Պատերազմին Զինուոր Որդի Կորսնցուցած 27 Մայրեր Երեխայ Պիտի Ունենան


«Արցախփրես»- ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Մօր եւ մանկան առողջութեան պատասխանատու Նունէ Փաշայեան յայտնած է, որ Արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած զինծառայողներէն 27-ի մայրերը վերարտադրողական բժշկութեան (Fertility Treatment) ծրագրի շնորհիւ 2022-ին կրկին երեխայ պիտի ունենան: Զոհուած զինծառայողներու մայրերէն երկուքը արդէն ծննդաբերած է:

Փաշայեան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նշած է, որ «ծրագրի այս բաղադրիչը հաստատուեցաւ 2021-ի Փետրուարին, եւ արդէն ունինք լաւ արդիւնքներ: Վստահ եմ, որ թիւը օրէ օր պիտի փոխուի: Արդէն շուրջ 200 հոգի դիմած է: Այս մայրերը նոյնչափ հերոս են, որքան իրենց զաւակները: Անոնք որոշած են վերաիմաստաւորել իրենց կեանքը եւ նոր կեանք պարգեւել», ըսած է ան:

Ըստ անոր՝ պետութիւնը կը ֆինանսաւորէ զոհուած զինծառայողներու մայրերուն համար վերարտադրողական բժշկութիւնը` առանց սահմանափակումի։

Հայկական վերարտադրողական բժշկութեան միութեան նախագահ Էդուարդ Համբարձումեան յայտնած է, որ վերարտադրողական բուժումը երկար կը տեւէ` միջինը 1.5 տարի:

«Դիմողներուն իւրայատուկ մօտեցում կը պահանջուի թէ՛ բուժական, թէ հոգեբանական առումով: Դժուար փուլ է, որովհետեւ զոյգերը գերլարուած վիճակի մէջ են, առողջական խնդիրներ ունին, նոյնիսկ հետազօտութիւններէն ետք քաղցկեղ յայտնաբերուած է, սակայն կը յաղթահարենք», ըսած է Համբարձումեան: Ան ընդգծած է, որ պէտք չէ շտապել, անհրաժեշտ է հետեւողական աշխատիլ բոլոր կողմերուն հետ: