Պաշտօնական Հանդիսութեամբ ՀամաՀՄԸՄական 10րդ Մարզախաղերը Ազդանշանը Տուին ՀՄԸՄի 100ամեակի Յոբելենական Տօնակատարութիւններուն


“Ազդակ”․- Յուլիս 22ի երեկոյեան, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կատարուած շքեղ տողանցքով եւ պաշտօնական հանդիսութեամբ՝ բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակի յոբելենական տարուան տօնակատարութիւններուն, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 2018ի աւարտ:

Տողանցքն ու հանդիսութիւնը կատարուեցան համաՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերուն առիթով, որոնք 19 շրջաններէ եւ Թեհրանի «Արարատ» ու «Նայիրի» միութիւններէն Հայաստան համախմբած են 1250 մարզիկ-մարզիկուհիներ, իրաւարարներ, մարզական պատասխանատուներ, ծնողներ ու բարեկամներ: Մարզախաղերը երեք օրէ ի վեր արդէն ընթացք առած են Երեւանի զանազան դաշտերուն վրայ:

Տողանցքի Նախօրեակին

10-րդ մարզախաղերու տողանցքի եւ բացման հանդիսութեան նախօրեակին, Յուլիս 22ի յետմիջօրէին, մասնակիցները հաւաքուեցան Երեւանի պետական օփերայի Արամ Խաչատուրեանի անուան սրահը, ուր ծանօթացան մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինի անդամներուն, մարզախաղերու օրէնքներուն եւ ՀՄԸՄական տիպար մարզիկի բարոյական յատկանիշներուն: Անոնք դիտեցին նաեւ ՀՄԸՄը եւ անոր մարզական շարժումը ծանօթացնող տեսանիւթ մը: Ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեան:

Ապա, մարզախաղերուն մասնակից 21 շրջանները ներկայացնող մարզիկ-մարզիկուհիներ ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի նահատակաց յուշահամալիր, որուն անմար կրակէն վառեցին մարզախաղերուն ջահը եւ փոխն ի փոխ վազելով, զայն Ծիծեռնակաբերդէն փոխադրեցին մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ: Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ջահակիր մարզիկ-մարզիկուհիներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Քորթեան:

Տողանցքը

ՀՄԸՄի «մարզական բանակ»ին սպասուած տողանցքը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:1-ին` Ազատութեան հրապարակէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ: Տողանցքը առաջնորդեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի շեփորախումբը, Հայաստանի, ՀՄԸՄի, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ 100ամեակի դրօշակակիրները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի սկաուտական պատուոյ խումբի անդամները:

Պաշտօնական Հանդիսութիւնը

Տողանցքի աւարտին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներով ընթացք առաւ 10րդ մարզախաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն հետ ազդանշանը տրուեցաւ միութեան 100ամեակի յոբելենական տօնակատարութիւններուն:

Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու ներկայացուցիչները` Վարդան եպս. Նաւասարդեան եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու, ինչպէս նաեւ` պաշտպանութեան փոխնախարարները, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, Հայաստանի մէջ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի դեսպանները, քորէական ազգային սկաուտութիւնը ներկայացնող բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, մարզախաղերու նախագահ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներ եւ հայրենի հիւրեր:

Հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Վարդան եպս. Նաւասարդեան, որ կարդաց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ողջոյնի գիրը: Իր գիրին մէջ, Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը նկատել կու տար, որ մարզախաղերը ՀՄԸՄական մարզիկներուն համար առիթ են ծանօթանալու իրենց հասակակիցներուն, ճանչնալու հայրենիքը եւ մեր հոգեւոր ու մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը: Գարեգին Բ. կաթողիկոս կը մաղթէր, որ հայրենիքի մէջ ապրուած գեղեցիկ օրերու տպաւորութիւնները անջնջելի մնան բոլոր մասնակիցներու հոգիներուն մէջ եւ անոնք յաւէտ ապրին մեր երկրին ու անոր հայրենական արժէքներով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը: Արամ Ա. կաթողիկոս իր գիրով կը հաստատէր, որ անցնող հարիւր տարիներուն ընթացքին ՀՄԸՄը իր աշխարհացրիւ կառոյցներով ու անդամներով եղաւ տիրական ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու գանձարանը եւ դպրոցը դարձաւ ՀՄԸՄը: Ազգին ու հայրենիքին պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ եւ այդ պատկանելիութիւնը յանձնառու ծառայութեան վերածելու նախանձախնդրութեամբ, ՀՄԸՄը կարեւոր ներդրում բերաւ մեր ժողովուրդին` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի գաղութներուն մէջ:

Ապա, մարզախաղերու հիւրընկալ շրջանի` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ողջոյնի խօսքը ուղղեց շրջանի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄի 100ամեակին առիթով կատարուող 10րդ մարզախաղերը կը վկայեն, որ միութիւնը մէկ դարէ ի վեր չէ դաւաճանած իր առաքելութեան եւ սկզբունքներուն` ըլլալով ամուր, յաջողած եւ ազնիւ գաղափարի ծառայող կառոյց: Կառոյց, որ միասնական մէկ բռունցք է: Կառոյց, որ կը համախմբէ հայ երիտասարդութիւնը` անկախ անոր ապրած վայրէն: Կառոյց, որ բոլորը կը համախմբէ հայրենիքի գաղափարին շուրջ:

Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինին անունով խօսք առաւ մարմինի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, որ ըսաւ, թէ նման մարզախաղերու կազմակերպման նպատակը մարզախաղերը չեն միայն, այլեւ` հայրենի հողին վրայ մեր երիտասարդութիւնը քով-քովի բերելը եւ միասնաբար հայրենիքը վայելելը մարզական եւ ՀՄԸՄական առողջ մթնոլորտի մէջ:

Յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Ան ՀՅԴ Բիւրոյի անունով ողջունեց համաՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերուն մասնակիցները եւ ըսաւ, որ այս մարզախաղերը լաւ առիթ են արժեւորելու մեր ամէնէն տարածուն եւ ամէնէն փորձառու երիտասարդական կառոյցին դերն ու առաքելութիւնը մեր կեանքին մէջ:

 

Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան յայտնեց, որ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կը թեւածէ հպարտութիւն, խանդավառութիւն, ոգեւորութիւն եւ սէր: «Դուք հպարտութեամբ այստեղ կանգնած` կը խորհրդանշէք մեր ազգին միասնութիւնն ու միակամութիւնը 2800 տարեկան դարձող մեր մայրաքաղաքի սրտին մէջ: Երեւանը մեր հոգեւոր մայրաքաղաքն է, որ այսօր մագնիսի նման իրեն կը քաշէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը», աւելցուց ան:

Յակոբեան խորհրդանշական գտաւ մարզախաղերու ջահին Ծիծեռնակաբերդէն բոցավառումը եւ ըսաւ, որ մեր սուրբ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրէն բերուած ջահով այս պահուն կը բոցավառին մեր հոգիներն ու սրտերը, որպէսզի մենք գործենք յանուն Հայաստանի, յանուն հայութեան եւ յանուն հայ մարդուն:

Այնուհետեւ, պաշտօնական հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄի պատմութեան մեծագոյն մարզախաղերն են, որոնք այսօր ընթացք կ’առնեն անկախ Հայաստանի դրօշին առաջնորդութեամբ, հայրենի պետութեան լայն աջակցութեամբ եւ սփիւռքի նախարարութեան անվերապահ օժանդակութեամբ: Մարզախաղերը կը նախագահեն Սիտնիէն բազմավաստակ ՀՄԸՄական տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ, որոնք իշխանական նուիրատուութեամբ մը կարելի կը դարձնեն այս մարզախաղերուն կազմակերպումը Հայաստանի մէջ:

Մկրտիչեան հաստատեց, որ այս մարզախաղերուն, 10 օրեր շարունակ, ՀՄԸՄական մարզիկ-մարզիկուհիներ պիտի մրցին 9 մարզաձեւերու մէջ, պիտի յաղթեն ու պարտուին, սակայն բոլորը պիտի շահին հայրենի հողին վրայ ըլլալու, հայրենիքով ապրելու եւ հայրենիքով զօրանալու մեծ ուժը: Հայրենիքը պիտի վերագտնէ իր հարազատ զաւակները, իսկ զաւակները պիտի գտնեն այն հայրենիքը, որ ՀՄԸՄ-ական իրենց դաստիարակութեամբ, իրենց մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ է արդէն, իրենց ամէնօրեայ ապրումներուն եւ զգացումներուն մէջն է անպայման:

 

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը յայտնեց, որ ՀՄԸՄի մարզական բանակը յառաջիկայ 10 օրերուն ազնիւ մրցակցութեան եւ արդար խաղի լաւագոյն օրինակները պիտի տայ մարզասէր մեր հանրութեան: ՀՄԸՄական տղաքն ու աղջիկները անհատական թէ խմբային իրենց յաջողութիւններով պիտի բարձրանան եւ իրենց հետ հայութիւնն է, որ պիտի բարձրացնեն ամուր, պայծառ եւ շէնշող Հայաստանի մը տեսիլքով:

«ՀՄԸՄ տեսիլքներու հաւատացող միութիւն է: 28 տարի համաՀՄԸՄական մարզախաղերը հայրենիքէն դուրս կատարելով, ան տեւական տեսիլքը ունեցաւ այդ մարզախաղերը Հայաստանի մէջ կատարելու: Այսօր արդէն 3րդ անգամն է, որ այդ մարզախաղերը կը կատարուին Հայաստանի մէջ, 2009-ի եւ 2013-ի յաջող փորձառութիւններէն ետք: ՀՄԸՄի տեսիլքն է, որ այս մարզախաղերը մօտալուտ ապագային կատարուին աւելի հզօր ու աւելի բարգաւաճ Հայաստանի մը մէջ», եզրափակեց ան:

10րդ Մարզախաղերու Ջահին Բոցավառումը

Խօսքերու աւարտին, ներկաները ողջունեցին Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ փոխն ի փոխ ջահը փոխադրած 21 մարզիկ-մարզիկուհիները` առաջնորդութեամբ ծանրամարտի Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան Նազիկ Աւդալեանի: Ջահը հասաւ ջահավառութեան պատուանդան, ուր բազմահազար ներկաներու ծափողջոյններով եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին հանդիսաւոր յայտարարութեամբ բոցավառեցաւ ան` ազդանշանը տալով թէ՛ 10րդ մարզախաղերու եւ թէ՛ միութեան 100ամեակի տօնակատարութիւններուն պաշտօնական բացման:

Տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄական մարզիկի երդում, զոր կատարեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի մարզիկներէն Անդրանիկ Սարգիսեան:

Ապա, մինչեւ հանդիսութեան համերգային յայտագիրին անցումը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄը եւ մարզական անոր շարժումը ծանօթացնող տեսանիւթի մը ցուցադրութիւնը:

Համերգային Յայտագիրը Եւ Հրավառութիւնը

Երեկոյեան ժամը 9:00ին, սկսաւ հանդիսութեան համերգային բաժինը, ուր ժողովրդային, ազգային-հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչ-երգչուհիներ Ռուբէն Սասունցի, Աննա Խաչատրեան, Նարեկ Բաւէեան, Սոնա Շահգելդեան, Արսէն Գրիգորեան, Նարէ Գէորգեան, Վարդան Պատալեան, Անահիտ Շահպազեան, Էրիկ Կարապետեան, Արաբօ եւ Ներսիկ Իսպիրեաններ, Գաբի Գալոյեան, Նարինէ Դովլաթեան եւ Սոֆի Մխէեան:

Համերգային յայտագիրը փակուեցաւ Երեւանի երկինքը գեղեցկօրէն զարդարող հրավառութեամբ: