչ փլաւ։ Մարդոց միջեւ բաժանումը․ չէի կարծեր, որ մենք այդ աստիճանի թոյլ էինք, յուսահատ, խաբուած։ Բայց չեմ ուզեր ըսել, որ այդ վիճակը կը շարունակուի, ուղղակի չենք կրնար ձգել, որ այդ զգացումը շարունակուի։ Վստահ եմ, որ մեր կարելին կ’ընենք՝ դուրս գալու այդ վիճակէն, բայց անոր հետքերը  դեռ կան։ Յոյսով՝ կը յաղթահարենք այս դժուար պահը եւ եւս մէկ անգամ այդ միասնութիւնը կը զգանք ոչ պատերազմական վիճակի մէջ, այլ՝ սովորական կեանքին մէջ։

 

Հ․- Հոս ուրա՞խ էք։

Պ․- Շատ։ Փողոցը կը քալես, կը զգաս քուկդ է, ուր որ կ՛երթաս քուկդ է։ Օրինակ սրճարան կը մտնես, այդտեղի աշխատողները քեզի շատ լաւ կը ճանչնան, ուր որ երթաս ջերմ կապեր կը հաստատես եւ անոնք անփոխարինելի են։

– Հոս ի՞նչ կայ, որ Գանատա չկայ։

– Որպէս մարդ, որ ծնած ու մեծցած է Գանատա, իրականութեան մէջ շատ շնորհակալ եմ, որ ունեցած եմ շատ տարբեր արժէքներ, որոնք կրնայ ըլլաս հոս չէի կրնար ձեռք բերել, օրինակ կրթութեան փորձառութիւնը ու տարբեր մշակոյթներ եւ մարդկային արժէքներ, որոնք Գանատայէն վերցուցած եմ եւ ուրախ եմ ատոր համար։ Բայց Հայաստանի մէջ բացի որ քուկդ է, կը զգաս, որ ամէն օր շատ անսպասելի կրնայ անցնիլ։ Ես ատիկա կը սիրեմ կեանքի մէջ, միշտ անակնկալներով լեցուն։ Այդ օրը կրնաս յայտնուիլ տեղ մը, որ չէիր պատկերացներ, կամ հանդիպիլ մարդու մը, որ չէիր կարծեր, որ գոյութիւն ունի։ Կեանքը այստեղ ձանձրացուցիչ չէ, եւ կարծես աւելի նպատակային կեանք կ’ապրիս այստեղ։ Երեւի ատիկա է ամէնէն կարեւորը, որովհետեւ երբ մարդ առանց նպատակի կ’ապրի կամ կրկնողական վիճակի մէջ, անհետաքրքիր է։

Երբ փոքր էի, ծնողքս միշտ ինծի կ’ըսէր՝ «Օր մը Հայաստան պիտի տեղափոխուինք»,  բայց այն ատեն կ’ըսէի՝ «Չէ ինչ Հայաստան, Գանատան իր ամէն յարմարութիւններով ինչպէս ձգեմ»։ Բայց հիմա ծնողքս հոն է, իսկ ես հոս եմ։ Բայց նաեւ գիտեմ, որ իրենց սիրտն ու հոգին այստեղ է եւ վստահ եմ, որ օր մը իրենք ալ այդ որոշումը պիտի կայացնեն։

 

Հ․- Որպէս հայրենադարձ, ինչ խորհուրդ կու տաք այն սփիւռքահայերուն, որոնք կը մտածեն գալ եւ հաստատուիլ Հայաստան։

Պ․- Առաջին կրնամ ըսել` լայնամիտ մօտեցումով գան այստեղ, որովհետեւ դուրսը մենք կը մեծնանք այն պատկերացումով՝ մեր հայրենիքը դրախտային վայր մը, կատարեալ տեղ մը է, բայց իրականութիւնը այն է, որ ան երկիր է։ Երբեմն մեր զգացումները կը խանգարեն այդ իրականութիւնը տեսնելու, կամ ընդունելու։ Երկրորդը՝ ամէն մէկը պիտի որոշէ, իրեն համար ինչն է կարեւոր կեանքի մէջ։ Ոչ մէկուն կրնաս ստիպել, որ գայ իր հայրենիքը, բայց գոնէ գայ, այցելէ, իրականէն փորձէ զգալ, ոչ թէ զբօսաշրջային կողմէ, այլ  փորձառութիւններ ունենայ որպէս տեղացի։ Ինչպէս նախապէս նշեցի, կան շատ կազմակերպութիւններ, որոնց միջոցով կարելի է գալ եւ կամաւոր աշխատիլ, փորձառութիւն ունենալ։