Սերժ Սարգսեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ․ Փաշինեան Կը Յայտարարէ Ժողովրդական, Թաւշեայ Յեղափոխութեան Մեկնարկը


Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընտրուեցաւ ՀՀ վարչապետ:

Սարգսեանի օգտին քուէարկեց 77, դէմ՝ 17 պատգամաւոր: Նշենք, որ նիստի մեկնարկին արձանագրուած էր 91 պատգամաւոր:

Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էին ՀՀԿ եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները: 

Յիշեցնենք, որ Սահմանադրական փոփոխութիւններով առաջին անգամ է, որ վարչապետը խորհրդարանին կողմէ կ՛ընտրուի:

Կառավարութիւնը կը կազմաւորուի վարչապետ նշանակուելէն ետք` տասնհինգօրեայ ժամկէտի մէջ: Նոր օրէնսդրական կարգաւորումներով կառավարութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ վարչապետէ, առաջին փոխվարչապետէ, երկու փոխվարչապետէ եւ 17 նախարարներէ: Ներկայիս նախարարներուն թիւը 18 է, պիտի կրճատուի Միջազգային տնտեսական համարկումի եւ բարեփոխումներու նախարարութիւնը:

Մինչ Ազգային Ժողովին մէջ տեղի կ՛ունենար յատուկ նիստ, դուրսը՝ Երեւանի կեդրանական փողոցներուն մէջ շարունակուեցան բողքի ցոյցերը՝ ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան։

Նիկոլ Փաշինեան՝ վարչապետի ընտրութեան եւ Սերժ Սարգսեանի ելոյթին զուգահեռ՝ ելոյթ ունեցաւ Ազգային ժողովի մօտ հաւաքուած քաղաքացիներուն առջեւ: Հայաստանի մէջ, Փաշինեանի խօսքով, հաստատուած է յեղափոխական վիճակ: «Ես կը յայտարարեմ ժողովրդական, ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան մեկնարկը», ըսաւ ան: Մասնակից քաղաքացիներէն խնդրեց պետական համակարգի ողջ աշխատանքը անդամալուծել, գերատեսչական շէնքերը շրջափակել, հնարաւորութեան պարագային` այնտեղ նստացոյց ընել: 

Նիկոլ Փաշինեան կնոջ եւ որդիին հետ։

Նիկոլ Փաշինեան եւ ցուցարարները պետական շէնքերու շրջափակումը սկսան Գլխաւոր դատախազութենէն․ գլխաւոր մուտքը փակելէ ետք խումբ մը ցուցարարներ շարժուեցան շէնքի յետնամաս, զայն ամբողոջուին շրջափակելու եւ ելքերը փակելու համար:

Ցուցարարները՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ։

Ցուցարարները քայլերթով մօտացան Վազգէն Սարգսեան փողոցի մէջ գտնուող Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնք: Անոնք նախարարութեան աշխատակիցներուն կոչ ըրին միանալու իրենց պայքարին: «Ազատ, անկախ Հայաստան», «Միացեք» կանչերուն նախարարութեան` պատշգամներէն նայող որոշ աշխատակիցներ ծափողջիւններով պատասխանեցին: Ցուցարարներէն քանի մը կամաւոր պիտի հսկեն նախարարութեան շէնքի դուռը եւ փակ պահեն զայն: «Ոչինչ պէտք է վնասել, սակայն դուռը պէտք է փակ մնայ», յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:

Ցուցարարները հասան Պետական եկամուտներու կոմիտէի շէնք: Փաշինեանի յորդորով որոշ ցուցարարներ փակեցին կոմիտէի մուտքի 3 դռները, որպէսզի աշխատակիցները չկարենան շէնքէն դուրս գալ: Հաւաքի մասնակիցները ՊԵԿի աշխատակիցներուն յորդորեցին գործադուլ ընել: Փաշինեան մուտքերը հսկող ցուցարարներուն ըսաւ` եթէ պետական շէնքերուն դռները բացուին` անոնք մտնեն շէնք եւ այնտեղ նստացոյց ընեն:

Ցուցարարները երթով հասան Կեդրոնական դրամատուն: Փաշինեան կոչ ըրաւ քաղաքացիներուն քանի մը հոգիով արգելափակել մայր դրամատան դուռը, որմէ ետք երթի մասնակիցներէն մաս մը հասան Արդարադատութեան նախարարութեան, միւս մասը` Արտաքին գործոց նախարարութեան մուտքի մօտ: Երկու նախարարութեան շէնքերուն բակը հաւաքուած ցուցարարները գործադուլի կոչ ըրին նախարարութեան աշխատակիցներուն:

Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ոստիկանութիւնը քաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ ցուցարարներ բերման կ՛ենթարկէ: Ժամը 14-ի դրութեամբ, բերման ենթարկուածներուն թիւը արդէն հասած է 80-ի:

Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ 18:30-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի ըլլայ հանրահաւաք: Ան յոյս յայտնեց, որ ասիկա պիտի ըլլայ ամենամարդաշատ հանրահաւաքը Հայաստանի անկախութեան պատմութեան մէջ:

Ցուցարարները նստարաններով եւ փողոցի մէջտեղը կանգնելով փակած են Հանրապետութեան հրապարակին կից բոլոր փողոցները:

Ոստիկանները կը հսկեն Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, Առողջապահութեան, Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններու, Քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի շէնքի տարածքները: