Սարդարապատ Յուշահամալիրի Մէջ Զետեղուեցան Արամ Մանուկեանի Եւ Նիկոլ Աղբալեանի Կիսանդրիները


Մայիս 31- ին տեղի ունեցաւ բացումը «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութիւնը Ֆրանսական Դիւանագիտական Արխիւային Վաւերագրերում» ժամանակաւոր ցուցահանդէսը՝ Սարդարապատ հերոսամարտի յուշահամալիրի Հայոց Ազգագրութեան եւ Ազատագրական Պայքարի Պատմութեան Թանգարանէն ներս, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պարոն Ժոնաթան Լաքոտի:

Ցուցահանդէսի ժամանակ տեղի ունեցաւ նաեւ Գանատահայ արուեստագէտ եւ հասարակական գործիչ Յակոբ Ճանպազեանի քանդակած՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն կերտող Արամ Մանուկեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրիներու պաշտօնական բացումը, ձեռամբ դեսպան Լաքոտի եւ արուեստագէտի հարազատներու:

Իր ելոյթին ժամանակ, դեսպանը կարեւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան երկարամեայ բարեկամութիւնը եւ շարունակական համագործակցութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսացի ժողովուրդին հետ: Ան մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Դրիանի վերջերս կատարած այցին եւ անոր ներկայութեան Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիրէն ներս հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը խորհրդանշող աղբիւր-յուշարձանի բացման:

Բացման արարողութեան ժամանակ նաեւ խօսք առաւ Սարդարապատ հերոսամարտի Յուշահամալիրի Հայոց Ազգագրութեան եւ Ազատագրական Պայքարի Պատմութեան Թանգարանի եւ Մուսա լերան Հերոսամարտի Պատմութեան եւ Մուսալերցիներու Ազգագրութեան Թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակեսեանը: Իր խօսքէն յետոյ, պարոն Արիստակեսեանը թանգարանին կողմէ դեսպան Լաքոտին յանձնեց Զօրավար Մովսէս Սիլիկեանի դիմանկարով զարդարուած արծաթեայ յուշանուէր մը: