Պէտք Չէ Անտեսել Ստեղծուած Հնարաւորութիւնը՝ Հայութեան Ներուժը Հայաստանին Ծառայեցնելու Համար. Արմէն Սարգսեան


Հայաստանը փոքր պետութիւն է, բայց համաշխարհային ազգ, հետեւաբար պէտք չէ անտեսել ստեղծուած հնարաւորութիւնը՝ հայութեան ներուժը Հայաստանին ծառայեցնելու համար: Այսպիսի տեսակէտ արտայայտած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Մայիսին ուղիղ տեսակապով ելոյթ ունենալով Լոս Անճելըսի մէջ ընթացող Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ուսումնարանի «Հայաստանը վաղը․ քաղաքացիական դիւանագիտութիւնը՝ գործողութեան մէջ» քննարկման:

Անդրադառնալով Հայաստանի վերջին ներքաղաքական զարգացումներուն՝ նախագահը բացառիկ եւ հրաշալի որակած է խաղաղ ցոյցերով, սեփական տեսակէտներն ու համոզումները արտայայտելու միջոցով քաղաքական համակարգ փոխելու հնարաւորութիւնը Հայաստանի մէջ: «Կը կարծեմ իբրեւ հայեր պէտք է հպարտանանք այն ամէնով, ինչին հասանք 2018 Ապրիլ-Մայիսին։ Ի հարկէ, ասիկա կը ստեղծէ մեծ ակնկալիքներ ամբողջ աշխարհի մէջ, ոչ միայն երիտասարդ հայերուն համար: Բայց առաջին հերթին երիտասարդ հայերուն կը ստիպէ հաւատալ, որ իրենք են տէրը այս երկրի, ապագայի, արժէքներու եւ ժառանգութեան: Երկրորդն ալ շատ կարեւոր է քաղաքացի ըլլալու, ապագայի համար պատասխանատու ըլլալու զգացումը», ընդգծած է Սարգսեան:

Ան ըսած է, թէ երբ իրեն առաջարկեցին դառնալ նախագահ, ինքը կը մտածէր, որ ունի 7 տարի տարբեր քննարկումներով մարդոց քաջալերելու՝ հասնելու այն բանին, որ մարդիկ իրենց քաղաքացի զգան՝ ազատօրէն կարծիք արտայայտեն, սեփական հաւատալիքներու համար պայքարին, որպէսզի ընտրութեան երթալու ժամանակ ըլլան ազնիւ ու պատասխանատու: Սակայն, ըստ նախագահին, 7 տարուան փոխարէն ատիկա տեղի ունեցաւ 7 օրուան մէջ:

Այս իմաստով Արմէն Սարգսեան շատ կարեւոր համարած է հայկական ներուժի օգտագործումն ու պահը չկորսնցնելը: «Հայաստանէն դուրս ապրող հայերէն շատերը շատ լաւ քաղաքացիներ են այն երկիրներուն մէջ, ուր կ՝ապրին, անոնցմէ շատերը միջազգային հանրութեան կողմէ յարգուած ու ճանչցուած գիտնականներ, գործարարներ, քաղաքական գործիչներ են եւ այլն: Ժամանակն է, որ բոլորը գիտակցին, որ Հայաստանը իրենց հայրենիքն է, իրենք այս պետութեանն կը պատկանին: Այս առիթը օգտագործելով՝ վերակառուցենք մեր երկիրը յանուն ապագայ սերունդներուն», նշած է Արմէն Սարգսեան:

Ան ընդգծած է, որ հայ ազգը բաւականաչափ հասուն եւ իմաստուն է, որ օգտուի այս պատմական հնարաւորութենէն եւ ինք լաւատես է: «Դուռը պէտք է բաց պահենք, որ իսկապէս բոլոր հայերը, որոնք կը կարծեն, որ հայրենիքին տալու բան ունին, հնարաւորութիւն ունենան իրենց գիտելիքը, ժամանակը, կարողութիւնը ներդնեն այս երկրին մէջ: Եթէ մենք այդ հնարաւորութիւնը փախցնենք, ես շատ պիտի տխրիմ», եզրափակած է ՀՀ նախագահը: