«Պատերազմը Դեռ Չի Աւարտուել։ Ամէն Վայրկեան Պէտք Է Կռիւ Տանք, Որ Յաջողենք» «Թորոնթոհայ»ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան


2020-ի Սեպտեմբեր 27-էն Նոյեմբեր 9-ը Ազրպէյճան լայնածաւալ պատերազմ սկսաւ Արցախի դէմ։ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ունեցանք բազմաթիւ մարդկային եւ նիւթական կորուստներ։ Պատերազմէն ետք տակաւին Հայ ժողովուրդը ուշքի չէ եկած եւ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ կը տիրէ անկայուն վիճակ։

Երեւանէն մեր զրուցակիցն է յայտնի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան, որ կը ներկայացնէ Արցախեան վերջին պատերազմին պատճառները, ներկայ դառն իրականութենէն դուրս գալու ելքերը եւ կու տայ Հայ ժողովուրդի յաղթանակի եւ վերածնունդի իր բանաձեւը։

Բեմադրիչը կը խօսի նաեւ իր նոր ֆիլմերու նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ յետագայ ծրագիրներուն մասին։

Նշենք, որ Մարտ 30-ին տեղի պիտի ունենայ Աւետիսեանի  «Վերածնուածը» ֆիլմին crowdfunding-ը։ Ան կոչ կ’ուղղէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու դրամահաւաքին եւ իրենց լուման ներդրելու Արցախի դատին մասին պատմող ֆլիմի ստեղծման գործին։