Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահի Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան Մարտ 15ին


«Ակօս»․- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մարտ 15ին: Ընտրութիւններուն արդիւնքները պիտի յայտարարուին նոյն օրը:

Տեղապահի ընտրութիւններուն համար ներկայացուած է երեք հոգեւորականի՝ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք․ Պէքչեանի, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք․ Աթէշեանի եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս․ Մաշալեանի թեկնածութիւնը:

Ընտրութիւններուն ժամանակ քուէարկութիւնը պիտի իրականացուի դռնփակ` պատրիարքարանի 30 հոգեւորականու կողմէն: Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահ պիտի ընտրուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ առաւելագոյն ձայները:

Ընտրուած տեղապահը պիտի ղեկավարէ նոր պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման գործընթացը, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլայ պատրիարքարանի փաստացի ղեկավարը՝ մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը:

Տեղապահի ընտրութենէն ետք՝ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան պիտի ձգէ փոխանորդի իր պաշտօնը: