Ուրուկուէյի Մէջ 20 Հազար Հայեր Կ՛ապրին


Զարեհ Սինանեան կ՛ընդունի Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Ռոտոլֆօ Նին Նովօան

«Արմէնփրէս».- Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ընդունեց Ուրուկուէյի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ռոտոլֆօ Նին Նովօան։

Զարեհ Սինանեան նախ ներկայացուց Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի գործունէութիւնը եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն առումով տարուող աշխատանքները: «Սփիւռքը լուրջ դերակատարութիւն ունի հայրենիքի կեանքին մէջ, եւ պետութիւնն ալ իր հերթին մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայկական Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման: Ուրուկուէյի մէջ եւս կ՛ապրին մեծաթիւ հայեր, եւ մեր պետութիւններու միջեւ առկայ են բարեկամական կապեր: Ուրուկուէյ մշտապէս եղած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին, որուն համար շնորհակալ եմ», նշեց Սինանեան։

Նախարար Ռոտոլֆօ Նին Նովօա ընդգծեց հայերուն դերակատարութիւնը Ուրուկուէյի մէջ եւ նշեց, որ, իրենց տուեալներով, այժմ 20 հազար հայ կ՛ապրի հոն: «Հայութիւնը Ուրուկուէյի մէջ կը նպաստէ հասարակութեան զարգացման, կը պահպանէ իր ինքնութիւնը, ատոր վառ վկայութիւնն է հայկական դպրոցներու ու եկեղեցիներու առկայութիւնը: Հետաքրքրական համակեցութիւն է՝ ըլլալ Ուրուկուէյի քաղաքացի եւ մնալ հայ, պահպանել ինքնութիւնը», ըսաւ ան՝ յիշելով անունները այն նշանաւոր հայերուն, որոնք իրենց ներդրում ունեցած են Ուրուկուէյի մէջ։

Ուրուկուէյը համեմատաբար փոքրաթիւ Սփիւռք ունի՝ մօտ կէս միլիոն: Նախարարը յայտկապէս հետաքրքրուեցաւ Հայաստանի փորձառութեամբ՝ Սփիւռքի հետ աշխատելու առումով, ինչ որ կրնայ մեծապէս օգտակար ըլլալ Ուրուկուէյին։ Ռոտոլֆօ Նին Նովօա դիտել տուաւ, որ այս ոլորտին մէջ համագործակցութեան խորացման պիտի նպաստէ նաեւ Հայաստանի մէջ Ուրուկուէյի հիւպատոսութեան բացումը:

Զարեհ Սինանեան շեշտեց, որ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարին գրասենեակը բաց է սերտ համագործակցութեան եւ փորձառութեան փոխանակման համար:

Այնուհետեւ կողմերը անդրադարձան հայկական Սփիւռքի աշխարհագրական տարածուածութեան եւ բազմազանութեան, հայրենադարձութեան կարելիութիւններուն, Հայաստան-Ուրուկուէյ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ հայ համայնքին ներգրաւման: