Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմի Սկիզբէն Ի վեր Զոհուած է 11 Հայ


Serhii Nuzhnenko/RadioSvoboda.org (RFE/RL)

«Ազատութիւն»- Ուքրանիոյ մէջ, տեղի հայկական կառոյցներու տուեալներով, պատերազմի սկիզբէն ի վեր, մինչեւ Մարտ 18ը, զոհուած է 11 հայ: Ըստ այդ երկրի հայերու միութեան` երէկ Խարքովի մէջ մահացած է 26-ամեայ Արտիոմ Այվազեանը, ան կամաւոր էր, կ’օգնէր իր քաղաքի կարիքաւորներուն` անոնց սնունդ եւ դեղորայք հասցնելով:

Հայ զոհերուն մէջ 8-ը քաղաքացիական անձիք են:

«7-ը խաղաղ բնակիչներ են` ազգութեամբ հայ, 3-ը՝ զինուորականներ: Առաջին զոհը Խերսոն քաղաքին մէջ էր, որմէ արդէն 10-15 օր անցած է, ունինք զոհեր Չոնգար, Մարիուպոլ քաղաքներուն մէջ», յայտնած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան փոխնախագահ Դաւիթ Մկրտչեանը:

Մինչեւ պատերազմը Ուքրանիոյ հայերու թիւը մօտ 350 հազար էր, թէ անոնցմէ քանի հոգին վերջին 3 շաբաթներու ընթացքին կրցած են լքել պատերազմող երկիրը, յայտնի չէ: Ան ըսած է, որ «կը փորձեն իմանալ, թէ քանի հոգի մնացած է: Դիմած են Ուքրանիոյ սահմանապահ ծառայութեան, բայց վերջինս գերծանրաբեռնուած է եւ հնարաւորութիւն չունի մեզի տրամադրել միայն հայերու թիւերը»։  

Յայտնի է, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի սահմանը հատած է շուրջ 4000 Ուքրանիոյ քաղաքացի, սակայն պարզ չէ` անոնցմէ քանի հոգին հայ է:

Պատերազմից 3 շաբաթ անց ի՞նչ կ’ընէ Հայաստանի կառավարութիւնը Ուքրանիոյ հայերուն օգնելու համար

«Մենք Ուքրանիայէն փախչող  հայերուն տրամադրած են, որ անկցակէտէն դուրս գան եւ ինչ երկիրներ երթան՝ հիմնականօրէն Լեհաստան, Ռումինիա, Մոլտովա, Սլովաքիա եւ այլ երկիրներ եւ տեղեկութիւններ, թէ որուն հետ կապ հաստատեն, որպէսզի կարենան իրենց կենցաղային հարցերը գոնէ ժամանակաւորապէս լուծել», ըսաւ Սփիւռքի գլխաւոր յաձնակատար Սինանեան:

Ըստ Սինանեանի` հարեւան երկիրներու մէջ արդէն մեծաթիւ հայեր կան. «Ես, օրինակ, կ’ըսէի, որ քիչ մը դանդաղ շարժած ենք այս իմաստով, որովհետեւ մենք ունինք բաւարար տեղեկութիւն, որ շատ մարդիկ հաւաքուած են արդէն այնտեղ, եւ ցանկութիւնը կայ Հայաստան գալու․․․»

Մինչ Հայաստանի մէջ դեռ տեղեկութիւններ կը հաւաքեն, Ուքրանիոյ հայերի միութեան ներկայացուցիչը կ՛ըսէ, որ ուքրանահայերուն աջակցելու հարցով Հայաստանի կառավարութիւնը արդէն շատ ուշացած է. «Առաջին շաբաթը, առաջին 10 օրը շատ-շատ կը հարցնէին, թէ Հայաստան օդանաւ կը տրամադրէ՞ իրենց։ Հայաստանի պատկան մարմիններէն լուրեր չստանալով` համայնքի հայերուն յայտնած են, որ ինքնուրոյն դուրս գալ պատերազմող քաղաքներէն։

Հայերուն մեծ մասը սիրով Հայաստան կը վերադառնար, բայց հեռացած է դէպի այլ երկիրներ, կը յայտնէ Լվովի մէջ արդէն քանի մը տասնամեակ բնակուող Հայաստանի քաղաքացի Քնարիկ Կոդաբաշեանը։ «Կան մարդիկ, որ երկու շաբաթ ժամանակ ունին ապրելու Եւրոպայի մէջ, մինչեւ տեսնեն` ինչ կ՛ըլլայ, այն ժամանակ նորէն կը վերադառնան Ուքրանիա: Կան մարդիկ, որոնք այդ ընթացքին կը վերադառնան Հայաստան․․․», նշած է ան։