Լոռիին Մտորումները. “Պանդուխտն Ու Հայրենիքը”


Լոռ­ի Պէր­պէ­րեան

Օր մը Լի­բա­նան­ցի էր, միւս օրը՝ Գա­նա­տա­ցի: Պան­դուխ­տը դար­ձած էր աշ­խար­հի քա­ղա­քա­ցի, ու միշտ հե­ռու՝ ի­րեն ան­ծա­նօթ հայ­րե­նի­քէն:

Սի­րա­կա­րօտ պան­դուխ­տը աջ ու ձախ կը նա­յէր ու որե­ւէ տեղ եր­ջան­կու­թիւն չէր գտներ ու յա­ւէտ կ­’ե­րա­զէր իր չտե­սած հայ­րե­նի­քին մա­սին: Ան ան­դա­դար կը մտա­ծէր, թէ ար­դեօք կեան­քին յա­ջորդ տա­րի­նե­րը ո՞ր­ օ­տար երկ­րին ա­փե­րը պի­տի անց­նէր․․․

Ուր որ եր­թար, յու­սա­հա­տած պան­դուխ­տին հան­դի­պող­նե­րը՝ զայն թաց աչ­քե­րով կը դի­տէին ու լուռ-լուռ կը մտա­ծէին, թէ պան­դուխ­տը քա­նի՞ ցա­մա­քա­մա­սի վրայ պէտք է ապ­րէր մին­չեւ հասկ­նար, որ նոյ­նիսկ աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն կեան­քի մա­կար­դակ նո­ւի­րող եր­կի­րը՝ հայ­րե­նի­քէն ան­ջա­տո­ւած պան­դուխ­տին չէր կրնար գո­հաց­նել:

Իսկ ու­րիշ­ներ կը կար­ծէին հե­տաքր­քիր պան­դուխ­տը կը փոր­ձէր եզ­րա­կաց­նել, թէ քա­նի՞ լե­զու պէտք է սոր­վէր մին­չեւ իր մայ­րե­նի լե­զուն ամ­բող­ջո­վին մոռ­նար ու որ­քա՞ն ­հե­ռու պէտք էր փո­խադ­րո­ւէր, որ­պէս­զի իր հայ­րե­նի­քին կա­րօ­տի ցա­ւը չզգար:

Մինչ ինք՝ կը մտա­ծէր․․․ ար­դեօք պան­դուխ­տը նոյ­նիսկ տուն մը ու­նէ՞ր, ուր իր հո­գին վեր­ջա­պէս հանգ­չէր:

Ժա­մա­նակ մը ետք, տրտմած պան­դուխ­տը հայ­րե­նի­քին կան­չը լսեց ու ան­համ­բեր ո­գե­ւո­րու­թեամբ վա­զեց ա­նոր գիր­կը: Ան­ծա­նօթ ա­րե­նա­կից­նե­րու հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ոչ միայն իր հայ­րե­նի տու­նը այ­լեւս իր ա­նո­ւան պէս հա­րա­զատ թո­ւե­ցաւ, այլ՝ իր ե­րա­զանք­ներն ու կեան­քի նպա­տակ­ներն ալ բազ­մա­ցան:

Պան­դուխ­տը՝ սրտանց ներշն­չո­ւած, կար­ծես իր կեան­քին ի­մաս­տը գտած վե­րա­դար­ձաւ ու սկսաւ իր ա­ռօ­րեան անզս­պե­լի ե­ռան­դով մը ապ­րիլ, յան­կարծ, օ­տար երկ­րի հո­ղի վրայ, իս­կա­պէս ու­րախ զգաց:

Ան վախ­ցաւ, ինք­զին­քը մե­ղա­ւոր ա­նո­ւա­նեց, կար­ծե­լով որ իր ազգն ու հայ­րե­նի­քը կը դա­ւա­ճա­նէր: Սա­կայն, օ­րի բե­րու­մով պան­դուխ­տը տե­սաւ որ այդ ու­րա­խու­թիւ­նը իր ժո­ղո­վուր­դէն ու մայր հո­ղէն հա­ւա­քած ա­ռա­քե­լու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն էր: Պան­դուխ­տը անդ­րա­դար­ձաւ, որ այդ ցնծու­թիւ­նը ար­դիւնքն էր այն փոք­րիկ հայ­րե­նի­քին, որ ան կազ­մած էր իր շուրջն ու մա­նա­ւանդ՝ իր սրտին մէջ:

Այդ զո­ւար­ճու­թիւ­նը իր մտքին մէջ ծնունդ տո­ւաւ այն գա­ղա­փա­րին, որ սե­փա­կան օ­ճա­խը գտնե­լու չափ խա­ղա­ղու­թիւն պատ­ճա­ռեց ա­նոր: Այն էր՝ կա­րե­լիու­թիւ­նը, որ թե­րեւս ան պան­դուխտ ծնած էր, որ­պէս­զի աշ­խար­հը համ­տե­սէ իր ազ­գին պտուղ­նե­րը եւ ծա­նօ­թա­նայ իր հայ­րե­նի­քէն բխած հրա­շա­լիք­նե­րուն: Թե­րեւս իր պանդխ­տու­թեամբ օգ­տա­կար էր հե­ռա­ւոր հայ­րե­նի­քին: Թե­րեւս կրնար ի­րեն նման պան­դուխտ­նե­րու ծա­նօ­թաց­նել ի­րենց տա­կա­ւին ան­ծա­նօթ հայ­րենի­քը:

Թե­րեւս կա­րե­ւոր չէր որ­քան հե­ռու էր հայ­րե­նի­քէն, այլ՝ որ­քան մօ­տիկ էր հայ­րե­նի­քը իր սրտին: