Պոլսոյ Նահանգապետարանը Կը Միջամտէ Պատրիարքական Ընտրութիւններուն


«Ակօս»․- Մարտ 15ին կայացաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընտրութիւններու առաջին քայլը՝ տեղապահի ընտրութիւնը:

Տեղապահ ընտրուեցաւ Գերմանիոյ առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան: Պոլսոյ նահանգապետարանը, սակայն, միջամտեց պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացին՝ տեղապահի ընտրութիւնները համարելով «իրաւականօրէն» անընդունելի:

Ընտրութիւններու արդիւնքները յայտարարուելէ ետք, Արամ արք. Աթէշեան լրագրողներուն եւ ներկաներուն բաժնած է Պոլսոյ նահանգապետարանէն ստացուած գրութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելը իրաւականօրէն անհնա՛ր է:

Հակազդելով նահանգապետարանի այս միջամտութեան, նորընտիր տեղապահը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր ան նշած է, որ Արամ արք. Աթէշեան ու Սահակ եպս. Մաշալեան պատրիարքութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ պիտի այցելեն նահանգապետարան:

Մաշալեան յոյս յայտնած է, որ ի վերջոյ կը յաղթանակէ կրօնական եւ խղճի ազատութիւնը: Ան ընդգծած է նաեւ, որ եկեղեցական օրէնքներով Արամ Աթէշեան այլեւս փոխանորդ չէ: «Աթէշեանի հրաժարականով ամէն բան կը կարգաւորուի: Հրաժարականի պարագային կը վերջանայ նաեւ փոխանորդութիւնը», ըսած է ան:

Ստեղծուած իրավիճակի շուրջ «Ակօս» շաբաթաթերթը զրուցած է Աթէշեանի հետ: Ան յայտնած է, որ նահանգապետարանի միջամտութեան վերաբերեալ պատրիարքարանը յայտարարութիւն պիտի չընէ: Տեղապահ ընտրուած արք․ Պեքճեանի եւ կրօնական խորհուրդի ատենապետ Սահակ եպս․ Մաշալանի դիտարկաման, թէ Աթէշեանի` պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարական ներկայացնելու պարագային խնդիրը կը հանգուցալուծուի, Աթէշեան պատասխանած է. «Հրաժարական տալու մտադրութիւն չունիմ»:

Արքեպիսկոպոսը յայտնած է, որ հրաժարական կու տայ «Յովակիմ 1461» հիմնադրամի նախագահի պաշտօնէն` նշելով. «Այս հիմնադրամը ես ստեղծած էի հոգեւորականներուն օգնելու համար: Սակայն չափէն շատ բամբասանքներ կան: Այդ պատճառով ալ հրաժարական կու տամ»: