Սարդարապատի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100ամեակը


Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ յուշահամալիր այցելած հիւրերու հետ մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակին նուիրուած` «Յաղթանակի դար» խորագիրը կրող տօնակատարութեան: 

Վարչապետը ծաղկեպսակ դրաւ Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցանեց: Զօրահանդէսի մասնակիցները ողջունելէ եւ Պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերթը ընդունելէ ետք վարչապետ Փաշինեան պաշտպանութեան նախարարի ուղեկցութեամբ միջոցառման մասնակիցներու հետ կատարեց զինտեսակներու ստուգատես: Սարդարապատի յուշահամալիրի մէջ ցուցադրուած էին հայկական զինուժի ինչպէս գերճշգրիտ, գերժամանակակից, այնպէս ալ թանգարանային նմուշի զինատեսակներ, որոնք մասնակցած են Սարդարապատի հերոսամարտին: 

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ զինուորական շքերթ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերի 100ամեակին: Շքերթը կը ներկայացնէր պետականութեան հարիւր տարուան երեք ռազմական յաղթանակները:

Միջոցառման վարչապետը շնորհաւորական ուղերձ յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակի առթիւ:

Ան իր ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշեց․ «Մայիսի 28ը ճակատագրական շրջադարձ էր Հայաստանի համար: Ի հարկէ, ատիկա կարգավիճակի փոփոխութիւն էր միայն, բայց այդ կարգավիճակը հայ ժողովուրդը ոչ թէ նուէր ստացաւ ինչ-որ մէկէ, այլ նուաճեց իր քրտինքով ու արիւնով»:

«Հերոսական այս ճակատամարտերու նշանակութիւնը աներեւակայելի է: Այդ ինչպէ՞ս կրցաւ ցեղասպանութեան ենթարկուած, սուրի քաշուած, թալանուած ու ոչնչացման եզրին կանգնած հայ ժողովուրդը յաղթել թրքական բանակին: Արդեօք ատոր համար կայի՞ն ընկերա-տնտեսական, ռազմաքաղաքական նախադրեալներ: Ոչ, եւ երիցս` ոչ: Պրագմատիզմի ու սառը հաշուարկի տեսակէտէ հայ ժողովուրդը չունէր յաղթելու ոչ մէկ առիթ, ոչ մէկ հնարաւորութիւն: Բայց մենք յաղթեցինք, որովհետեւ սթափեցնող արթունութեամբ մը հասկցանք, որ մեր էութիւնը անապատներ քշուիլն ու կոտորուիլը չէ, որ մեր երակներով կը հոսի Մեսրոպ Մաշտոցի արիւնը, մեր երակներով կը հոսի Արտաշէս արքայի, Վարդան Մամիկոնեանի արիւնը», ըսաւ ան:

Անոր խօսքով, հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ այդ վերջին 400 տարիներու ընթացքին յոյսը դրաւ ոչ թէ ուրիշներուն, այլ իր վրայ, որովհետեւ ունէր Արամ Մանուկեանի պէս նուիրեալ առաջնորդ, հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ  որոշեց յաղթել:

«Հայ ժողովուրդը յաղթեց, եւ ատկէ ետք հայ ժողովուրդը յաղթած է բոլոր այն պարագաներուն, երբ որոշած է, որ պէտք է յաղթէ, երբ հաւատացած է ինքն իրեն, իր մտքին, իր բազուկին, իր անցեալին ու ապագային: Սա է մեր ժողովուրդի յաղթանակի բանաձեւը, մենք պիտի յաղթենք բոլոր այն պարագաներուն, երբ որոշենք յաղթել, եւ մեր յոյսը դնենք մեր, ոչ թէ ուրիշներու վրայ, երբ չընկրկիք որեւէ դժուարութեան առաջ, երբ սիրենք, անսահման սիրենք հայրենիքն ու զիար», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Ելոյթը ամբողջութեամբ այստեղ: