«Պիտի Ընենք Հնարաւոր Ամէն Ինչ, Որպէսզի Մեր Հայրենիքը Ըլլայ Աւելի Հզօր Ու Բարեկեցիկ», Նշեց Բակօ Սահակեան Արցախի Վերածնունդի 30ամեակին Առիթով


Ս․Սաղտըճեան


1988ի Փետրուարը Հայ ժողովուրդի համար դարձաւ անկիւնադարձային։  Փետրուար 12ին, Հադրութի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին հանրահաւաքը, որու մասնակիցները պահանջեցին Հայաստանի հետ Արցախի վերամիաւորումը:  Փետրուար 13ին, Ստեփանակերտի Լենինի հրապարակին վրայ, 40-50 հազար մարդ ցոյցի ելան։ Փետրուար 20ին, ԼՂԻՄ ­Մարզային ­խորհուր­դը ար­տա­հերթ նստաշր­ջա­նին որոշում ընդունեց՝ ԼՂԻՄը  դուրս բերել Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմէն եւ վերամիանալ մայր Հայրենիքին։ Նոյն օրը, Երեւանի մէջ, ի զօրակցութիւն արցախահայութեան, տեղի ունեցաւ բազմահազարանոց հանրահաւաք։ Ատկէ ետք՝ ցոյցերը չդադրեցան։

Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան «Առաւօտ» թերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կը նկարագրէ այդ ժամանակ ժողովուրդին տրամադրութիւնը, ըսելով, որ այդ օրերուն զարմանահրաշ մթնոլորտ կը տիրէր, կարծես թէ ամբողջ  ազգը մէկ շունչ, մէկ հոգի դարձած էր: Մարդիկ պատրաստ էին ամէն ինչով նպաստելու համազգային նպատակի իրագործման: «Ես կը յուզուէի, որովհետեւ ատիկա իմ սպասած հայ ազգն էր` ազնիւ, բարի, մաքրամաքուր: Այն տպաւորութիւնն էր, որ կարծես Սուրբ հոգին իջած էր եւ տարածուած բոլորի հոգիներուն մէջ: Սա կը խօսի նաեւ այն մասին, որ մեր նպատակը իրօք ազնիւ էր եւ Աստուած մեզի հետ էր», կ՝ըսէ առաջնորդ սրբազանը:

Ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի պահանջին՝ Ազրպէյճան կազմակերպեց հայերու ջարդերը Սումգայիթի, Պաքուի, Գանձակի, Շամխորի եւ այլ շրջաններու մէջ։

Վրայ հասաւ պատերազմը: Արցախահայութիւնը՝ իր թիկունքին ունենալով ողջ հայութեան զօրակցութիւնը՝ ո՛չ միայն ցոյցերով, այլ նաեւ զէնքով նուաճեց իր անկախութիւնը։ 1991ի Սեպտեմբեր 2ին Լեռնային Ղարաբաղը հռչակեց Անկախութիւն, որ  վաւերագրուեցաւ նոյն թուականի Դեկտեմբեր 10ին կայացած հանրաքուէով։

Այս տարի լրացաւ Արցախեան ազատագրական շարժման 30ամեակը։  Փետրուար 20ը, որ կը կոչուի նաեւ Վերածնունդի օր, Արցախի մէջ նշուեցաւ մեծ շուքով։ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ․ ցուցահանդէսներ, համերգ, գիտաժողով, երթ եւ հանրահաւաք: Հաւաքի ընթացքին, նախագահ Բակօ Սահակեան հանդէս գալով շնորհաւորական ուղերձով՝ ըսաւ․ «Երեք տասնամեակ առաջ, այս օրերուն, համայն հայութիւնը համախմբուեցաւ, դարձաւ մէկ բռունցք` ողջ աշխարհին ազդարարելով սեփական բնօրրանին մէջ ազատ ու անվտանգ ապրելու համար մաքառելու իր պատրաստակամութեան մասին: ․․․ եւ այս շարժման պսակը դարձաւ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումը»:

Երեւանի մէջ, Փետրուար 20ին, Ազատութեան հրապարականին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք։ Հրապարակին վրայ կը ցուցադրուէին այդ տարիներու ցոյցերու լուսանկարներ եւ պաստառներ։

Հաւաքին ներկայ  տիկ․ Էմման կը վերյիշէ առաջին ցոյցերը, որոնց ինք ալ մասնակցած էր։ «Այն ժամանակ բոլորս մէկ էինք, բոլորիս պահանջքը մէկ էր, մենք մեզի ուժեղ կը զգայինք, որովհետեւ բոլորս միասին մէկ նպատակի համար կը պայքարէինք», կ՛ըսէ ան։

Խօսք առաւ Արամ Մանուկեան, որ շեշտեց, թէ 30 տարի առաջ այս հրապարակը ցնցեց ամբողջ աշխարհը։ Այս հրապարակին վրայ սկսաւ շարժում, որ սկզիբ դրաւ Սովետական կասրութեան քայքայման։ Ղարաբաղեան շարժումը առաջնեկն էր ամբողջ արեւելեան Եւրոպայի ազատական շարժումներուն։ Ան առաջինն էր իր կազմակերպուածութեամբ, իր մարդկայնութեամբ, իր երկարակեցութեամբ եւ առաջինն էր իր արդիւնքով։

Այլ մասնակից մը կը վերյիշէ, ինչպէս տեղեկացաւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին։ «Այն ժամանակ կ՛աշխատէի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ։ Մեր հիմնարկի ղեկավարը՝ պր․ Արզումանեանը, մեզ՝ աշխատողներս, ներս կանչեց, փակեց դուռը, որ մարդ չլսէ։ Ետեւի դռնէն քարտէս մը բերաւ եւ ցոյց տուաւ Ղարաբաղի տեղը։ Մեզի բացատրեց, որ հիմա ԼՂԻՄի վիճակը շատ դժուար է եւ համաշխարհային պատերազմի պէս բան մը կրնայ տեղի ունենալ, բայց մենք պիտի պայքարինք։ Այդպիսով մենք ալ փողոց ելանք»։ Արմաւիրցի Էդգարը կը վստահեցնէ, որ Արցախը մերը եղած է եւ մերն ալ պիտի մնայ։ Հիմա երկու հանրապետութիւն կ՛ունենաք, թէ մէկ՝ կարեւոր չէ։ Կարեւոր չէ նաեւ, թէ ով է այսօրուան իշխանութիւնը, կամ վաղը ով պիտի ըլլայ։  «Ո՛չ մէկ փոխզիջում կ՝ընդունինք։ Մենք դեռ Արեւմտեան Հայաստանի հողերը ետ պիտի բերենք, մենք դեռ Նախիջեւան ունինք, դեռ Արցախի ամբողջը մեզի չէ», պահանջատիրական ոգիով կ՛ըսէ ան։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ հաստատեց, որ «արդէն 30 տարիէ ազրպէյճանական լուծը թօթափած ազատ Արցախը կը զարգանայ առաջանցիկ կշռոյթով` թէ՛ տնտեսապէս, թէ՛ քաղաքականապէս, թէ՛ մշակութապէս»: Իսկ նախագահ Բակօ Սահակեան վերահաստատեց, որ բոլորս հաստատակամ ենք եւ պիտի ընենք հնարաւորը, որպէսզի վաղուան օրը ըլլայ յուսալի, մեր հայրենիքը` աւելի հզօր ու բարեկեցիկ:

Երեք տասնամեակ ետք՝ Արցախի Հանրապետութիւնը առաջ կը շարժի իր ժողովրդավարական հիմնարկներով, իր ամրակուռ բանակով, վճռակամ ու իր հողին վրայ ամուր կանգնած բնակչութեամբ։

Արցախի Հանրապետութիւնը իր դիւանագիտութեամբ կը փորձէ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան, Ստեփանակերտը ջանքեր կը գործադրէ միջազգային ճանաչման համար, կապեր կը հաստատէ եւրոպական կառոյցներու, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներու, ամերիկացի քոնկերսականներու հետ։ Այսօր Արցախը իրողապէս (տէ ֆաքթօ) անկախ պետութիւն է  եւ ջանքեր կը գործադրէ իրաւամբ (տէ ժուրէ) ճանչցուելու համար։