Պաշտպանութեան Բանակը Ձեռնարկած Է Պատասխան Գործողութիւններու, Հակառակորդը Կորուստներ Ունի


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնները ճնշելու համար պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը Յուլիս 4ի երեկոյեան ստիպուած եղած են ձեռնարկել պատասխան գործողութիւններու, որոնց արդիւնքով վնաս հասցուած է Ալխանլու գիւղին մէջ տեղակայուած կրակակէտին: Պաշտպանութեան բանակի  համապատասխան ծառայութիւններէն տրամադրուած  տուեալներով, հակառակորդը ունի կորուստներ:

Ազրպէյճանական սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը աւելի կանուխ տեղեկացուցած էր, որ Յուլիս 4ին շփման գիծի տարբեր հատուածներու մէջ ազրպէյճանական կողմը շարունակած է խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը: «Յատկապէս, ժամը 11:30-11:35-ին արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմը կիրարկած է 82 միլիմեթրանոց ականանետ (4 արկ), նոյն հատուածին մէջ ժամը 12:45-12:55-ի սահմաններուն` հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետ (3 արկ), հարաւային ուղղութեամբ` ժամը 13:35-ին 60 միլիմեթրանոց ականանետ (3 արկ), 19:10-ին` 60 միլիմեթրանոց ականանետ (2 արկ), իսկ 20:20-20:30-ի սահմաններուն Ալխանլու գիւղին մէջ տեղակայուած զինուորական կեդրոնէն ազրպէյճանական զինուժը TR-107 տիպի համազարկային հրթիռային համակարգերէ (5 արկ) կրակ բացած է հարաւային ուղղութեամբ գործող զօրամասերէն մէկուն հրամանատարական կէտի ուղղութեամբ` 20:48-ին կիրարկելով նաեւ 82 միլիմեթրանոց ականանետ (3 արկ)», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Կատարուածին հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Պաքուի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը», շեշտած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները  յայտարարութիւն տարածած են տեղի ունեցած դէպքին վերաբերեալ։

«Ստացած ենք տեղեկատւութիւն Յուլիս 4ի ուշ երեկոյեան Ֆիզուլիի շրջանի Ալխանլու գիւղի շրջանի բռնութեան վերսկսման մասին, որ պատճառ դարձած է մարդկային կորուստներու, ներառեալ եւ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ: Մինսկի խումբը հրատապ կերպով կոչ կ՝ուղղէ կողմերուն՝ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնը: Բռնութիւնը միայն կը ծնի յետագայ բռնութիւն եւ ոչինչ կու տայ: Այս երկարատեւ հակամարտութեան լուծման միակ պատասխանատու եւ մարդկային ճանապարհը կողմերուն համար բարի կամքով բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալն է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Աւելի ուշ Պաշտպանութեան բանակը հրապարապեց տեսագրութիւն մը, ուր յստակ կ՛երեւի հակառակորդին կողմէ TR-107 համազարկային հրթիռային կայանքէն իրականացուող հրթիռակոծումը: