Պատմական Սեբաստիա Նահանգի Կիւրին Քաղաքի Հայկական Եկեղեցին Պիտի Վերանորոգուի


“Էրմէնիհապեր”․- Թուրքիոյ Սիւաս (Սեբաստիա) նահանգին մէջ գտնուող պատմական Հայաստանի Կիւրին (այժմ` Գիւրուն) բնակավայրի հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի, յայտնած է Թուրքիոյ Շինարարական հետազօտութիւններու եւ յուշարձաններու վարչութեան Սիւասի ղեկավար Օնուր Եըլտաղ:

Ըստ անոր` վերանորոգման համար նախատեսուած 3 միլիոն 984 հազար թրքական լիրան արդէն փոխանցուած է եւ 10 օրուան ընթացքին վերանորոգման աշխատանքները պիտի սկսին:

Վերանորոգման աշխատանքներուն մասնակցելու համար անհատներ ալ յայտ ներկայացուցած են: Այդ առիթով Եըլտաղ յայտարարած է, որ իրենք անհատներու կողմէ դիմումները ընդունելէ եւ բաւարարելէ ետք անոնց դրամաշնորհ պիտի տրուի եւ իրենք պիտի հետեւին կատարուած աշխատանքներուն:

Նշենք, որ Կիւրին բնակավայրը 20րդ դարու սկիզբը ունեցած է 3000 տուն բնակիչ, որմէ 1550ը` հայեր: Հայերը այստեղ զբաղուած են առեւտուրով, երկրագործութեամբ եւ արհեստներով: Բնակավայրին մէջ կար մէկ քարաշէն հայկական եկեղեցի եւ մէկ դպրոց: 1915ին Կիւրինի հայ բնակչութիւնը ենթարկուած է Ցեղասպանութեան` տարագրուած եւ բնաջնջուած: