Սեւան Նշանեան՝ “Հոգիդ Պէտք է Ազատ Ըլլայ”


Յուլիս 14ին թրքական լրատուամիջոցները արձագանգեցին թրքահայ մտաւորական, գրող ու գործարար Սեւան Նշանեանի համացանցային այն գրառումին, որ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ երեքուկէս տարի մնալէ ետք ինք փախուստի դիմած է:

Արկածախնդրական այս հաղորդումէն շատ չանցած` յայտնի դարձաւ, որ չորեքշաբթի, 26 յուլիսին ան դիմում ներկայացուցած է Յունաստանի Հանրապետութեան ապաստան հայթայթող պետական մարմինին, ուրկէ ապահոված է Յունաստանի մէջ կեցութեան վեցամսեայ առժամեայ արտօնագիր:

Նշանեան թրքական դատարանին կողմէ դատապարտուած էր 17 տարուան բանտարկութեան` ապօրինի շինարարութեան եւ հարկերէ խուսափելու  ամբաստանութեամբ, սակայն թէ՛ ինք, թէ՛ իրեն սատարողները վստահ են, որ տրուած որոշումը քաղաքական բնոյթ եւ հիմք ունի:

Աթէնք իր ժամանման առիթով «Ազատ Օր»-ի խմբագրութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցաւ անոր հետ` փորձելով լոյս սփռել թրքահայ մտաւորականին դէմ գործուած հալածանքներուն եւ թրքական իշխանութիւններուն հետ անոր անընդհատ ունեցած խնդիրներուն շուրջ:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Պրն. Նշանեան, ե՞րբ առաջին անգամ զգացիք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները քաղաքական խնդիր ունին ձեզի հետ, եւ որո՞նք էին պատճառները:

ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆ.- 42 տարի առաջ էր… Այն ժամանակ ես սկսած էի գրութիւններ հրատարակել ձախակողմեան ամսագիրներու մէջ, ուր բաւականին արմատական տեսակէտներ կը յայտնէի: Այն ատեն էր, երբ առաջին անգամ Թուրքիոյ պետութեան ուշադրութիւնը գրաւեցի: 1980 թուականին «Պիրիքիմ» (որ կը նշանակէ` կուտակում) ամսաթերթը, որ այն ժամանակ Թուրքիոյ ամենակարեւոր մտաւորական-ձախակողմեան ամսաթերթն էր, իմ մէկ գրութեանս հրատարակութեան պատճառով արգիլուեցաւ: Ապա, 1986-ին, երբ զինուորական ծառայութեան մէջ էի, իմ ընկերոջս հետ ձերբակալուեցանք եւ բանտարկուեցանք երեք ամսուան համար` այն ամբաստանութեամբ, որ բանակին մէջ յեղաշրջում ուզած ենք յառաջացնել եւ թուրք ազգը վիրաւորած ենք: Շատ մեծ խնդիր ծագած էր, որովհետեւ ընկերս` Ազիզ Նեսինին Թուրքիոյ ամէնէն նշանաւոր համայնավար գրողին զաւակն էր: Ուրեմն կը հաղորդուէր, որ ինք եւ նշանաւոր հայը թրքական բանակը քանդել կը ջանան…

Յիշեմ նաեւ, որ 1985-ին արդէն ծանօթ էի իբրեւ Թուրքիոյ մէջ համակարգիչներու «Քոմոտոր» նոր մոտելի (բնօրինակ) մը հիմնադիրը եւ պատասխանատուն:

Անկէ առաջ ալ, 1970-ին ձեռնարկած էի Մարքսի «Grundrisse» գիրքի թրքերէն թարգմանութեան, իսկ 1998-ին «Փոքր հիւրանոցներ» գիրքի հեղինակը ըլլալով, հռչակի արժանացած էի` երկրի այլընտրանքային զբօսաշրջութեան մէջ նորաձեւ ու կարեւոր համակարգ մը ծանօթացնելով:

«Ա. Օ.».- Բանտի պայմաններուն մէջ, երբ որ յարմարութիւններ ստեղծուեցան ձեզի համար, ձեր մտքերը եւ քննադատութիւնը շարունակեցիք ծայրայեղ իսլամականութեան դէմ: Իշխանութեանց ուղղութիւններուն յարմարելու որեւէ տրամադրութիւն չցուցաբերեցիք: Կրնա՞նք ըսել, որ Սեւան Նշանեանը անվախ անձ մըն է:

Ս. Ն.- Կ՛ըսեն, թէ Սեւան Նշանեանը անվախ է: Դժուար է ինծի համար այս հարցումին պատասխանել: Անշուշտ կը վախնամ որոշ բաներէ: Բայց այն, որ մարդիկ կը վախնան շատ բաներէ, ինծի համար անխելքութիւն է: Եթէ պարզ դիտես հարցերը, վախնալիք բան մը չկայ:

Մարդոց վախը երբեմն կը հասնի շատ մեծ աստիճանի: Երբ բաց աչքերով կը նայիս այդ վախերուն, անոնք անիմաստ կը դառնան: Այս է իմ տարբերութիւնս, կը կարծեմ:

«Ա. Օ.».- Ե՞րբ զգացիք, որ յոյս չկայ ազատ արձակուելու եւ որոշեցիք բանտէն փախչիլ:

Ս. Ն.- Գրեթէ երկու տարի առաջ էր, երբ այս որոշումը տուի: Այս երկու տարուան ընթացքին բազմաթիւ պետական անձեր յոյսերով լեցուցին, թէ պիտի օգնեն, որպէսզի ազատ արձակուիմ: Որովհետեւ կա՛ն շատեր, որոնք կը հաւատան, թէ Սեւան Նշանեանը արժէքաւոր մարդ է, եւ անարդար է անոր բանտ մնալը: Անպայման լուծում պիտի գտնենք, կ՛ըսէին ինծի: Ես շատ չհաւատացի այդ խոստումներուն: Բայց ընկերներս ըսին, որ համբերեմ, քիչ մը սպասեմ: Սակայն աւելի վերջ յայտնի եղաւ, որ բան մը պիտի չընեն, աւելի ճիշդ` այն զգացումը ունեցայ, որ օրինական, կանոնաւոր լուծում չունին, կամ կարելիութիւն չունին:

«Ա. Օ.».- Ազատութեան պայմաններուն մէջ մաղթեցիք` «տարոսը 80 միլիոնին»: Կ՛ուզէ՞ք բացատրել իսկական իմաստը ձեր այս արտայայտութեան:

Ս. Ն.- Թուրքիան հսկայ բանտ մըն է. հսկայ խենթանոց մը եղած է: Օրէնքներ չկան, արդարութիւնը փճացած է, հազարաւոր անձեր անիմաստ պատճառներով բանտարկուած են:

Ըլլա՛յ համալսարաններուն մէջ, ըլլա՛յ մամուլին մէջ ուրիշ տեսակ ահաբեկում մը կայ: Անկարելի է խօսիլ քաղաքական հարցերու մասին եւ անկարելի է գիտնալ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ հետեւանքը որեւէ քայլի, թէ` ատիկա օրինակա՞ն է, թէ՞ ոչ: Օրէնքի սահմանները կորսուած են: Ուրեմն Թուրքիան հսկայ բանտի մը վերածուած է, եւ կը յուսանք, որ այս կացութիւնը երկար չի տեւեր: Ես կը յուսամ, որ պիտի կարենամ Թուրքիա վերադառնալ, եթէ այս վարչակարգը վերջ գտնէ:

«Ա. Օ.».- Արդէն անցած է մէկ տարի` Թուրքիոյ մէջ պետական հարուածի փորձէն ետք, բայց դեռ կը շարունակուին քաղաքական ճնշումները եւ բանտարկութիւնները: Ի՞նչ է պատճառը:

Ս. Ն.- Ես չեմ հաւատար, որ իրական պետական հարուած մը կար անցեալ տարի: Բեմագրութիւն մըն էր ատիկա` պատրաստուած իշխանութիւններուն կողմէ: Եւ այդ գործածեցին «մեծ մաքրութեան» գործողութիւն մը կատարելու համար: Մէյ մը որ սկսիս ճնշումով կառավարել, ետքայլ չես կրնար ընել:

«Ա. Օ.».- Ո՞րն է աւելի մեծ վտանգը թուրք քաղաքացիին եւ երկրին համար ընդհանրապէս: Աճող իսլամ ծայրայեղականութի՞ւնը, թէ՞ զինուորական համակարգը եւ ազգայնամոլութիւնը:

Ս. Ն.- Հաւասար են երկու վտանգները: Կը կարծեմ, որ ազգայնամոլութիւնը եւ զինուորական համակարգը քիչ մը աւելի մեծ են:

«Ա. Օ.».- Պոլսոյ հայկական համայնքին հետ ի՞նչ են ձեր յարաբերութիւնները:

Ս. Ն.- Քիչ են: 25 տարի է, որ Պոլիսէն հեռու կ՛ապրիմ,  պզտիկ գիւղի մը մէջ, ուր միակ հայը ես եմ: Իսկ ատկէ առաջ, 10 տարի Ամերիկա էի: Պոլսոյ հայ համայնքին հետ կապս 40 տարիէ ի վեր տկարացած է: Անձնական յարաբերութիւններ ունիմ:

«Ա. Օ.».- 2016-ին բանտարկուած վիճակի մէջ ստացաք Հայաստանի Հանրապետութենէն «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանը: Կը զգա՞ք, որ ձեր կողքին են Հայաստանի հասարակութիւնը եւ մտաւորականութիւնը: Կապ կը պահէ՞ք հայրենիքին հետ:

Ս. Ն.- Հայաստանի կառավարութիւնը եւ մտաւորականութիւնը մեծ ուժ եւ օգնութիւն տուին ինծի, երբ որ բանտարկուեցայ: Շատ յարաբերութիւն չունէի անկէ առաջ: Բայց ինչ որ ըրին, շատ արժէքաւոր էր: Կը զգամ մեծ երախտագիտութիւն եւ կ’ուզեմ առաջին առիթով Հայաստան այցելել:

«Ա. Օ.».- Քանի մը օր առաջ Յունաստանէն քաղաքական ապաստան խնդրեցիք: Ո՞ւր հասած է այս հոլովոյթը: Ո՞րն էր պատճառը, որ մեր երկիրը ընտրեցիք:

Ս. Ն.- Հինէն ի վեր Յունաստանի հանդէպ սէր եւ մօտիկութիւն ունիմ: Շատ անգամ այցելած եմ Յունաստան եւ մասնաւորաբար` Եգէականի կղզիները, որ շատ մօտ են իմ գիւղիս: Դիմացէն կը տեսնեմ, շատ հեռանալ չեմ ուզեր իմ գիւղէս, որովհետեւ ինծի համար կեանքիս կեդրոնն է Շիրինճէ գիւղը, եւ անոր մօտ մնալ կը նախընտրեմ: Արդէն 6 ամսուան համար տրուած է ինծի առժամեայ ապաստանութեան իրաւունք, եւ կը յուսամ, որ 6-7 ամիսէն պիտի կարենամ ստանալ քաղաքական ապաստան:

«Ա. Օ.».- Որո՞նք են ձեր ծրագիրներն ու աշխատանքները, զորս կը մտածէք իրականացնել` շարունակելով ձեր կեանքը Յունաստանի մէջ:

Ս. Ն.- Առաջինը` որոշ գործեր եւ գիրքեր ունիմ ձեռքիս տակ եւ կ՛ուզեմ քանի մը ամիս ինքզինքս մեկուսացնել եւ գիրքերուս վրայ աշխատիլ: Երկրորդ` Թուրքիոյ մէջ հիմա հարիւրներով ակադեմիկոսներ կամ համալսարանականներ կան, որոնք վախի մէջ են եւ կ՛ուզեն աւելի ազատ մթնոլորտի մէջ գործել: Անոնց համար կ՛ուզեմ տեսակ մը դպրոց մը հիմնել, կրնայ ըլլալ` Սամոս կղզիի վրայ: Մեծ յոյսս այդ է: Ատոր մասին աշխատիլ, քանի մը հոգիով միանալ եւ հետագային նոյնիսկ կարելի է մեր գիւղին մէջ գործունէութիւն ծաւալելով` ասիկա միացնենք դէմ-դիմաց:

«Ա. Օ.».- Շիրինճէի մէջ ձեր աշխատանքը ի՞նչ եղած է: Ի՞նչ է ձեր պատկերացումը:

Ս. Ն.- Շիրինճէ գիւղին մէջ հին պատմական տուները նորոգելով եւ մեծ պարտէզներու մէջ նոր գիւղական շատ պարզ տուներ կառուցելով, վերանորոգելով կամ նոր շինելով` հիւրանոց մը հիմնած ենք: «Նշանեան օթել» է անունը: Այդ աշխատանքը կը տանի իմ նախկին կինս: Երեք զաւակներս ալ հոն են, եւ հիւրանոցը կը շարունակէ կանոնաւորապէս աշխատիլ:

Շիրինճէ գիւղէն քիչ մը դուրս ալ ուսողական գիւղ մը կազմած ենք ընկերոջս` Ալի Նեսինին հետ, որ Թուրքիոյ ամէնէն նշանաւոր ուսողն (mathematician) է:

Ասիկա ամառնային դպրոց-հաստատութիւն մըն է, որ ներկայիս կը գործէ ամբողջ տարուան ընթացքին: Շատ մեծ յաջողութիւն արձանագրած հաստատութիւն է. անոր քով կազմած ենք փիլիսոփայութեան հիմնարկ մը եւ թատրոնի դպրոց:

Ապագային կրնայ հնագիտական բաժանմունք մըն ալ աւելնալ: Հոն կը համախմբուին բոլոր մտաւորականները, եւ կրթական ու կազմակերպական ամէնէն բարձր եւ յառաջդիմական մակարդակը ունի: Այդ պատճառով ալ մեծ թիւով ուսանողներ կու գան շատ մը շրջաններէ եւ այլ երկիրներէ: Ազատ գաղափարներ ունեցող մարդիկ կ՛ուզեն Շիրինճէ գալ: Այս օրերուս, մէկ շաբթուան ուսումնարան մը կազմակերպուած է Պղատոնի մասին: Վաթսունի մօտ աշակերտներ, վարժապետներ, զեկուցաբերներ կը մասնակցին: Համալսարանի մակարդակի ամառնային դպրոցը, ուսողութեան դպրոցը կը համախմբէ յիսունի մօտ նշանաւոր ուսուցիչներ, որոնք աշխարհի չորս կողմերէն կու գան դաս տալու:

«Ա. Օ.».- Սեւա՛ն, ի՞նչ կ՛ուզէիր իբրեւ պատգամ յղել բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են քեզմով եւ կը զօրակցին քեզի:

Ս. Ն.- Ազատութիւնը արտաքին պայմաններուն հետ կապ չունի: Հոգիդ պէտք է ազատ ըլլայ: Բանտը շատ մեծ տարբերութիւն չ՛ըներ: Բանտի մէջ կրնաս շարունակել ազատ ըլլալ: Կարեւորը` գիծը պահելն է: