Սառա Անջարգոլեան Նշանակուած է Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակի Ղեկավար


ԵՐԵՒԱՆ,- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրամանագիր ստորագրած է Սառա Անջարգոլեանը սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար նշանակելու մասին:

Սառան ծնած է Լոնտոն, մասնագիտութեամբ իրաւաբան է եւ լրագրող։ Ան Impact Hub Yerevan–ի համահիմնադիրներէն է:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 14-ին Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար նշանակուած էր Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը։