Սերժ Թանքեան Կը Յայտարարէ «7 Ձայնանիշ» Երաժշտական Մարտահրաւէր-Մրցոյթը


Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեան երաժշտական մրցոյթ-մարտահրաւէր յայտարարած է:

«Շատեր ինծի կը հարցնեն, թէ ուրկէ՞ կու գայ երաժշտութիւնը, ուրկէ կու գան երգերը: Ես խորապէս կը հաւատամ, որ անոնք կու գան հաւաքական գիտակցութենէ: Անոնք ոեւէ արուեստագէտի մէջ չեն: Իւրաքանչիւր երգ կը սկսի գաղափարէ մը կամ հնչիւնէ մը», յայտնեց Թանքեան «ԵուԹիւպ»ին վրայ տեղադրուած հոլովակին մէջ:

Մարտահրաւէրը, ըստ երաժիշտին, շատ պարզ է. «Դուք ունիք 7 ձայնանիշ (նօթ), որոնցմով պէտք է սկսիք, ուրեմն, ձեր ստեղծագործութեան առաջին 7 ձայնանիշը պէտք է ըլլան այդ 7 նօթաները: Դուք կրնաք անոնցմով ճազ կամ ռոք երգ գրել, կամ սիմֆոնիկ երաժշտութիւն։ Անիկա երեք վայրկեանէն աւելի երկար պէտք չէ ըլլայ: Մնացածը դուք կ՛որոշէք: Ես Սերժ Թանքեանն եմ եւ ասիկա իմ մարտահրաւէրն է՝ ես կու տամ ձեզի 7 նօթ իսկ դուք ինծի կու տաք ձեր լաւագոյն ստեղծագործութիւնը», յայտարարեց երաժիշտը:

«7 ձայնանիշ» երաժշտական մարտահրաւէրին յաղթողը պիտի ստանայ 5000 տոլար: