«Սարդարապատ» եւ «Շուշի» Պարախումբերը Հալէպահայութեան Հրամցուցին Փունջ Մը Աւանդական եւ Ժամանակակից Պարեր


«Գանձասար»․- Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերը  այս տարի եւս հալէպահայութեան հրամցուցին փունջ մը աւանդական ու ժամանակակից պարեր:

Սեպտեմբեր 24ին զոյգ պարախումբերը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գարմէն Էֆէեանի ու Վրէժ Թէրզեանի, տարուան առաջին իրենց ելոյթով խանդավառեցին հանդիսատեսը:

Սուրիական եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիական Հայրենիքի բոլոր նահատակներուն յիշատակը: Ապա բացման հայերէն եւ արաբերէն խօսքերով Պէթի Քիլէրճեան եւ Սալբի Թիւֆէնքճեան յայտնեցին, թէ զոյգ պարախումբերը կու գան ողջունելու հալէպահայութիւնը, սկսելու նորն ու գեղեցիկը, շարունակելու Համազգայինի աւանդը: Անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին թէ Համազգայինը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան եւ հայկական պարային աւանդութիւնները գնահատելով կը փոխանցէ զանոնք  նորահաս սերունդին՝ երաշխաւորելու անոր գոյատեւումը:

Յայտագիրը կ’ընդգրկէր հայկական, արաբական եւ օտար պարեր:  Հայկական պարերու ընթացքին պարախումբի հայուհիները նուրբ ու նազանի շարժումներով  հանդիսատեսը կը տեղափոխէին հայկական աշխարհ, կարծէք աշնան զեփիւռը ըլլային անոնք, իսկ տղաքը, խրոխտ շարժումներով, հայ  կեանքէն ներս տղամարդուն ժիր եւ աշխոյժ դերը կը մարմնաւորէին:

Կ’ըսուի թէ «Չարերը երգ չունին, իսկ հոգուով տկարները՝ պար»:  Այս ելոյթին ընթացքին պարախումբին մաս կազմող հալէպահայ երիտասարդներն ու պարման պարմանուհիները ապացուցեցին, թէ այնքան ատեն որ վառ կը մնայ հայու ոգին, հայկական արուեստը չի խամրիր: Հայկական պարերու շարքին մաս կը կազմէին ազգագրական պարերը, (ժամանակակից) «Քոչարի»ն եւ  «Եաման եար», «Իլիկներ», «Մեր Պարերը», «Էնզելի» ստեղծագործութիւններուն վրայ բեմականացած պարեր:

Յիշեալ պարերու կողքին անպատճառ իրենց տեղը ունէին արաբական հայրենասիրական պարերը: Պարող պատանիներն ու մանուկները բեմը կրկնակի ճոխացուցին օտար՝ իտալական, պարսկական, վրացական, հնդկական եւ «Սալսա» պարերով: Անոնց իւրայատուկ եւ հրապուրիչ տարազներն ու շարժումները, հակառակ մանր-մունր մանկական վրիպումներով, ջերմ ծափողջոյններու արժանացան:

Օրուան հանդիսավար Պէթի Քիլէրճեան բանաստեղծական ընտիր մէջբերումներով, հաճելի առոգանութեամբ ու հմայիչ իր ներկայութեամբ հարստացուց յայտագիրը՝ վեր առնելով հայ արուեստի անկորոյս արժէքները:

Ելոյթի ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբերու  2017 տարեշրջանի նախապատրաստական փորձերն ու նախկին ելոյթները:

Աւարտին խօսք առաւ Տէր Յուսիկ Քհնյ. Սեդրակեան: Ան բարձր գնահատեց զոյգ պարախումբերուն ելոյթը երկրի այս պայմաններուն մէջ, ապա  դրուատիքով անդրադարձաւ այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները Համազգայինին կը վստահին՝ անոնց մէջ վառ պահելու հայկական մշակութային արժէքները:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով: