Պարզաբանումներ Իրաքի Հաւրեզք Հայկական Գիւղի Վերաբերեալ Տարածուած Լուրերու Կապակցութեամբ


Պարոյր Յակոբեան


Լրագիրներէ կ’իմանանք, որ Տէյվիտ Ռիթթեր անունով անձնաւորութիւն մը փաստագրական ժապաւէն է նկարահանած Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող Հաւրեզք հայկական գիւղին վերաբերեալ եւ սկսեր է ցուցադրել արտասահմանեան մեր համայնքներուն մէջ: Նոյն ատեն ժապաւէնի տի.վի.տի.ի վաճառքի եկամուտէն գոյացած գումարին 30 տոկոսը պիտի փոխանցուի Հաւրեզք գիւղին:

Նաեւ, այլ յօդուածագիր մը` Ասպետ Քոչիկեան, երկար գրութիւն մը հրատարակած է «Իրաքեան Քիւրտիստանի մոռցուած հայերը» վերնագիրով, որ նոյնպէս շրջանառութեան մէջ է մեր մամուլին մէջ: Ու այսպէս, արտասահմանեան մեր մամուլը մէկը միւսին ետեւէն տպեր ու արտատպեր է թէ՛ ժապաւէնին վերաբերեալ լուրը եւ թէ՛ յօդուածը:

Դժբախտաբար, սակայն, թէ՛ Ռիթթերին պատրաստած ժապաւէնին մասին մամուլով տրուած լուրերուն բովանդակութիւնը եւ թէ՛ Ա. Քոչիկեանի յօդուածին մէջ կան բազմաթիւ անճիշդ եւ սխալ տեղեկութիւններ, որոնք պէտք չէ ըլլան, եթէ հարցին բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերուի:

Մենք վստահ ենք ու համոզուած, որ թէ՛ Տ. Ռիթթերը, եւ թէ Ա. Քոչիկեանը բարի կամեցողութեամբ եւ օգտակար ըլլալու մղումով է, որ իրենց աշխատանքները կատարած են, սակայն հոն սխալներ կան…

Յայտնի է, որ իրաքահայութեան վերաբերեալ եւ ի մասնաւորի հիւսիսային շրջանի Իրաքի Քիւրտիստանի մէջ ապրող հայութեան մասին անոնց քաղած տեղեկութիւնները հաւաստի աղբիւրներէ առնուած չեն, մաս մը անոնցմէ լրիւ չեն, եւ երբեմն` սխալ, թէեւ Տ. Ռիթթերը ժամանակ մը հոն ապրած է:

Հետեւաբար, որպէս լուսաբանութիւն, կը փափաքիմ հետեւեալ որոշ ճշդումներ ընել.

1.- Դժբախտաբար Տ. Ռիթթերի պատրաստած ժապաւէնը տեսած չեմ: Ինչ որ մամուլով տրուած է Հաւրեզքի մասին եւ հոն պահակ տղաքը կը ներկայացուին իբրեւ ՏԱՀԵՇի դէմ ելած հայկական ուժ մը, ճիշդ չէ:

Գիւղին պահակներով օժտելու որոշումը նոր չէ, ՏԱՀԵՇը տակաւին Մուսուլ հասած չէր եւ ոչ ալ Իրաքի մէջ գոյութիւն ունէին, երբ գիւղի պահանջին վրայ Պաղտատի առաջնորդարանին դասաւորումով, Սարգիս Աղաճանի գրասենեակը յանձն առաւ գիւղի երիտասարդներէն պահակներ դնելու եւ անոնց ամսականներ վճարելու, եւ այս եղաւ նաեւ շրջանի քրտական պատասխանատու մարմիններու հաւանութեամբ (նոյնն է պարագան շրջանի ասորական գիւղերուն):

Գիւղին պահակները քաջ ու նուիրեալ տղաք են, ազգասէր ու հայրենասէր, անոնց գործը միայն գիւղը պաշտպանելն է: Սխալ է այն տպաւորութիւնը ստեղծել, որ այդ խմբակը ՏԱՀԵՇի դէմ պայքարելու համար ստեղծուած է: Բնականաբար ներկայիս վիճակը փոխուած է, երբ ՏԱՀԵՇը շատ մօտ է շրջանին, այդ տղաքը պատրաստ են, թէեւ` իրենց տկար ուժերով, ինքնապաշտպանութեան դիմելու, եթէ հարկը ըլլայ: Լաւ կ’ըլլայ չուռճացնել անոնց գոյութիւնը` ի շահ գիւղի ապահովութեան…

2.- Հաւրեզք գիւղի մասին:

Նահր Օմար գաղթակայանը ցրուելէ ետք հոն մնացած ժողովուրդին համար Լեւոն փաշա Շաղոյեանը, որպէս գաղթականութեան կոմիտէի նախագահ, դիմում կը կատարէ անգլիական հոգատար իշխանութեան մօտ` ժողովուրդին հողատարածք մը  տրամադրելու խնդրանքով: Անգլիացիներու միջնորդութեամբ, Իրաքի նորակազմ պետութիւնը հաւանութիւն կու տայ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ հողատարածք մը տրամադրելու մեր ժողովուրդին ու այդ կ’ըլլայ Հաւրեզքի շրջանը: Ամայի շրջան մը, ոչ մէկ շինութիւն գոյութիւն ունեցեր է, եղած է քիւրտ քոչուորներու ոչխարներու արօտատեղիներ, թէեւ շատ կանուխ ժամանակներուն բնակելի վայր եղած ըլլալու է: Գաղթականներու առաջին խումբը, Գեղամ Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, գիւղ կը հասնին 1929 Հոկտեմբեր 18ին եւ Հոկտեմբեր 19ին առաջին տան հիմնարկէքը կը կատարեն, ու այսպիսով գիւղը կը հիմնուի (տեղեկութիւնները` Գեղամ Վարդանեանի «Ազգային տոմար» գիրքէն):

Ինչ կը վերաբերի Հաւրեզք գիւղի անունին, դժբախտաբար շատերը մեծ թիւրիմացութեան մէջ կը գտնուին: Ամէն մէկը, ըստ իր երեւակայութեան, կը թարգմանէ Հաւրեզք անունը: Մէկը «Հայ վրէժ» միւսը «Մեծ վրէժ», այսպիսով այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ հայեր անուանած են այդ գիւղը եւ ան ալ` որպէս վրէժ: Բոլորը նոյն սխալին մէջ են: Նախքան հայերուն հոն հաստատուիլը` վայրը արդէն Հաւրեզք անունը կը կրէր: Հայեր եկած եւ այդ շրջանին մէջ գիւղ հիմնած են: Պետական բոլոր արխիւները այդ կը վկայեն` մէջը ըլլալով Գեղամ Վարդանեանի պետութեան հետ ստորագրած պայմանագիրը:

1930ական թուականներուն գիւղը բաւական զարգացում կը կրէ, կ’ունենան իրենց դպրոցն ու եկեղեցին եւ այլն: Բաւական զարգանալով` շրջանի հայկական կեդրոնը կը դառնայ: Ժամանակի ընթացքին, սակայն, գիւղի երիտասարդութիւնը կամաց կամաց կը հեռանայ գիւղէն` նպաստաւոր գործ ճարելու համար, ի մասնաւորի երբ Իրաքի քարիւղի ընկերութիւնը դռները բացած` աշխատող ձեռքերու կարիքը ունէր: Սակայն գիւղը կը շարունակէ իր գոյութիւնը մինչեւ 1975, երբ քրտական շարժման պատճառով իրաքեան կառավարութիւնը շրջանի բոլոր գիւղերը պարպել կու տայ: Հաւրեզքի մնացորդացին ալ վարձատրելէ ետք կը ցրուէ: 2003էն ետք, երբ Քիւրտիստանը կը սկսի նոր թափով դէպի զարգացում թռիչք կատարել, բոլոր քանդուած գիւղերու բնակիչները վերադառնալ եւ իրենց տուները կառուցել կը քաջալերէ: 2005ին Պաղտատէն Շանթ Յարութիւնեան եւ քանի մը այլ ընտանիքներ առաջինը կ’ըլլան արդէն ամայի Հաւրեզք հասնողները եւ փլատակ դպրոցին մէջ կայք կը հաստատեն:

Այս միջոցին արդէն Սարգիս Աղաճան սկսեր էր հիւսիսային շրջանի ասորական բոլոր գիւղերը վերակառուցելու, եկեղեցիները վերանորոգելու եւ նիւթական օժանդակութիւններ կատարելու: Պաղտատի Ազգային առաջնորդարանը նման միջնորդութիւն մը ըրաւ Ս. Աղաճանի մօտ, եւ տարուան մը ընթացքին արդէն գիւղի ներկայի տուները շինուած էին, եւ մեր ժողովուրդը` Իրաքի բոլոր անապահով շրջաններէն հոն տեղաւորուած: Իրաքահայ թեմի Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը, փոխան թաղական խորհուրդի, հոն նշանակեց պատասխանատու յանձնախումբ մը` գիւղը կառավարելու նպատակով: Տակաւին, զիրար յաջորդող յանձնախումբերը կը գործեն միշտ առաջնորդարանի հովանիին ներքոյ:

Գիւղին մուխթար (թաղապետ, Ա.) կը նշանակուի Օհան Ճանոյեանը, ապա վերջին տարիներուն այդ պաշտօնը կը ստանձնէ Մուրատ Վարդանեանը, որ քրտական կուսակցութեան անդամ ըլլալով` ապահովութեան պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ:

Գիւղը ունի 110 տուն, որոնցմէ քանի մը հատը ասորիներ են: Բոլորը անխտիր Սարգիս Աղաճանի գրասենեակէն ամսական նիւթական օգնութիւն կը ստանան, առաւել եւս առաջնորդարանը պարբերաբար օգնութեան ձեռք կ’երկարէ: Եկեղեցի կառուցուեցաւ առաջնորդարանին միջնորդութեամբ` գերմանական բարեսիրական հաստատութեան մը կողմէ: Հոն պաշտօնավարող սարկաւագը, առաջնորդին դասաւորումով, Էջմիածին ղրկուեցաւ. անոր վերադարձէն ետք առաջնորդը զայն ձեռնադրեց քահանայ` գիւղին մէջ ծառայելու: Պետութիւնը բացած է դպրոց, ուր նաեւ հայերէն եւ կրօն կը դասաւանդուին, իսկ միջնակարգ եւ բարձր ուսանողներուն համար Ազգային առաջնորդարանը գիւղի յանձնախումբին փոքր պաս մը նուիրած է` ուսանողները Տհոք տանելու եւ վերադարձնելու համար, ինչպէս նաեւ` գիւղի անհրաժեշտ գործերուն համար օգտագործելու: Ուստի Պաղտատի առաջնորդարանը եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը մօտէն կը հսկեն Հաւրեզք գիւղի բոլոր անցուդարձերուն եւ նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն, որպէս պարտականութիւն, կը կատարեն:

Քիւրտիստանի պետութիւնը Հաւրեզք գիւղին կից շատ մեծ օդակայան մը կառուցելու սկսեր է (թէեւ ներկայիս գործերը դադրած են), անիկա պիտի ըլլայ հիւսիսային շրջանի մեծագոյն օդակայանը: Մտահոգութիւն կայ առաջնորդին եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան մօտ, որ Հաւրեզք գիւղը օդակայանի տարածքին մէջ գտնուելով` ցրուելու կամ ուրիշ վայր մը փոխադրելու որոշում տրուի: Ասիկա ազգային մեծ մտահոգութիւն է… Միւս կողմէ` առաջնորդը կ’աշխատի, որ նախապէս գիւղին պատկանող վար ու ցանքի մեծ հողատարածքները մեր գիւղացիներուն վերադարձուին, այն ատեն գիւղը իսկական իր գիւղական կեանքը կրնայ ապրիլ:

Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ Իրաքի Ազգային առաջնորդարանը Հայաստանի մէջ պատրաստել տուած էր 10 մեծ խաչքարեր, որոնք զետեղուեցան Իրաքի հայ համայնքներու բոլոր եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ: Հաւրեզք գիւղի մէջ ալ յուշարձան-խաչքար մը զետեղուեցաւ:

3) Ա. Քոչիկեան կը գրէ «Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հազարաւորներ Անատոլուէն հասան Մուսուլ, իսկ ուրիշներ շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Պաղտատ եւ Պասրա…»: Իրականութեան մէջ Իրաք հասած գաղթականները երկու ճամբով եկած են, մին Մուսուլի, եւ ոչ թէ` հազարներով, իսկ միւսը, որ գլխաւորն է, Վասպուրականէն դէպի Պարսկաստան, ապա Իրաք հասած է: Նախ Պաքուպա, ապա` Նահար Օմար, անգլիական բանակի կարգադրութեամբ, վրանաբնակ գաղթակայաններու մէջ տեղաւորուած:

4) Ըստ Ասպետ Քոչիկեանի, Աւզրուկ գիւղը կազմուած է ասորի եւ հայ բնակիչներէ, նոյնպէս սխալ է: Աւզրուկ գիւղը լրիւ հայաբնակ է, սակայն` քրտախօս, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ ունին իրենց գեղեցիկ եկեղեցին, թաղական խորհուրդը: Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ հոն ալ խաչքար-յուշակոթող զետեղուած է: Ոչ մէկ օտար հոն ապրած է:

5) Ա. Քոչիկեանի յօդուածին վերնագիրը` «Իրաքեան Քիւրտիստանի մոռցուած հայերը»… արդեօք խօսք կ’ուղղէ արտասահմա՞նի, թէ՞ Իրաքի մեր պատասխանատուներուն: Ինչ կը վերաբերի Իրաքի պատասխանատուներուն, թող Ա. Քոչիկեանը եւ բոլոր մեր մամուլի ընթերցողները լաւ իմանան, որ Իրաքի հայութիւնը լուրջ կազմակերպուած գաղութ մըն է` իր առաջնորդով, Ազգային Կեդրոնական վարչութեամբ եւ միութենական կառոյցներով, ոչ մէկ ատեն մոռցած է հիւսիս բնակող իր եղբայրները: Դէպքերու առաջին օրէն իսկ առաջնորդը, եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը յաճախ այցելած են շրջան ու կարողութեանց սահմանին մէջ թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական օժանդակութիւն կատարած: Առաջնորդարանի միջամտութեամբ, յաճախ շրջանի պատասխանատուներու դռները թակելով` անոնց կարիքներուն հասած, ոչ թէ հայկական երկու գիւղերուն համար միայն, այլ` Էրպիլի, Տհոքի, Զախոյի հայութեան վերաբերող բոլոր հարցերուն: Վերջին տարիներուն եկեղեցիներ ունեցանք Հաւրեզքի, Աւզուրի, Տհոքի, եւ վերջերս նոյնիսկ Քերքուքի մէջ, նոյնպէս` Էրպիլի մէջ, ուր շինարարական աշխատանքները լրացած չեն տակաւին:

Ուստի իրաքահայութեան համար երբեք մոռցուած չեն իր հիւսիսի եղբայրները:

Որպէս վերջաբան` պիտի խնդրէի բոլոր յօդուածագիրներէն իրենց տեղեկութիւնները հաւաստի աղբիւրներէ քաղելէ ետք հանրութեան ներկայացնել:

9 Յունուար 2017