«Փիսօն գէշ երազ կը տեսնէ» գիրքին կողքը
Նիու Եորքի «Ռոսլին» հրատարակչութիւնը, որ յայտնի է իր «Նարնիայի Քրոնիկները» արեւմտահայերէն շարքով, վերջերս հրատարակեց «Փիսօ» նկարազարդ գիրքերու շարքին առաջին գիրքը՝ «Փիսօն գէշ երազ կը տեսնէ»։
ՓԻՍՕ-ն մանկական նոր կերպար մըն է, որուն շարուակաբար պիտի հանդիպինք իր նորանոր պատմութիւններուն եւ ապրումնրու ընդմէջէն…
Առաջին հատորին մէջ, Փիսօն գիշերը գէշ երազ կը տեսնէ ու շատ կը վախնայ: Մայրիկը կը գրկէ Փիսօն ու կը հանդարտեցնէ: Փիսօն դարձեալ մշիկ-մշիկ քուն կը մտնէ իր փափուկ արջուկ Տուտույին հետ:
Հեղինակ եւ նկարազարդող Աննա Իսաբեկեան իր նախափորձին մէջ շատ եզակի բան կը կատարէ: Ան մանուկներու համար գրուած իր գիրքին մէջ շատ պարզ ձեւով կը ներկայացնէ, թէ Փիսօն շատ սարսափելի երազ տեսաւ, բայց ան չի մտներ այս մղձաւանջին մանրամասնութիւններուն մէջ: Մանրամասնութիւնները կը ձգէ, որպէսզի ծնողքն և փոքրիկը քննարկեն: Այսպիսով, գիրքը կրնայ ծառայել որպէս ելակետ, որ փոքրիկը ծնողներուն հետ սկսի նկարագրելու իր զգացումները:
Արևմտահայերէն տարբերակին մէջ, զոր խմբագրած է Նանոր Միքայէլեանը, օգտագործուած է շատ պարզ ու հասկնալի բառապաշար: Այս հատորը հիանալի է երկու և աւելի բարձր տարիքի երեխաներու կողմէ բարձրաձայն ընթերցանութեան համար։ Իսկ բառերը և արտայայտութիւնները ընտրուած են այնպէս, որ վեց տարեկան փոքրիկը կրնայ զանոնք հեշտութեամբ ընթերցել:
PISO- ն ոչ միայն լրացում մըն է արևմտահայերէն մանկական գրականութեան մէջ, այլ նաեւ իր գեղեցիկ նկարազարդումներով, հաճելի արձակ գրութեամբ եւ ներազդող նիւթով համաշխարհային մակարդակի բովանդակութիւն է՝ Առնոլտ Լոպելի, դոկտոր Սեուսի, Ճիաննի Ռոտարիի և Դավիթ Խերդեանի մակարդակին: