Ռոտ Այլընտի Օրէնսդիրները Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Մասին Բանաձեւ Ընդունած Են


«Արմինըն Ուիքլի»․- Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընդի Ներկայացուցիչներու պալատը Ապրիլ 13ին ընդունած է Պալատի անդամ Քեթրին Քազարեանի ներկայացուցած բանաձեւը, որմով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ու հրէական Հոլոքոսթը:

Պալատի խօսնակ Նիքոլաս Մաթիելոն կարդացած է միաձայն ընդունուած բանաձեւին աջակցող ներկայացուցիչներուն անունները: Խօսնակը նշած է, որ հակառակ պատմութեան ողբերգական էջերուն` հայկական ու հրէական համայնքները իրենց աւանդը ունեցած են Ռոտ Այլընդ նահանգի զարգացման մէջ:

Վերջերս նահանգին մէջ հաստատուած է դպրոցներուն մէջ Հոլոքոսթի ու ցեղասպանութիւններու, որոնց շարքին Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան ուսումնասիրութիւնը: