Պրազիլի Սան Միկել Արքանժօ Քաղաքը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը


«Արմենփրես»․- Պրազիլի Սան Միկել Արքանժօ քաղաքը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին տեղեկացուցած է Պրազիլի մէջ առեւտուրի հայկական պալատի հիմնադիր Սարգիս Քարամէքեան: «Մարտ 21­ին քաղաքը ընդունած է օրէնք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին: Ցաւօք, մինչեւ այժմ Պրազիլ դաշնային օրէնքով չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մենք այդ ուղղութեամբ աշխոյժ կ՛աշխատինք, առայժմ յաջողութիւնները քաղաքային մակարդակով են: Յառաջիկային նոյնպէս Պրազիլի տարբեր քաղաքներու կողմէ ճանաչումներ կը սպասուին»,­ ըսած է Սարգիս Քարամէքեան: Անոր փոխանցմամբ` քաղաքի պաշտօնական օրացոյցին մէջ այսուհետեւ Ապրիլ 24­ը պիտի յիշատակուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան օր: Օրէնքին մէջ կը նշուի, որ 1915ին հայերու նկատմամբ կատարուածը ցեղասպանութիւն է:

Քաղաքի իշխանութիւնները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են հայ համայնքին եւ նշած, որ Ապրիլ 24­ին յիշատակի ձեռնարկներ կազմակերպելու պարագային պիտի ապահովեն բոլոր անհրաժեշտ պայմանները:

 Քաղաքի խորհուրդին կողմէ ընդունուած օրէնքը ստորագրած է քաղաքապետ Փաուլօ Ռիքարտոն: Օրէնքի հեղինակն է պատգամաւոր Ժիու Սալիս Ալպաքի:

Սարգիս Քարամէքեան նշած է, որ իրենք նպատակ ունին յառաջիկային քաղաքին մէջ տեղադրել խաչքար` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: