Պէտք է Դուրս Շպրտենք Թուրքիոյ Դեսպանը». Ծորակուտական Ճոն ՄքՔէյն Հանդէս Եկած է Կոչով


«Ասպարէզ»․- Ամերիկացի ազդեցիկ ծերակուտական, հանրապետական Ճոն ՄքՔէյն MSNBCին տուած հարցազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Մայիս 16ին Ուաշինկթընի մէջ էրտողանամէտ խումբին եւ Էրտողանի թիկնապահներուն ստեղծած ծեծկռտուքին`  կոչ ընելով դուրս շպրտելու Միացեալ Նահանգներու Մէջ Թուրքիոյ դեսպանը։

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած խաղաղ ցոյցին մասնակիցները թիրախ դարձած են խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու կատաղի յարձակման: Քանի մը վիրաւորներ արիւնաշաղախ տեղափոխուած են հիւանդանոց: Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ յարձակումը իրականացուցած են Էրտողանի թիկնապահները: Յարձակման հետեւանքով 9 մարդ վիրաւորուած է եւ տեղափոխուած հիւանդանոց, ըստ որոշ տեղեկութիւններու` 2 հոգի ձերբակալուած է:

«Մենք պէտք է Ամերիկայէն դուրս շպրտենք անոնց դեսպանը: Նման դէպքերը դիւանագիտօրէն պէտք չէ անպատասխան մնան: Անոնք սովորական մարդիկ չէին, անոնք Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցներն էին: Անոնցմէ մէկը կ՛ըսէ, որ երթան եւ հարուածեն խաղաղ ցուցարարներուն: Ի վերջոյ, անոնք ոտնահարեցին Միացեալ Նահանգներու օրէնքները: Նման դէպքեր չեն կրնար տեղի ունենալ Միացեալ Նահանգներու մէջ,  ուր ժողովուրդը իրաւունք ունի խաղաղ ցոյց ընելու, ինչպէս անոնք կ՛ընէին», յայտարարած է ան` նշելով, որ այս գործով պէտք է իրաւական գործընթացի սկսիլ:

Նշենք, որ Մքքէյն դէպքին անդրադարձած էր նաեւ իր Twitterի իր էջին` զայն որակելով «աւազակային վարքագիծ»: «Սա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն է: Նման բաներ այստեղ չենք ըներ: Չկայ ոչ մէկ արդարացում աւազակային նմանատիպ վարքագիծի համար», գրած էր ան: