Ռուսիա Հայաստանին Նոր Սպառազինութիւն Պիտի Մատակարարէ


«Սփութնիկ»․- Ռուսիա մտադիր է 2017ին Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան գործընկեր երկիրներուն նոր սպառազինութիւն մատակարարել, յայտնած է Ռուսիոյ ռազմաարհեստագիտական համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան ղեկավար Տմիթրի Շուկաեւ:

«2017-ին Ռուսիա պիտի կը շարունակէ պաշտպանողական զինամթերքի մատակարարումները` Հայաստանի, Պելառուսիոյ եւ Ղազախստանի հետ կնքած համապատասխան պայմանագիրներուն: Խօսքը առաջին հերթին ուղղաթիռներու, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու, ինչպէս նաեւ զրահապատ մեքենաներու մասին է», ըսած է Շուկաեւ:

Հայաստան Ռուսիայէն սպառազինութիւն կը գնէ նաեւ Հայաստան-Ռուսիա 200 միլիոն միջպետական վարկի ծիրէն ներս։  

«Մատակարարումը կ՛իրականացուի առանց ուշացումներու, նոյնիսկ որոշ զինատեսակներու մատակարարումը կը կատարուի ժամանակէն շուտ», ըսած է պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան: