Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի Դարպասը» Շարժանկարը Ցուցադրուեցաւ Երեւանի Մէջ


«Արմենփրես»,- Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» շարժանկարին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 17-ին Երեւանի «Կինոպարկ» սրահին մէջ: Ցուցադրութեան ներկայ եղաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Շարժանկարը նուիրուած է Արցախեան պատերազմին, գործողութիւնները կը ծաւալին 2016 թուականին: Նկարահանումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի, Արցախի եւ Լիթուանիոյ մէջ: Համաարտադրող երկիրներն են՝ Հայաստանը, Լիթուանիան, Գերմանիան, Ֆրանսիան, ԱՄՆ-ն, Պուլկարիան, Չեխիան եւ Իտալիան: Դերասանականները օտար եւ հայաստանցի յայտնի դերասաններ են: Շարժանկարը պիտի ցուցադրուի ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի մէջ, իսկ հետագային պիտի մասնակցի միջազգային փառատօններու:

Ջիւան Աւետիսեան նախապէս «Արմենփրես»ին տուած հարցազրոյցի մը ժամանակ յայտնած էր, որ  ֆիլմի ստեղծման ընթացքին ունեցած են բազմաթիւ դժուարութիւններ։ «Հայաստանի մէջ ֆիլմ նկարահանելը, այն ալ` արցախեան թեմայով, բաւական բարդ է թէ՛ ֆինանսական, թէ՛ քաղաքական առումով: Այս անգամ եւս հարեւան պետութիւնը (Ազրպէյճանը-Թ․) փորձեց խոչընդոտել արտասահմանեան դերասանական եւ ստեղծագործական կազմի մասնակցութիւնը ֆիլմին եւ արտասահմանեան նկարահանումներուն, որ դժուարացուց եւրոպական կողմի ֆինանսական աջակցութեան հարցը: Այո, մեր հարեւանները մեզ փորձած են խոչընդոտել, բայց մենք հոսանքին հակառակ առաջ ընթացանք եւ այսօր արդէն ունինք մեծ արդիւնք: Ֆիլմի թիրախային հանդիսատեսը ամբողջ աշխարհն է, ուստի մենք ֆիլմ կը ստեղծենք միլիոնաւոր մարդոց համար», ընդգծած էր Աւետիսեան: