Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան Վախճանած է


“Ժամանակ”,- Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ, այսօր կէսօրին, վախճանած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան։ 

Սրբազան Պատրիարքը  աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կը տառապէր «տեմանս»է եւ երկար ժամանակէ ի վեր բուսական կեանք կ՚ապրէր։ Ան 1998 թուականին բարձրացած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ դժբախտաբար իր գահակալութեան շրջանը բաւական կարճ եղած էր՝ անբուժելի հիւանդութեան հետեւանքով։ 

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը սպասուի Մարտ 17ին

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն տեղեկացուցած են, որ Պատրիարքը  սրտի վաթուածէն մահացած է։ 

Աւազանի անունով Մինաս, ծնած է 16 Յունիս 1956ին, Պոլսոյ մէջ։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Եսայեան վարժարանին մէջ։ 1968-1973 թուականներուն յաճախած է Նշանթաշի անգլիական վարժարանը ։ 1973-1975 ուսանած է Շթութկարտի Ամերիկեան քոլեճի գեղարուեստի եւ պատմութեան բաժնին մէջ։ 1975-1979 ուսումը շարունակած է ԱՄՆ Թենըսի նահանգի Մեմփիսի պետական համալսարանին մէջ` հետեւելով ընկերաբանութեան ու փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն։

1979-1982 ուսանած ու պաշտօնավարած է Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանին մէջ։

1988-1989՝ Հռոմի «Ս. Թովմա Աքուինացի» համալսարանին մէջ։ Ստացած է մագիստրոսի աստիճան՝ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց աստուածաբանութեան մասնագիտութեամբ։ 2003ին Ուաշինկթընի «Սեն Մերի» համալսարանէն՝ պատուաւոր դոկտորի կոչում։

 1979ին Բերայի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ` վերանուանուելով Մեսրոպ աբեղայ։ 1983ին՝ կը ստանայ վարդապետական գաւազան, 1986ին՝ ծայրագոյն վարդապետական գաւազան։ Նոյն տաիրին Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի մէջ կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Վազգէն Ա․ կաթողիկոսի, 1992ին կը ստանայ արքութեան պատիւ։

Նախքան պատրիարք ընտրուիլը եղած է Պոլսոյ պատրիարքութեան դիւանապետ, կրօնական ժողովի ատենապետ, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատրիարքական փոխանորդ։

14 Հոկտեմբեր 1998ին Պատգամաւորական ժողովին կողմէ կ՛ընտրուի Կ. Պոլսի հայոց 84րդ պատրիարք։

Մեսրոպ պատրիարք երթեւեկի արկածի մը կ՚ենթարկուի 1 Փետրուար 2004ին, Անթալիոյ մերձակայ Սաքլըքենթի մէջ։ Մանր վնասուածքներէն դուրս, կը վնասուի քիթն ու սրունքը։

2008 թուականէն սկսեալ Մեսրոպ Մութաֆեան կը կորսնցնէ յիշողութիւնը եւ կը տառապի անբուժելի հիւանդութեամբ (frontotemporal demans)։ Ան կը շարունակէ մնալ պատրիարք, սակայն պատրիարքութիւնը կը ղեկավարէ իր ընդհանուր փոխանորդը՝ Արամ Արք․ Աթէշեան։