Պետք է Համախմբուինք Ոչ Միայն Մեր Լոզունգներու, Այլ Նաև Այն Ապագայի Շուրջ, Զոր Կը Ցանկանք Կառուցել. Գանատայի Վարչապետ


 «Արմենփրես»,- Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը տիրոյթ է, ուր պետութիւնները կրնան լսել զիրար, եւ երկիրը այդ տիրոյթի լիիրաւ անդամ է` ըլլայ 99, թէ 9 միլիոն բնակչութեամբ, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակեպութեան 17րդ գագաթնաժողովի ընթացքին ըսաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ:

«Միասին մենք կրցած ենք ստեղծել տիրոյթ մը, ուր կ՛առաջնորդուինք իրարու հանդէպ յարգանքով, ուր մեր պետութիւնները կրնան զարգանալ, լսել զիրար ու այս ամէնը ֆրանսերէնով: Ձեր երկիրը ունենայ 99 միլիոն բնակչութիւն, թէ 9 միլիոն, դուք լիիրաւ անդամ էք այս կազմակերպութեան: Մենք պէտք է համախմբուինք ոչ միայն մեր լոզունգներու, այլ նաեւ այն ապագայի շուրջ, որ կը ցանկանք կառուցել: Այս գագաթնաժողովը կը կայանայ շատ կարեւոր ժամանակի մը մէջ: Մենք պարտաւոր ենք վերաիմաստաւորել միասին ապրելու մեր կարգախօսը, քանի որ մարտահրաւէրները կրնանք յաղթահարել միայն միասին ապրելու կարգախօսի տիրոյթին մէջ: Շատ քաղաքացիներ իրենք-զիրենք հեռու կը զգան համաշխահրայնացումէն: Կան շատ բնիկ ժողովուրդներ, որոնք նոյնպէս իրենց մոռցուած կը զգան ժամանակակից աշխարհի խոստումներէն: Սակայն ոչ մէկ երկիր չի կրնար  յաջողութիւններ արձանագրել առանց բոլորի մասնակցութեան` անկախ անոնց կրօնական ու այլ պատկանելութենէն: Ֆրանսախօս երկիրները դիրքաւորուած են լաւագոյնը ձեւով այս արժէքներու առաջամարտիկներ ըլլալու համար: 10 ամենաարագ զարգացող պետութիւններէն 5ը ֆրանսախօս պետութիւններ են», ըսաւ Թրիւտօ:

Գանատայի վարչապետը կարեւոր համարեց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ յատկապէս ափրիկեան երկիրներու ներկայացուածութիւնը:

«Ափրիկէն այսօր կը հանդիսանայ ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան շարժիչը` հաշուի առնելով բնակչութիւնը եւ զարգանալու արագութիւնը: Մեր պատասխանատուութիւնն է` մեր երիտասարդութեան հաւասար հնարաւորութիւններ ընձեռել սորվելու ու յաջողութիւններ արձանագրելու: Գանատան աշխոյժօրէն կը մասնակցի Մալիի մէջ ԱԿի գործառոյթներուն:  Այսօր կրնամ ուրախութեամբ արձանագրել, որ Մալիի մէջ կանանց իրաւունքներու հարցով յաջողութիւններ արձանագրուած են: Այնտեղ կը նուազի խտրականութիւնը: Սա մեր գործառոյթներէն մէկն է Ափրիկէի մէջ: Մենք ափրիկեան մայրցամաքի համար կը ցանկանք ըլլալ երկարաժամկէտ գործընկեր: Գանատան պիտի շարունակէ պաշտպանել Ֆրասախօս երկիներու կազմակերպութեան արժէքները, որոնք մարդու իրաւունքներն են», նշեց ան։

Ան անդրադարձաւ նաեւ Շարլ Ազնաւուրին` նշելով, որ որքան կը սիրէր զայն:

«Ինչպէս իմ գործընկերները, ես չեմ կրնար չարտայայտել իմ խոր կարեկցանքը մեծ մարդու` Շարլ Ազնաւուրի համար, զոր ես շատ կը սիրէի: Ամբողջ ֆրանսախօս աշխարհը համակուեցաւ յարգանքի տուրքով` ուղղուած Շարլ Ազնաւուրին: Շարլը մանրամասն կը տեսնէր մեր լեզուի ու մեր մշակոյթներու բոլոր նրբերանգները: Ես կը տեսնեմ նոյնը այստեղ եւս»,- ըսաւ ան:

Գանատայի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, Ֆրանսապօս երկիրներու կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանին ու ամբողջ հայ ժողովուրդին: